ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Անթիլիասի կաթողիկոսարանի մայրավանքին մէջ հաստատուած «Հայագիտական դասընթացք»-ը բոլորեց կրթական ընթացիկ տարեշրջանի իր Ա. կիսամեակը:
Կիսամեակի վերջին դասապահերը կայացան Դեկտեմբեր 25-ի նախօրէին: Նախքան Կաղանդի ու տօնական օրերու արձակուրդը՝ Վեհափառ Արամ Ա. հայրապետ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ուսանողութեան հետ եւ անդրադարձաւ հայագիտութիւնը յուզող հարցերու:
Այս տարի «Դասընթացք»ի վարիչ եւ Հայագիտական Բաժանմունքի տնօրէն նշանակուած է ծանօթ հրապարակագիր Ահարոն Շխրտըմեան, որ կը փոխարինէ պր. Ժիրայր Դանիէլեանը:
Երրորդ տարին ըլլալով մեր մասնակցութիւնը բերինք այս դասընթացքին, աւանդելով մեզի համար շա՛տ սիրելի առարկայ մը՝ «Սփիւռքահայ գրականութիւն»: Մեր ուսանողներուն հետ «պտոյտ»ի մը ձեռնարկեցինք դէպի հայ ժամանակակից գրականութեան ընդարձակ պարտէզը ու գրական անվերջանալի զրոյցի մը նստանք Բենիամին Նուրիկեանի (Ամերիկա), Մուշեղ Իշխանի (Լիբանան), Հրաչ Զարդարեանի (Ֆրանսա) եւ Ռոպեր Հատտէճեանի (Պոլիս) հետ…: