Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Անկարելի է մէկ օրուան մէջ կարգաւորել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները». Չաւուշօղլու

April 1, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ukraine war spurs Turkey-Armenia normalization

ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա շփումներուն, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման՝ նշելով, որ հիմա ընթացքը դրական է, սակայն անկարելի է մէկ օրէն ամէն ինչ միանգամայն կարգաւորել: Ըստ անոր՝ պէտք է փոխադարձ քայլեր առնուին:

«Ahaber» լրատուականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Չաւուշօղլու խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Անթալիա այցելութեան մասին:

Ըստ անոր՝ յատուկ ներկայացուցիչները երկու անգամ դէմ առ դէմ հանդիպեցան, «բայց նաեւ անընդհատ հեռաձայնային զրոյց կ՛ունենանք, սակայն չենք սահմանափակուիր յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումով վստահութիւնը բարձրացնող քայլեր առնելով: Օրինակ՝ թռիչքներ սկսան, միւս կողմէ՝ առեւտուրի վերաբերեալ որոշ քայլեր կ՛առնուին»:

Ան ընդգծեց, որ յառաջիկային, երբ սահմանները բացուին, հաղորդակցութեան՝ մայրուղիներու, երկաթուղիի վերաբերեալ, երկու կողմէ ալ կան տեսանելի աշխատանքներ, որոնք պէտք է տարուին: Չաւուշօղլու անդրադարձաւ քաղաքական կապերուն, Արարատ Միրզոյեանի այցելութեան՝ նշելով, որ հանդիպումը դրական էր: Ըստ անոր՝ փափաքելի պիտի ըլլար Անթալիոյ մէջ ունենալ եռակողմանի հանդիպում մը, որուն ներկայ ըլլար նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, սակայն այդ մէկը կարելի չեղաւ:

Անգամ մը եւս Չաւուշօղլու խօսեցաւ այն մասին, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչութեամբ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւններու մէջ են: Ան ընդգծեց, որ առանց Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցելու կարելի չէ որեւէ արմատական քայլ առնել: «Արդէն պատերազմը աւարտած է. անկէ պէտք է դասեր քաղել, եւ պէտք է քայլեր առնուին Հարաւային Կովկասի, մեր տարածաշրջանի կայունութեան համար: Եթէ Հայաստան եւս նոյն ընկալումը ունի, թէ՛ մենք, թէ՛ Ատրպէյճան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը կարգաւորենք, սահմաններն ալ կը բացուին, առեւտուրը կը սկսի, միւս կողմէ՝ տարածաշրջանի զարգացում, լոճիսթիք (գումակային) հարցեր եւ այլն», եզրափակեց Չաւուշօղլու:

Previous Post

Փաշինեան կը պատրաստուի Ալիեւի հետ քննարկել խաղաղութեան վերաբերող հարցեր

Next Post

Amnesty International-ը կը հաստատէ, թէ ատրպէյճանցի զինուորներ խոշտանգած են հայ գերիները

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.