Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անգարա Նշանակեց Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Լուծման Իր Յատուկ Ներկայացուցիչը

December 16, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Turkey appoints envoy to Armenia to normalise ties

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու լուծման համար յատուկ ներկայացուցիչ նշանակեց Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչը: Այս մասին յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու, որ 2008-2010 թուականներուն Պէյրութի մօտ Թուրքիոյ դեսպան էր, 2010-2012ին՝ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, 2012-2014` Թոքիոյի, 2014-2021ին Ուաշինկթընի մօտ Անգարայի դեսպանը:

Պաշտօնական Երեւան տակաւին չյայտարարեց, որ ով պիտի ըլլայ Հայաստանի բանագնացը Անգարայի մօտ:

Միացեալ Նահանգները ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարաբերութիւններու լուծման գծով ձեռնարկուող քայլերը:

«Մենք կ՛ողջունենք եւ վճռականօրէն կ՛աջակցինք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հայաստանի արտաքին գործոծ նախարարութեան յայտարարութիւններուն՝ կարգաւորման գործընթացին համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու վերաբերեալ», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած գործընթացները:

«Մենք կը մեկնինք այն երեւոյթէն, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր իրավիճակի բարելաւման, բարեդրացիութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման թէ՛ տարածաշրջանին մէջ եւ թէ ժողովուրդներուն միջեւ: Այս առումով կ՛ողջունենք Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին ցուցաբերուող՝ երկկողմ երկխօսութեան սկսելու տրամադրուածութիւնը` յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցները քննարկելու համար», նշեց Զախարովա:

Անդրադառնալով երկու երկիրներուն կողմէ ներկայացուցիչներու նշանակման՝ Զախարովա ըսաւ, որ այդ մէկը տրամաբանական եւ ողջամիտ քայլ է: «Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ամէն ձեւով աջակցելու այդ գործընթացին», եզրափակեց Զախարովա:

Previous Post

«Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Ենթակառուցուածքներու Վերականգնումը Պէտք Է Ըլլայ Բոլոր Երկիրներու Ինքնիշխանութիւնը Յարգելով»․ Շարլ Միշել

Next Post

A Message For Taiwan In US Withdrawal From Afghanistan? – Analysis

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.