Համաշխարհային օփերայի արուեստի անկրկնելի գլուխգործոցներէն մէկը` Ճաքոմօ Պուչինիի «Թոսկա» օփերան համերգային կատարմամբ ներկայացուեցաւ հայ հանդիսատեսին:
Աշխարհի մէջ Թոսկայի ամենայայտնի դերակատարներէն երգչուհի Յասմիկ Պապեանը «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ փետրուար 11-ին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի գլխաւորութեամբ: Իր ելոյթներով հանրութեան մշտապէս հիացուցած երգչուհին այս անգամ եւս անտարբեր չձգեց հանդիսատեսը:
Ողբերգական աւարտ ունեցող սիրոյ մասին պատմող ինքնատիպ օփերային մէջ ՀՊՖՆ-ի հետ հանդէս եկան շարք մը յայտնի հայ մենակատարներ, որոնց մէջ էին Յովհաննէս Այվազեանը, Դաւիթ Բաբայանցը, նաեւ Հրանդ Պապեանը, որ Յասմիկ Պապեանի եղբայրն է:
Օփերայի համերգային կատարումը նուիրուեցաւ ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆէսոր Ռաֆայէլ Յակոբեանցի յիշատակին:
Ձեռնարկին սկիզբը ՀՀ-ի մօտ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճովանի Ռիչուլը շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն եւ Ֆիլհարմոնիկի երաժիշտներուն: «Մշակութային համագործակցութիւնը այնչափ կարեւոր է երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս, որովհետեւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ փոխադարձաբար ճանչնալ իրար: Հայաստանի պարագային ատիկա աւելին կը խորհրդանշէ, որովհետեւ մենք ներքուստ շատ նման ենք իրարու: «Թոսկայի» գլխաւոր հերոսները ազատ հոգիներ են: Թոսկան շատ ազատամիտ եւ ժամանակակից կին է»,- «Արմէնփրէս»-ի` փոխանցացմբ նշեց դեսպանը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ «Հովեր» կամերային (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Սոնա Յովհաննիսեան) եւ «Սպեղանի» (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Սարինէ Աւթանդիլեան) երգչախումբերը:
«Թոսկան» վերջին անգամ Հայաստանի մէջ հնչած էր մօտ 50 տարի առաջ: ՀՊՖՆ երաժիշտները եւ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեանը մեծ ուրախութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կը պատրաստուէին այս իրադարձութեան: Թօփչեանը յատկապէս երջանիկ էր, որ աշխարհի ամենալաւ Թոսկաներէն մէկը` Յասմիկ Պապեանը կ՛երգէ Ֆիլհարմոնիկի հետ:
«Թոսկայի» երկրպագուները հնարաւորութիւն կ’ունենան վայելելու օփերայի համերգային կատարումը նաեւ փետրուար 13-ին:
Իտալացի յայտնի օփերայի երաժշտահան Ճաքոմօ Պուչինիի «Թոսկա» օփերան ամենայաճախ բեմադրուող գործերէն է: Երեք գործողութեամբ ստեղծագործութեան իտալերէն թատերակը գրուած է Վիէթորիէն Սարդուրի համանուն ներկայացման հիման վրայ: Առաջին անգամ օփերան ներկայացուած է 1900 թուականի յունուար 14-ին եւ ունեցած է մեծ յաջողութիւն: Պուչինին Վերդիէն ետք կը համարուի ամենախոշոր օփերայի երաժշտահաններէն մէկը:
http://armenpress.am