Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ՏՕՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԶԱՅՆ ԿԵՐՏՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ ԴԱՌՆԱՆՔ

November 22, 2013
in Յօդուածներ
0
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ՏՕՆԵԼՈՒ  ՀԱՄԱՐ, ԶԱՅՆ  ԿԵՐՏՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ  ԴԱՌՆԱՆՔ

«ԶԱՐԹՕՆՔ»  ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԸ՝

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ անկախութեան  տօնը, միջազգային ընտանիքին առջեւ  ինքնութեան  դրսեւորման, ինչպէս նաեւ   գոյերթը  շարունակելու   յանձնառութեան  օրն  է:  Անկախութեան տօնը՝ հայրենիքի գերիշխանութիւնը պահպանելու յանձնառութեան, հաւատքի ներշնչման աղբիւր մըն է: Անկախութիւնը, անցեալի նուաճումները մեծարելու, հայրենիքի նահատակները վերյիշելու, անոնց սխրագործութիւնները  վերարժեւորելու եւ  պատգամը երիտասարդ սերունդին փոխանցելու  օրն է: Մէկ խօսքով՝ անկախութեան տօնը   հայրենիքի  հանդէպ ուխտի եւ    հաւատարմութեան  օրն է:
Այսպէս դաստիարակուեցանք  գրասեղաններու առջեւ՝ հայրենասիրութեան  վեհաշուք  գաղափարներով,  անկախութեան հերոսներու  ոգիով թրծուելով:  Անկախութեան տօնը  հայրենասիրութեան զգացումներով  եւ ազգային արժանապատուութեամբ վերահաղորդուելու  օրն էր: Բոլորս  մէկ առ մէկ կը վկայակոչէինք Անկախութեան հերոսներուն անունները, անոնց անձնուրացութիւնը՝ ազատ, գերիշխան Լիբանան կերտելու անոնց նախանձելի սխրագործութիւները: Այդպէս էին անցեալի օրերը, բոլորս կը հպարտանայինք հայրենիքի համեստ սակայն ինքնուորոյն նուաճումներով:
Փոխուեցան ժամանակները եւ մտայնութիւնները:Լիբանանցիները այսօր տարամերժ  կեցուածքներ կ’արտայայտեն անկախութեան հանդէպ: Վտանգուած է  հայրենիքի ամողջականութիւնը եւ գոյութիւնը: Իւրաքանչիւր համայնք,   քաղաքական հատուած՝  իւրովի կը մեկնաբանէ անկախութիւնը:  Լիբանանցիներու մօտ խախտած է անկախութեան բարոյահոգեբանական խորհուրդը, անկախութեան  գաղափարին հանդէպ հաւատքը: Այս բոլորին մէջ ամենամտահոգիչը ժողովուրդին  ապրած բարոյալքումն է, ի տես  քաղաքական,  տնտեսական,ընկերային եւ ապահովական ցնցումներուն: Կ’ապրի ու կը  գոյատեւէ Լիբանանը, սակայն  ո՞վ կը լսէ ցաւատանջ այն  լիբանանցիին, որուն խօսքն ու որոշումը դարձած է քաղաքական   բեմի փերեզակներու գերին: Հպարտառիթ երէկը եւ  տխրայիշատակ  ներկան..: Ընդամէնը  եօթանասուն տարիներու  ժամանակագրական  փոքր  տարածութիւն մը, եւ սակայն հակասութիւններու  սուր  անդունդ  մը: Ի վերջոյ  ո՞վ պիտի  պաշտպանէ  քաղաքակրթութիւններու   օրրան, աւանդութիւններով, մշակոյթով հարուստ  այս  փոքր  հայրենիքը: Եւ տակաւին կը յաւակնին   անկախութեան  կերտիչներու ժառանգորդերը դառնալ:   Վա՜յ այն  օրուան, վա՜յ այն օրուան … եթէ   անոնք՝ անկախութեան կերտիչները  հրաշքով մը  յարութիւն առնելով  տեսնէին մեր այսօրը,  իրընց  ժառանգորդները….:

 Ժամանակները այ’ո կը փոխուին, սակայն իրաւունք չունինք  հոգեվարքի մէջ պահելու ժողովուրդի մը   ապրելու  ոգին: Իրաւունք չունինք ժողովուրդը արմատախիլ դարձնելու  իր պատմութենէն: Իրաւունք չունինք  ոտնակոխելու  բազում  զոհողութիւններով  ու արեամբ  կերտուած  ակախութիւնը: Եր՞բ պիտի սթափինք ու  գնահատենք այն անկախութիւնը, զորս  բազում ժողովուրդներ, զայն  չունենալու պատճառով անհետացած են պատմութեան բեմէն:  Պիտի  գայ օրը եւ  բոլորը   հաշուետուութիւն պիտի  ներկայացնեն պատմութեան դատաստանին առջեւ: Անկախութեան տօին առիթով,  երախտագիտութեան  ջերմագոյն արտայայտութիւնները կը  յղենք  երկրի անկախութեան, գերիշխանութեան   ջահակիր  լիբանանեան բանակին:  Անկախութեան  տօնին առիթով կը խոնարհինք  հայրենիքի  դրօշը բարձր պահելու  ճանապարհին  ինկած  լիբանանեան   բանակի բիւրաւոր նահատակներուն առջեւ:

Իւրաքանչիւր  տարին, անգամ մը՝ լիբանանցին  կը  նշէ  Անկախութեան տօնը: Դիւրաւ ձեռք չէ  բերուած ան:  Ահրաժեշտ է գուրգուրալ եւ ամրապնդել զայն: Լիբանանի Անկախութեան օրը զղջումի եւ ուխտի վերանորոգման օր է միաժամանակ: Ուխտենք պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: Միջերկրականի արեւելեան ափին վրայ տաս հազար հինգ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր հաշուող այս տարածութիւնը պահպանելու հաւաքական պարտաւորութիւն մը ունինք բոլորս: Լիբանանեան հայրենիքը այսօր` նախորդ օրերէն աւելի կը զգայ մեր հաւաքական նուիրումին ու միասնականութեան: Լիբանանեան հայրենիքը այսօր, աւելի քան  երբեք՝  իր  զաւակներէն  կը սպասէ  պաշտպան  հանդիսանալ անոր  դրօշին, բանակին, պետականութեան ու սահմանադրական կառոյցներուն:

 Բաւական է  այլոց ծառայութեան  ճանապարհին  ոտնակոխենք նահատակներու արեամբ կերտուած անկախութիւնը: Անկախութիւն տօնելու  համար, զայն կերտողներուն  արժանի  ժառանգորդը  դառնանք:  

 

Previous Post

ԱՅՍՕՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ 22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Next Post

ԱՅՍՕՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, 23 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.