Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անդրադարձ` Ի՞նչու եւ Ինչպէս Կը Գործեն Օտար Կազմակերպութիւնները…

April 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
     ՊԱՅՔԱՐ՝ Յանուն Մարդկութեան Եւ Արդարութեան

ՆՈՒԱՐԴ   ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Ի՞նչու օտար կազմակերպութիւններ սկսան գործել Հայաստանի տարածքին:

Քաաղաքականութեան մէջ նոր գործելաոճ մը չէ, երբ մեծ պետութիւնները օգտուելով երկրի մը իրավիճակէն, քաղաքական , հասարակական եւ տնտեսական դժուարութիւններէն, իրենց որդեգրած մարդասիրական ու ժողովրդավարական կարգախօսները կը փորձեն ծառայեցնել քաղաքական նպատակներ ու ծրագիրներ իրականացնելու այդ շրջաններուն մէջ:

Քաղաքական այդ ուղեգիծին համաձայն, համաշխարայնացումի դարաշրջանի պահանջներուն հետ քայլ պահելու նպատակով, օտար կազմակերպութիւններ եկան Հայաստան:

Այդ ծրագիրները, արտաքուստ դրական նպատակներ հետապնդող գործելակերպով, հրապարակ կ՜իջնեն հայրենասիրական լոզունգներով ինչպէս՝ «Պատմութիւն եւ Ինքնութիւն » «Պատմութիւն եւ Մշակոյթ. Ընդդէմ Կեղծիքի եւ Ոտնձգութեան» :

Ծրագիրներ, իբրեւ թէ պիտի նպաստեն անցեալի պատմութեան վերըմբռնման, ժողովուրդներու միջեւ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն երկխօսութիւն ծաւալելու:

Դժբախտաբար սակայն, մեզի ծանօթ գիրքեր ու յօդուածներ, որոնց մասին ժամանակին անդրադարձած եմ, անցեալի պատմութեան ենթահողին վրայ եղած ուսումնասիրութիւնները, պատմական ճշմարտութիւններ բացայայտելէ աւելի, խեղաթիւրած են հայոց պատմութիւնը:

Ակնյայտ է, որ հովանաւորողներուն մշակած ծրագիրները, վարձկան գրիչներու կողմէ պատմութեան խեղաթիւրումը, պարզապէս քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:

Իսկ այս համատարած շարժումին ուղեգիծը որդեգրած որոշ պատմաբաններ, իրենց տեսութիւնները կը ներկայացնեն որպէս հայ պատմագիտութեան մէջ ձեռք բերուած յայտնութիւններ ու հիմնախնդիրներ:

Ինչո՞ւ անցնող տասնամեակներուն կարելի չէր նկատել ու բարձրաձայնել սորսոսական եւ այլ կազմակերպութիւններուն քօղարկուած նկրտումները, որոնք պարզապէս կը վտանգէին մեր դարաւոր մշակոյթը եւ ողջ հայութեան ապագան:

Երբ հայ մշակոյթը միջազգային մակարդակով կ՜աղաւաղուի, չփորձեցինք համակարգուած պայքար մղել հակահայ դիրքորոշումներու դէմ:

Որքան ալ յարգելի ըլլան ժողովրդավարական սկզբունքները, սակայն իրաւունք չունինք անտեսելու մեր դարաւոր մշակոյթին եւ ազգային պատմութեան սպառնացող վտանգը:

Մենք իրաւունք ունինք «ո՜չ» ըսելու հակահայ դիրքորոշումներուն, «ո՜չ» ըսելու մեր ինքնութեան սպառնացող ազգավնաս ու ազգամերժ քայլերուն:

Previous Post

Hariri: Pope Francis to Visit Lebanon after a Government is Shaped

Next Post

Ռևանշիստական տրամադրությունները կարող են տարածաշրջանը պատերազմի հասցնել, Զախարովան՝ Ալիևի հայտարարությունների մասին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.