Յարութիւն Իսկահատեան- Պայքար 91
Դարերէ ի վեր Հայաստանի արեւմտեան հատուածի հայերը Օսմանեան Պետութեան լուծին տակ ընկճուած` յարատեւ կը ցանկային ազատագրուիլ թրքական լուծէն եւ անկախ պետութիւն մը ստեղծել: Նոյնն էր պարագան Հայաստանի արեւելեան հատուածի հայոց, որոնք պարսիկներու եւ ապա՝ ռուսերու իշխանութեան տակ ապրելով, կը ձգտէին անկախութեան:
Պատմութեան մէջ երբ Հայաստանը նուաճուած է օտարներէ, հայ ժողովուրդը միշտ ունեցած է անկախութեան ձգտում եւ այդ մէկը իրականացուցած է վերատիրանալով իր անկախութեան: Վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայոց մէջ անկախութեան գաղափարի առաջին խմորումները երեւան եկան Վանի հայոց զարթնումով եւ մանաւաանդ՝ Արմենական շարժումով:
Արմենական շարժումը յաջողեցաւ հայ երիտասարդութեան մէջ մտցնել զօրաւոր հայրենասիրական զգացում եւ պայքարի կամք ու գործունէութիւն, որ կը հաստատուի Լեւոն Աճեմեանի խօսքով իր խմբագրած գիրքին՝ «Յուշեր Արմենակ Եկարեանի» (Հայ Ազգային Հիմնադրամի թիւ 5 հրատարակութիւն, տպարան «Նոր Աստղ» (The New Star Press), Գահիրէ, 1947, 307 էջ) մէջ. «Չխօսելու, թշնամիին նիւթ չհայթայթելու Արմենական Կուսակցութեան այս սովորութիւնը աւանդութիւն դարձաւ… «Գո՛րծ եւ ոչ թէ խօսք» (շեշտադրումը իրմէ- Յ.Ի.) բնաբանով:
1870ականներուն Վանի շրջանի ազգային գործիչ Արմենակ Եկարեան ոգեւորուած էր Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով, զոր ինք հայոց անկախութեան գործընթացի նախաքայլը կը նկատէր, թէեւ ան լրիւ կը գիտակցէր թէ օսմանեան գահին նոր նստած սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը 1876-ին այդ քայլով սահմանադրութեան հռչակումի խաղն էր որ կը խաղար, ջանալով երկրին ներսի լարուածութիւնը քիչ մը մեղմացնել: Այս մասին Արմենակ Եկարեան կ’ըսէ. «Կը խօսուէր յաճախ Ազգային Սահմանադրութեան մասին, որ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր, եւ աւելի վերջերը, ամէն Մայիս 24-ին անոր տարեդարձը կը նշուէր Վանի մէջ մեծաշռինդ կերպով: Օ՜, այո՛, դեռ երէկի պէս կը յիշեմ թէ ի՞նչպէս ամբողջ երիտասարդութիւնը, հսկայ զօրասիւն մը կազմած, երբեմն նոյնիսկ կառավարական նուագախումբը ի գլուխ ունենալով, զինուած ազգային դրօշակներով, հայ հրամանատարներու առաջնորդութեամբ դէպի Վարագ կամ այլուր կ’երթար ու ամբողջ օրը հանդիսութիւններով անցընելէ յետոյ նոյն կարգով իրիկուան ուշ ատենը կը վերադառնար` իր[են] հետ վերադարձնելով նաեւ քաղաքին կենդանութիւնն ու հոգին»:
Արմենակ Եկարեան 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն քրիստոնեայ պետութեան մը օժանդակութիւնը՝ ինչպէս ռուսական պետութեան, բարձր կը գնահատէ երբ կ’ըսէ. «1877-ի Ապրիլ ամսուան մեզի վերադարձած յոյսերը չէին մարած, ընդհակառակն, օրէ օր աւելի կ’արմատանային, տեղ կը գտնէին բոլորիս սիրտերուն մէջ, որովհետեւ ռուսական բանակը շանթահարիչ արագութեամբ կը յառաջանար… Երկար ժամանակ էր որ վասպուրականցին կ’երազէր քրիստոնեայ պետութեան մը ձեռքին տակ ազատ շունչ քաշել, ու հիմա ան վերջնականապէս համոզուած էր, թէ հասած էր արդէն իր իտէալին»: Պատերազմի վախճանն ու Սան Սթեֆանոյի դաշինքը չյուսահատեցուցին զինք:
