ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
12 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ¬ի անդամ պետութիւններու ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական նիստին մասնակցող Ռուսիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսով պատասխանելով Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ Ազրպէյճան ստանայ ՀԱՊԿ¬ի դէտի կամ գործընկերոջ կարգավիճակ, յայտնեց. «Ատիկա միայն Ազրպէյճանին չի վերաբերիր: ՀԱՊԿ¬ը միշտ պիտի ողջունէ համագործակցութիւնը Խորհրդային Միութեան բոլոր նախկին հանրապետութիւններուն հետ: Մենք ժամանակին մէկ ընտանիք եղած ենք: Մենք հասարակաց շատ բան ունինք»:
Պորիսով միայն վերահաստատեց այն իրողութիւնը, թէ Մոսկուան ցանկութիւն ունի խորհրդային նախկին հանրապետութիւնները դարձեալ մէկ երդիքի տակ հաւաքելու: Այդ ցանկութիւնը նորութիւն մը կամ գաղտնիք մը չէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դեկտեմբեր 2012¬ին Տապլինի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ժամեր առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արդէն յայտարարած էր. «Գոյութիւն ունի շրջանը վերախորհրդայնացնելու քայլ մը: Ատիկա պիտի չկոչուի այդ անունով: Մաքսային միութիւն պիտի կոչուի, Եւրասիական միութիւն եւ այդպիսի բաներ պիտի կոչուի: Բայց չսխալինք, գիտե՛նք նպատակը ինչ է»:
Ռուսիոյ Տուման 24 յուլիսին վաւերացուց ՀԱՊԿ¬ի կանոնադրութիւնը փոխող երկրորդ եւ երրորդ արձանագրութիւնները: Վերջինիս հիմամբ կը նախատեսուի ՀԱՊԿ-ի դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակ շնորհել կազմակերպութեան անդամ չեղող երկիրներու, ինչոր Հայաստանի համար կը բարձրացնէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` ՀԱՊԿ-ի նիստերուն մասնակցութեան ուրուականը, մանաւանդ այդ երկու երկիրներուն Ռուսիոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններուն լոյսին տակ: Հայաստանի Ազգային ժողովը 11 օգոստոսին իր կարգին վաւերացուց այդ արձանագրութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ ՀԱՊԿ¬ի մէջ որոշումները կ՛որդեգրուին միաձայնութեամբ, այժմ պահն է ճշդելու Ռուսիոյ ցանկութեան բաւարարման` ՀԱՊԿ¬ի մէջ Ազրպէյճանին կարգավիճակ շնորհելու համար Հայաստանի պահանջելիք գինը: Կը խօսուի շարք մը ընտրանքներու մասին, օրինակ` Ռուսիոյ կողմէ երկարաժամկէտ աժան գինով կազի տրամադրման մասին, ինչ որ համարժէք չէ եւ մանաւանդ դիւրաւ շրջելի է, իսկ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին հիւլէական մարտագլխիկի տրամադրումը միջազգայնօրէն խիստ խնդրայարոյց է եւ անիրատեսական:
Այս բոլորին մէջ, սակայն, գոյութիւն ունի հասցէատէրի շփոթ մը: Ռուսիոյ ցանկութեան բաւարարման գինը Ռուսիայէն չէ, որ պէտք է պահանջուի, այլ ինքնին Ազրպէյճանէն: Այդ գինը պէտք է ըլլայ անշրջելի: Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուժի կիրարկման բացառման որեւէ խոստում, թէկուզ միջազգայնօրէն ամրագրուած, անարժէք է եւ ոչ վստահելի: Այդ անշրջելի գինը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը: