Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանը, Արամ Ա. կաթողիկոս անոր փոխանցած էր հայ ժողովուրդին ընդվզումը` թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի հարցին վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի տուած որոշման գծով:
Երէկ վեհափառ հայրապետը նոյն հարցին մասին նամակ մը յղեց Զուիցերիոյ արդարութեան նախարար Ս. Սոմարուկային: Ստորեւ կու տանք վեհափառ հայրապետին գրած ֆրանսերէն նամակին թարգմանութիւնը:
Նորին Վսեմութիւն
Ս. Սոմարուկա
Արդարութեան նախարար
Պեռն, Զուիցերիա
Այսու գրով Ձեզի կը փոխանցենք հայկական սփիւռքի խոր ընդվզումը Փերինչեքի հարցով Զուիցերիան դատապարտող Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին գծով: Արդարեւ, սոյն վճիռը ընկալուեցաւ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողականութիւնը վաւերականացնող որոշում, որ փաստօրէն շարունակութիւնն է նո՛յն ընթացքին:
Ցեղասպանութեան հերքումը ինքնին այլ կերպ մըն է հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղապաշտութիւն եւ ատելութիւն արտայայտող: Հետեւաբար, յիշեալ վճիռը կու գայ զօրակցելու բոլոր անոնց, որոնք յատկապէս Թուրքիոյ մէջ նենգ քարոզչութիւն կը կատարեն` բոլորովին անյարիր ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումին հետ:
Փերինչեքի կատարած յայտարարութիւնները խօսքի ազատութեան հետ առնչելու մօտեցումը, իբրեւ թէ պատմական կամ իրաւական տեսակէտ արտայայտող, հայ ժողովուրդին կողմէ ընկալուեցաւ մեծ զարմանքով:
Փաստօրէն, «գիտական պրպտողի» քողին տակ, Փերինչեք ծայրայեղական մըն է, որ ցեղասպանութեան ոճիրի պաշտպանողականը կը կատարէ: Հետեւաբար, ցեղասպանութիւնը հերքելու անոր ազատութիւնը պաշտպանելով` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կ՛արգիլէ Զուիցերիոյ, որ խօսքի ազատութեան տայ այնպիսի մեկնաբանութիւն, որ չի խանգարեր ու վտանգեր հանրային ապահովութիւնը: Բնականաբար, նմանօրինակ վճիռ մը սկզբունքային լուրջ հարց կ՛արծարծէ Զուիցերիոյ համար: Արդ, կ՛արժէ յիշեալ հարցը բարձրացնել Բարձրագոյն ատեանին առջեւ: Նման քայլ մը առիթ պիտի ընծայէ աւելի լայն կերպով քննարկելու ա՛յն միջոցները, որոնց ճամբով Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրները կրնան ազդու կերպով պայքարիլ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:
Արդարեւ, սոյն վճիռի առթած այլազան կարծիքները, ինչպէս նաեւ տարբեր ուղղութեամբ առաջնորդուող եւրոպական իրաւաբանութեան (jurisprudence europeenne) մը առկայութիւնը առիթ կ՛ընծայեն, որ հարցը կրկին քննարկուի Բարձրագոյն ատեանի հեղինակաւոր միջամտութեամբ:
Օրհնութեամբ`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