Վանի մէջ Խրիմեան Հայրիկի, Կարապետ Նաթանեանի եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի առաջնորդութեամբ ժողովուրդը կը նախապատրաստուի բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելու եւ ընթանալու դէպի անկախութիւն տանող ճանապարհէն: Քաղաքին մէջ, ազգային արթնութեան կոչող շարժումի երիտասարդութիւնը կը ձեռնարկէ թաղային դպրոցներու բարելաւման եւ պատանիներու կիրակնօրեայ դպրոցներու բարգաւաճման ու տարածման: Կը փոխուի անցնող տարիներու թրքավայել, զուարճամոլ ու կռուասէր հասարակութեան հոգեբանութիւնը: Դպրոց չտեսած երիտասարդներ կը սկսին կիրակնօրեայ դպրոցներ յաճախել եւ գրել ու կարդալ սորվիլ: Երիտասարդներն ու պատանիները հետզհետէ կը մոռնան թրքական, յետամնաց եւ վնասակար սովորութիւնները: Անոնք զարգանալու անյագ փափաքով կը լեցուին:
Վերածնունդի շարժումը օրէ օր արմատ կը նետէ ու կը զարգանայ Վանի հայ երիտասարդութեան մէջ: Զօրաւոր թափ կ’առնէ ընթերցասիրութիւնը: Ռաֆֆիի եւ Ծերենցի` ազգային զգացումները բորբոքող վէպերը քնացած հոգիներն ու միտքերը կ’արթնցնեն: Բազմաթիւ բարեգործական միութիւններ կը կազմուին: Խրիմեան Հայրիկ իր երկու սաներուն՝ Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանցի եւ Տիգրան Ամիրճանեանի հետ կը հրատարակէ «Արծուի Վասպուրականի» թերթը, Մկրտիչ Փորթուգալեան տպարան մը կը վարէ Վարագի մէջ, այս երկուքը կ’ըլլան առաջին թերթն ու տպարանը մայր հողի վրայ:
Վանի հայերը անցեալը ետեւ կը թողուն, իրենց աչքերը դէպի ապագան կը սեւեռեն ու կ’անցնին գործնական հանգրուանի: Ականջալուր ըլլալէ յետոյ Պոսնիա-Հերցեկովինայի եւ Պուլկարիոյ 1875-1876-ի ապստամբութեանց ու ահաւոր ջարդերու սարսռազդու լուրերուն, Վանի հայութիւնը զգաստացած էր ու պատրաստ՝ բոլոր հաւանականութիւններու դիմաց: Վանի առաջնորդները գաղտնօրէն երիտասարդութիւնը կը զինէին պայքարի գիտակցութեամբ եւ ազգային ոգիով:
Քաղաքականութեան մէջ ինչպէս միշտ, Վանի պարագային ալ յարմար առիթ մը պէտք էր, որպէսզի լաւ դաստիարակուած երիտասարդութիւնը, գիտակից առաջնորդներով դրսեւորէր իր յեղափոխական կամքը, զայն վերածելու համար գործնական յաղթանակի: Այս պարագային Վանի կառավարիչ Ճեւտէթ պէյ հայոց տուաւ այդ առիթը իր ծայրահեղ միջոցառումներով, աւելին՝ ոճիրներով: Հայկական բոլոր ոյժերը միացեալ դիմադրութիւն ցոյց տուին թուրքին 7 Ապրիլ 1915-էն մինչեւ 3 Մայիս ու յաղթանակը վաստակեցան: Վասպուրականի միամսեայ Հերոսամարտը վերջ գտած էր թշնամիի [թուրքին ու քիւրտին] անփառունակ փախուստով, կ’ըսէ վերապատուելի Արսէն Ա. Կէօրկիզեան իր «Մեր Ազգային Գոյապայքարը – 1915-1922, Զուլումի Տարիներ» (հրատարակուած իբրեւ «Զարթօնք»ի թերթօն թիւ 63, Պէյրութ, 1967) խորագիրով գիրքին մէջ:
