Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անհաւասար կարգավիճակներ

Ակնարկ

October 18, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Շահան Գանտահարյանը Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցությունների՝ տեղապտույտից դուրս գալու նախադրյալներ է տեսնում

ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութիւնը անորոշութեան բաժին ունի երեւութապէս:

Ըստ պաշտօնական Պաքուի, Երեւանը պէտք է հրաժարի Զանգեզուրի միջանցքին հետ կապուած պատճառաբանութիւններէն եւ պէտք է դադրեցնէ խուսափիլը 2020 թուականի նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ ամրագրուած իր պարտաւորութիւններէն:

Անորոշութիւնը կամ հակասութիւնը, որ այստեղ կ՛երեւի, այն է, որ միջանցքի պարտաւորութեան մասին կը խօսուի եւ յղում կը կատարուի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան, ուր միջանցք եզրը չէ օգտագործուած: Խօսքը հաղորդուղիներու ապաշրջափակման մասին է: Պաքուն դիտաւորեալ այդ ամրագրուած բաժինը կ՛ուզէ ընկալել իբրեւ միջանցք: Հակասութիւնը երեւութական է, օգտագործուած խօսոյթը խիստ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ:

Պայրամովի յայտարարութիւնը իր ձեւով կը հիմնաւորէ այս անգամ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` յայտնելով, որ արցախեան պատերազմէն ետք Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկեց ստորագրել խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր, որուն Հայաստանը թէեւ ուշացած, բայց դրական պատասխանեց: Ազրպէյճանը ունի ողջմիտ պահանջներ, որոնց շարքին է Զանգեզուրի միջանցքի համարժէք կարգավիճակը Լաչինի միջանցքին:

Այստեղ եւս հակասութիւնը առկայ է: 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ Լաչինի միջանցքի մասին 6-րդ կէտով նշուած է: Մինչդեռ 9-րդ կէտին մէջ կը խօսուի հաղորդակցային ուղիներու բացման մասին:

Այստեղ եւս Զանգեզուրի միջանցք ըսելաձեւի օգտագործումը նոյն քաղաքական նպատակը ունի:

Առաջադրելով Զանգեզուրի կարգավիճակի հաւասարեցում Լաչինին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը պարզապէս կը վերարտադրէ իր ազրպէյճանցի գործընկերոջ կատարած յղումը 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին:

Հիմա տեսնենք 6-րդ եւ 9-րդ կէտերուն հասարակ յայտարարի բաժինը:

6-րդ կէտով ամրագրուած Լաչինի միջանցքի կարգավիճակ. Կողմերուն միջեւ համաձայնեցմամբ` յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի սահմանուի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը` այդ երթուղիի պահպանութեան նպատակով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետագայ վերատեղակայմամբ:

Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով տեղաշարժի անվտանգութիւնը:

9-րդ կէտով ամրագրուած` Նախիջեւանը Ազրպէյճանին միացնող ճանապարհի կարգավիճակ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՛իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:

6-րդ կէտին մէջ Ազրպէյճանը կ՛երաշխաւորէ միջանցքով երկու ուղղութեամբ տեղաշարժուելու անվտանգութիւնը` ռուսական զօրամասի վերատեղակայմամբ. իսկ 9-րդով` Հայաստանը կ՛երաշխաւորէ ռուսական սահմանապահ զօրքերու վերահսկողութեամբ:

Երբ թուրքեւազրպէյճանական կողմը նոյն կարգավիճակը կ՛ըսէ, կ՛ընդգծէ ուրեմն ռուսական վերատեղակայումին դիմաց ռուսական վերահսկողութիւնը եւ ըստ էութեան միջանցք բառը օգտագործելով կը յենի եռակողմ պայմանաւորուածութեան համապատասխան կէտերուն վրայ: Ուղերձը նաեւ Մոսկուային է աճապարելու նոր ճանապարհներու տրամադրումին կամ 9-րդ կէտի իրականացման:

Անգարայի ցուցադրած համահաւասարեցման այս խաղը թափանցիկ է. հետեւաբար` խաբուսիկ: Անցքերուն կամ ճամբաներուն կարգավիճակները կրնան նոյն կանոնով ըլլալ` ռուսական տեղակայումով կամ հսկողութեամբ: Էական խնդիրը այլ է. զուգահեռ ընթացող խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի պարագային կը շրջուի ամէն ինչ: Կ՛իմաստազրկուի Լաչինի միջանցքը, եւ թուրանական կամուրջը աշխատած կ՛ըլլայ: Ծուղակը այստեղ է: Անցքը ստանալ, ապա սահմանազատել- սահմանագծել եւ փոխադարձաբար ճանչնալ տալ տարածքային ամբողջականութիւնները:

Previous Post

Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութիւնը

Next Post

Will new UK fiscal plan restore credibility?

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.