ՆՈՒԱՐԴ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ- ՄԱՏՈՅԵԱՆ
Մեր «Հայկական» Մականունները,
Ունին Իրենց Կեանքի Պատմութիւնը
Ինչպէս ամէն ապրող էակ, ունի իր կեանքի պատմութիւնը,
իր կենսագրութիւնը, այդպէս ալ մեր «հայկական»
մականունները ունին իրենց պատմութիւնը:
Ա.- Ինչո՞ւ մեր մականունները «հայկական» չեն:
Առաջին հերթին պէտք է յիշել, թէ այս մականունները
թրքական լուծին տակ ապրած հայերուն կեանքի
պատմութիւնն է:
Թշուառութեան մէջ գալարուած ժովովուրդի մը անցած ճանապարհն է:
Ազգեր ու ժողովուրդներ թրքացնելու փանթուրքիզմի ծրագրուած
քաղաքականութեան արդիւնքն է:
Հետեւաբար այսօր կարելի է հաստատել՝ թէ ոչ հայկական
մականունները գոյութեան փաստն է՝ բռնագաղթուած ժողովուրդի մը,
որ բռնի ուժով արմատախիլ եղաւ իր հայրենի հողէն:
Այդ մականունները, Երիտթուրքերու գործադրած Հայոց
Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած, սփիւռքացած, վերապրող հայութեան
անհերքելի կենդանի ապացոյցն է:
Ժողովուրդ, որ կը շարունակէ իր պայքարը տիրանալու
իր իր արդար իրաւունքներուն, ապրելու իր հայրենի հողին վրայ,
իր տոհմական ազգանուններով:
Բ.- Թէ ե՞րբ հաստատուեցաւ մականուններու գործածութիւնը
Թուրքիոյ տարածքին:
Այս առնչութեամբ պէտք է յիշել, թէ դարեր շարունակ թուրք
ազգի մէջ գոյութիւն չունէր ազգանուան գործածութիւնը:
Սկսած ամենանշանաւորէն մինչեւ յետին թուրքը, իրենց
պաշտօնական վաւերագիրներուն մէջ կը կոչուէին
սոսկ իրենց անուններով:
Յետագային Թուրքիոյ մէջ ազգանուան գործածութիւնը պարտադիր
կերպով կը սկսի Մ. Քեմալի օրով, իր սահմանած օրէնքով:
Մականունները կը կոչուին հիմք ունենալով՝ ծննդավայրը, ապրած
քաղաքը, արհեստներն ու մակդիրները:
Ժամանակին հայրենադարձ լեզուաբաններ, որոշ բարեփոխումներ
կատարեցին իրենց մականունները հայացնելու համար:
Ահա թէ ինչու Սփիւռքի մեր պատմութիւնը բազմաշերտ է:
Այն ինչ պատմագէտէն կը պահանջէ ունենալ պատմական
մտածողութիւն, ըմբռնելու իրողութիւնները իրենց
պարունակին մէջ:
Որքան ճշմարտացի էր մեծ լեզուաբան, Ակադեմիկոս Գ. Ջահուկեանը
երբ կ՜ըսէր՝ « Հայերէն չգիտնալը հայուն յանցանքը չէր,
այլ դժբախտութիւնը»:
Ինչպէս որ այս մականուններն ալ հայուն պատմական, դժբախտ
ճակատագրին հետեւանքն է…: