Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Ու կը տեղայ, կը տեղայ … եւ ուժգնօրէն կը տեղայ,
Ջրաթելեր հոսանուտ եւ ծառերէն կը տեղան,
Խեղճ թեւիկներ թրջուած թաքչուելով կը ցաւին
Տերեւներուն թոյլ տկար, որ ճիւղերէն վար կ’իյնան…
Գուցէ մենք ալ թրջուելով պիտի անցնինք այս կեանքէն,
Բայց երանի թրջուիլն ըլլար միայն մէկ անգամ
Անհրաւէր սիրտ ճմլող ձախողանքի անձրեւով
Ու սորվէինք ճար գտնել, չթրջուիլ հեղ մըն ալ…
Արդեօք կտակ է մնաց թրջուիլը մեզ համար,
Կտակ լացող ամպերէն, կտակ լացող աչքերէ,
Ի՜նչ ինչ այտեր կը թրջուին աղի աղի արցունքով
Ցաւի հետքեր ձգելով, ու այրելով այրելով…
Ես չեմ ուզեր ցաւ տեսնել ոչ մի աղջկայ աչքերուն,
Կ’ուզեմ անձրեւը երգէ աղջկանց սիրոյ մեղեդին,
Կ’ուզեմ բարակ թելերով հիւսէ գարուն մը սիրուն
Վրան աղջկանց այտերուն եւ շրթներուն վարդերուն…