Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անէծք Բռնակալները Երանութեամբ Յիշեցնողներուն

June 10, 2015
in Յօդուածներ
0
Անէծք Բռնակալները Երանութեամբ Յիշեցնողներուն

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Ողջո՜յն Ամսթերտամէն, «Գրողներու համաշխարհային միութեան» եւ «Համաշխարհային ապաստան քաղաքացիներու ցանց»ի համատեղ կազմակերպութենէն՝ «Ստեղծարար դիմադրութիւն» համագումարէն: Եռօրեայ համագումարին զեկուցողները մեծ մասամբ Միջին Արեւելք կոչեալ դժոխքէն եկած գրողներ, բանաստեղծներ, լրագրողներ, երգիծանկարիչներ եւ շարժանկարիչներ են: Համագումարը կը կրէ «Հեքիաթներ՝ ազատութեան շէմէն» ենթախորագիրը:
Ինչպէս որ հայերու, ասորիներու, եզիտիներու, քիւրտերու երրորդ սերունդները վերստին կ՛ապրին ցեղասպանութեան սպառնալիքը եւ պարտադիր գաղթի իրողութիւնը, պաղեստինցի գրողներ, բանաստեղծներ կամ երաժիշտներու ալ երկրորդ սերունդը կրկին ինկած է գաղթի ճամբան:
Ցնցիչ են անոնցմէ Ղայեատ Ալմատունի հետեւեալ խօսքերը. «Ինչպէս որ հրեաները 2000 տարի անց չեն մոռցած իրենց կորուսեալ հայրենիքը, մենք ալ չենք մոռնար մեր հայրենիքը՝ Պաղեստինը»: Ան Տամասկոսէն է: Այժմ կ՛ապրի Սթոքհոլմ: Երեք
ինքնութիւններ կը կրէ՝ Շուէտ, Պաղեստին եւ Սուրիա: «Ամէն մէկուն համար տարբեր ընկալում մըն եմ: Ոմանց համար պաղեստինցի սուրիացի մը, ոմանց համար շուէտացի սուրիացի մը եւ ուրիշներու համար ալ պաղեստինցի շուէտացի մը»:
Միթէ՞ օր մը պիտի յաջողի Իթաքա դառնալ: Բայց այս գրողներուն վերադարձած Պաղտատը, Հալէպը, Տամասկոսը, Մուսուլը երբեք այն նոյն քաղաքները պիտի չըլլան այնպէս, ինչպէս որ թողած էին: Այսօր ո՞վ կը յիշէ 1941ին հալածուած եւ աքսորուած Պաղտատի պատմական հրեաները: Բայց անոնք տակաւին Իսրայէլի մէջ կը շարունակեն պատմական Պաղտատը ապրիլ:
Հայերը, յոյները, ասորիներն ալ երբեք պիտի չմոռնան իրենց հայրենիքը: 100ամեակի յիշատակումը այս հաստատումի վառ ապացոյցն է:
Կը յիշեմ վարպետիս՝ Սարգիս Չէրքէզեանի խօսքը՝ «Աշխարհը բոլորիս կը բաւէ»:
Պաղեստինն ու Իսրայէլը Հին Կտակարանէն այս կողմ գոյութիւն ունեցող իրողութիւն են: Ի՞նչ արգելք կայ միասնաբար յարատեւելու: Փոքրիկ հողատարածքի մը համար սեփականութեան այս պայքարը դեռ որքա՞ն պիտի շարունակուի:
Սուրիացի բանաստեղծ Ֆարաժ Պայրաքտար ալ պաղեստինցի է: Իր հետ առաջին անգամ Շանար Եուրտաթափանի կազմակերպած «Միտքի ազատութեան միջազգային հանդիպում»ի ծրագիրով Իսթանպուլ ծանօթացած էի: Մեր ճանապարհները այս անգամ խաչաձեւուեցան Սթոքհոլմի մէջ: Ինչպէս որ հոն հանդիպած էի վաղեմի բարեկամիս՝ Մեհտի Զայնային:
Միջին Արեւելքի մարդկանց ճանապարհները կա՛մ գերեզմանատան, կա՛մ ալ աքսորին մէջ է որ կը խաչաձեւուին:
Եթէ փորձեմ «Ֆարաժ Սուրիոյ մէջ 14 տարի բանտ պառկած է» ըսել, իսկոյն կը ճշդէ՝ «13.5 տարի էր» ըսելով: Ան մեծ բանաստեղծ է: Կը հետեւի Նազըմի, Եղիշէ Չարենցի, Մայաքովսքիի, Ներուտայի, Արակոնի, Ճիկերխունի ճանապարհին:
Հաֆըզ Ասատի բանտերէն, «Մոհապերա»չի հարցախցիկներէն վերապրիլը հրաշք ըլլալու է: Երեք եղբայրներ են: Ֆարաժը կոմունիստ է: Փոքր եղբայրը Միւսլիւման եղբայրներուն կ՛անդամակցի: Իսկ վերջինը՝ ոչ մէկ խմբակցութեան: Եւ այդ վերջինը չէ լքած իր գիւղը, թերեւս ալ հոն կը մեռնի եւ թաղման իսկ չ՛արժանանար: Ան ալ իր ծննդավայրի՝ Հոմսի կարօտով կը տառապի: Կրկին կը յիշեմ Քաւաֆիսի Իթաքա բանաստեղծութիւնը:
Անոր քաղաքն ալ Հոմսն է: Սա Ասատին գետնի հաւասար փլած քաղաքը: Սատտամն ալ իր ծննդավայր Թիքրիդը գետնին չէ՞ր հաւասարեցուցած:
Տիտանները միշտ սիրած են քաղաքները գետնի հաւասարեցնել: Թիմուրէն առաջ ալ այդպէս էր: Քարթաճան ո՞վ աւերեց: Հապա՞ Վանը, Խարբերդը: Լճէն անհամար անգամներ քիւրտերու, հայերու, նաստորեաններու, ասորիներու կողմէ չէ՞ր աւերուած:
Տիտանները ո՛չ ազգութիւն ունին, ո՛չ կրօն, ո՛չ հաւատք եւ ոչ ալ երազ:
Իրաքցի գրող Քանան Մաքիայի դեռ Սատտամի իշխանութեան օրերուն գրի առած «Սարսափի Հանրապետութիւն»ը ե՞րբ թրքերէնի-քրտերէնի պիտի թարգմանուի:
Քեմալական Թուրքիայէն դէպի Իսլամական Հանրապետութիւն յեղաշրջել փորձած երկրիս ժողովուրդը այդ գիրքը կարդալով կրնայ լուսաբանուիլ:
Ինչո՞ւ երկրիս մէջ սարսափը կը տիրէ դարձեալ: Ինչո՞ւ երկրիս հրատարակիչը նիւ-եորքեան «Պեստ Սելըր»ներու շուկային կը հետեւի, բայց կ՛անտեսէ արաբ կամ պարսիկ գրողները: Ե՞րբ պիտի թարգմանեն Քանան Մաքիան:
Արաբական Գարունը գողցուեցաւ քաղաքականացած իսլամի կողմէ: Ափսոս, գարունը վայրագ ձմեռի վերածուեցաւ:
Հազար անէծք անոնց, որոնց պատճառով մարդիկ երանութեամբ կը յիշեն Ասատի, Սատտամի, Քատտաֆիի, Մուպարաքի եւ Շահի իշխանութեան օրերը:

Previous Post

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ. Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան Պարգեւատրուեցաւ Նախագահական «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով

Next Post

Legal Avenues for Armenian Genocide Reparations – Օրինաւոր Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In