Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անհանգիստ Ենք Հայաստանի «Եռացող» Իրավիճակով. Լաւրով

September 5, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Lavrov to pay a key visit to Ankara to discuss Syria, Idlib

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական հիմնարկի ուսանողներուն առջեւ ելոյթի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին՝ ընդգծելով, որ Ռուսիա անհանգիստ է Հայաստանի «եռացող» իրավիճակով, միաժամանակ ընդգծելով, որ ատիկա Հայաստանի ներքին գործն է:

Ըստ ռուսական «Թասս» լրատու գործակալութեան՝ Լաւրով, շարունակելով խօսիլ Հայաստանի իրավիճակին մասին՝ աւելցուցած է. «Կը հետաքննուին տասնամեայ վաղեմութիւն ունեցող դէպքեր, կը կատարուին ձերբակալութիւններ…։ Ասոնք Հայաստանի ներքին գործերն են, սակայն կը փափաքինք, որ այդ ներքին գործերը ամրօրէն հիմնուին օրէնքի ու Սահմանադրութեան վրայ եւ կարելի եղածին չափ արագ յաղթահարուին, որպէսզի Հայաստանը կարենայ կեդրոնանալ ստեղծարար խնդիրներու վրայ»:

Նախարարը նաեւ ընդգծած է, թէ Մոսկուա կը փափաքի, որ իրեն հետ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատած պետութիւնները մնան կայուն իրավիճակի մէջ։ Ան անգամ մը եւս շեշտած է, որ Մոսկուա ուշադիր կերպով կը հետեւի Հայաստանի իրադարձութիւններուն, սակայն անոր ներքին գործերուն միջամտելու միտող որեւէ քայլի չի նախաձեռեր, աւելցնելով. «Սակայն, չեմ կրնար ըսել, թէ միւս արտաքին խաղացողները նոյն կերպով կը վարուին»:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ յառաջիկային կայանալիք հանդիպումին՝ ան շաշտած է, թէ այդ հանդիպումը առիթ պիտի ըլլայ հասկնալու, որ «Հայաստանի նոր ղեկավարը ինչպէ՛ս կը գնահատէ իր երկրի զարգացման հեռանկարները»։

«Մենք անտարբեր չենք այն հարցին, թէ նման իրավիճակի մէջ պետութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կատարէ ՀԱՊԿի մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները», եզրափակած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ, Փութին ոչ միայն հեռաձայնած էր ներկայիս քրէական հետապնդումի ենթակայ Ռոբերթ Քոչարեանին՝ անոր տարեդարձը շնորհաւորելու համար, այլեւ այդ մասին յատուկ հաղորդագրութիւն տարածել տուած էր պետական պատկերասփիւռի կայանէն:

Previous Post

Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Նպաստել Արցախի Տագնապի Լուծման. Փութին

Next Post

Ankara aims to defuse tensions with European allies

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.