Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հայորդիներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

November 15, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

27 սեպտեմբերէն 9 նոյեմբեր 2020-ին երկարող 44-օրեայ ճակատագրական եւ բախտորոշ պատերազմը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ թողուց իր արիւնախառն յիշատակը: Այս պատերազմով վերաշեշտուեցաւ թուրքին ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, որ անդրկովկասեան երկիրներուն ներքին ու արտաքին անդորրութեան, սահմանային անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան դէմ վտանգալից ազդակ մը կը ներկայացնէ: Ամբողջ հայութիւնը յուզող պատերազմին հետեւանքները եղան հազարաւոր նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուած զինուորներ ու քաղաքացիներ, հարիւրաւոր հետակորոյս հայորդիներ, ինչպէս նաեւ հողային հսկայ տարածքներու կորուստ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, պատերազմի բոլոր փուլերուն, Արցախին նկատմամբ արտայայտեց իր ամբողջական նեցուկը` համազգային ուժերը համախմբման հրաւիրելով, Արցախի միջազգային ճանաչողութեան գծով գործօն քայլերու նախաձեռնելով եւ հայ ազգի արդար իրաւունքը բարձրաձայնելով:

Այս իմաստով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պատերազմի ընթացքին բազմիցս հանդէս եկաւ իր հայրապետական ոգեւորիչ պատգամներով, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ հայրենիքի եւ Արցախի խաղաղութեան համար աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած ու Արցախի ճանաչողութեան համար միջազգային կապեր հաստատելով:

Արդարեւ, երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ի խնդիր հայրենի հողի պաշտպանութեան քաջաբար իրենց արիւնը թափած հերոս հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուամիջոցը դիմելով Արամ Ա. կաթողիկոսին` փափաքեցաւ իմանալ վեհափառին մտածումները, արցախեան պատերազմին զոհուած հայորդիներուն համար կատարուած հոգեհանգիստին առիթով: Վեհափառ հայրապետը կատարուած արարողութեան կարեւորութիւնն ու իմաստը ամփոփեց հետեւեալ տողերով. «Մեր նահատակները իրենց արիւնը թափեցին ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան: Հայրենիքը ամէն բանէ առաջ հող է: Հետեւաբար, հայրենի հողին պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է: Մեր նահատակները յիշել կը նշանակէ հայրենիքի պաշտպանութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը աւելի ամրապնդել»:

Previous Post

COP-26: UN SG Blasts Climate Agreement

Next Post

Arrested Israeli couple faces espionage charges

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.