Ռուսական բանակին եւ հայ կամաւորներուն Վան մուտք գործելէ յետոյ, վերապատուելի Կէօրկիզեան այդ օրերու ժողովուրդին վրայ դէպքերուն ձգած դրական ազդեցութեան մասին կը գրէ իր ականատեսի վկայութեամբ. «Շատերը, կարծես, տակաւին երազի մէջ էին. անհաւատալի կը թուէր այդպիսիներուն՝ կատարուած իրականութիւնը եւ իրենց ազատութեան փաստը…Վանի հայութիւնը, իր լիակատար յաղթանակը կ’ապրէր եւ ազատ տէրն ու տնօրէնն էր իր պատմական հայրենիքի մեծ օրրան՝ Վասպուրականի»:
Իր կարգին Արամ Մանուկեան յաջողած էր ժողովրդական-վերաշինական կառավարութիւն մը կազմել, ոչ-խտրական ոգի ցոյց տալով եւ անոր մէջ ընդգրկելով հայկական բոլոր քաղաքական ոյժերու ներկայացուցիչները:
Թէեւ Վասպուրականի անկախութիւնը կարճատեւ էր, սակայն անոր խորհուրդը իր մէջ կը խտացնէր կարեւոր արժէքներ՝ հայուն հայրենսիրութիւնը, աննկուն կամքը, ազգային դաստիարակութիւնը, անսակարկ զոհաբերութիւնները, անվհատ ջանքն ու պայքարի ոգին:
Այս անկախութիւնը սակայն մօտաւորապէս երկու ամսուան կեանք ունեցաւ միայն՝ որովհետեւ «այդ խանդավառ ու տենդոտ օրերուն՝ իր հայրենիքի վերաշինութեան գործին լծուելու պատմական օրերուն էր, որ նոր դաւ (ընդգծումը իմն է- Յ.Ի.) մը կը պատրաստուէր վասպուրականցիներու գլխուն, եւ ցարական ռուս պետութեան հրամանով՝ մեր ժողովուրդը կը բռնադատուէր լքել իր նորանկախ հայրենիքը ու ակամայ, սրտակոտոր հեռանալ իր հօրենական տունէն եւ հողէն, տալով բազմահազար զոհեր գաղթի ճանապարհին, բայց իր մնացորդացին մէջ միշտ վառ պահելով հայրենիք վերադառնալու մեծ երազը…», ինչպէս կը գրէ վեր. Արսէն Կէօրկիզեան:
Վերոյիշեալ մէջբերումին մէջ վերապատուելի Կէօրկիզեան Վանի նահանջը դաւ մը կը նկատէ: Անոր կը յաջորդէ մեծագոյն դաւը՝ Հայասպանութիւնը Օսմանեան Պետութեան ամբողջ տարածքին, մինչեւ Սուրիոյ եւ Միջագետքի անապատները երբ աւելի քան մեկ ու կէս միլիոն նահատակ տուաւ Հայ Ազգը: Մինչեւ օրս նմանօրինակ դաւի կամ դաւերու արդիւնքն են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հանգուցաւոր հարցերը: Այս նկատողութիւնը մտածել կու տայ մեզի թէ ո՞վ կը կանգնի այդ դաւերուն ետին: Այսօր՝ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութիւնը՝ ամենէն կարեւոր հարցը կը մնայ հայուն համար:
1915-ին Վանի հերոսամարտը եւ անոր իբրեւ արդիւնք՝ այդ շրջանի ազատագրութիւնն ու հայոց պետականութեան կերտումը իսկական յեղափոխութիւն ու անկախութիւն էին, որոնք պատմութեան մէջ հազուադէպ կը պատահին: Անոր մէջ օտար միջամտութիւնը նուազագոյն չափով առկայ էր, սակայն եւ այնպէս ազատութիւնը ձեռք բերուելէ ետք, ինչպէս յիշեցինք, դաւադիր ձեռքեր խափանեցին զայն ի նպաստ բռնակալին եւ ոճրագործին: Միւս կողմէ, Վանի հայ ղեկավարութիւնը չկրցաւ պահպանել ու պաշտպան կանգնիլ իր իսկ կերտած ազատութեան…:
Այսօր նոյնն է պարագան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, եթէ մենք՝ հայե՛րս չկարենանք պահպանել ձեռք բերուած իսկական ազատութիւնը, դաւադիր ձեռքեր անվարան կրնան խափանել Հայ ժողովուրդին կամքով ու ճիգով հաստատուած հայրենի նոր իրականութիւնը, որ կը բնորոշուի «Նոր Հայաստան» անուանակոչումով, եւ որ կրնայ աղիտալի ըլլալ հայոց հողին վերջին մասնիկին վրայ կայացած հայկական պետականութեան: