ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, 7 Մայիսին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ մեղադրուող Անդրիաս Ղուկասեանի գործով դատական նիստը:
Դատական սոյն նիստին քննուեցաւ Անդրիաս Ղուկասեանի խափանման միջոցը որպէս կալանք փոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:
Խորհրդակցական սենեակէն վերադառնալէ ետք նիստին նախագահող դատաւոր Վարդան Գրիգորեան ներկայացուց վճիռը, ըստ որու՝ դատարանը որոշած է բաւարարել միջնորդութիւնը եւ անյապաղ ազատ արձակել ու որպէս խափանման միջոց ընտրել բնակավայրէն չհեռանալու ստորագրութիւն: