ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳՒՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Երբ ԱՆՄԱՀՆԵՐԸ կը խօսին՝ մտիկ ըրէ՛ք՝ թէ ի՛նչ կ’ըսեն… Անոնք ինկան մարտի դաշտին՝ հայրենիք կերտելու համար, ո՛չ թէ հայրենիքի դաշտը պատրաստելու՝ հայը հայու դէմ լարելու դիտումով…
«Մինչեւ Հայը հաւաքուի իր բոյնին մէջ»… Անհրաժեշտ է որ՝ «Հայը Հային կառավարի»… Ո՛չ թէ պատճառ փնտռէ կեղեքելու իր եղբայրներուն, զրկելով զանոնք, իրենց ազատ կամքը արտայայտելու իրաւունքէն. աւելի ճիշտը՝ պատճառ հանդիսանալով որ անոնք փողոց ելլեն՝ այլ ընտրանք չ’ունենալով՝ պահանջելու ազատ ապրելու իրաւունք…
Հայը պէտք է ըլլայ « իր երկրին տէրը», ո՛չ թէ իր երկրին ստրուկը… Ուստի, այսօրուայ հրամայականն է որ մեր «հայրենասէր», դիրքերու վրայ բազմած, եղբայրները, տասը մտածեն և յետոյ գործեն…
Կարելի չէ՛ բռնութեամբ կառավարել մեր Պապերու Երկիրը…
Իր վերջին պատգամին մէջ, Անմահն Դրօ կը թելադրէ՝ որ «Հայը լինի իր երկրին տէրը, Հայը լինի իր ազատութեան տէրը»… Պայման է որ Հայը տէր կանքնի Հայուն, ո՛չ թէ կոխկրտէ անոր ազատատենչ ոգին։ Ազատ ու անկաշկանդ ապրելու կամքը՝ բնական իրաւունքն է բոլոր անոնց, որ հայրենիք կերտելու ճամբուն վրայ կ’իյնան, իրենց արեան գնով երաշխաւորելով այդ նուաճումը։
Առ այդ, ո՛չ մէկը թող չհաւակնի ըսելու՝ թէ մեր Հայրենիքը իրն է՝ թէ ի՛նքն է անոր միա՛կ տէրը՝ թէ իրն է միա՛կ իրաւունքը՝ տնօրինելու մեր դժուար վաստակած հայրենիքի պայմանները…
Հայրենիքի տէրն ու տիրականը՝ ինքն է՝ Հայը, Հայ ժողովուրդը և, առ այդ, անորն է իր ինքնորոշման իրաւունքը… Ուստի, մեզի պէտք չե՛ն, ո՛չ դասադուլ, ո՛չ գործադուլ, ո՛չ ալ զրահապատ մեքենաներ… Ո՞վ, որու դէմ է… Հայը՝ Հայու՞ն… Նամանաւանդ այս ԱՊՐԻԼ ամսո՞ւն. երբ մեր դարաւոր թշնամիները՝ թուրքն ու ազերին մեր ամէն մէկ շարժումը կը դիտեն ուշի ուշով՝ ճեղք մը գտնելու միտումով, ներս թափանցելու մեր ազգային ամրոցէն և մեզ հարուածելու մեր թիկունքէն…
ԱՊՐԻ՛Լ է, մեր ամենէ՛ն աւելի խոցելի ժամանակը. երբ մենք ինկանք թուրքի ձեռքով, բայց կրցանք դառձեալ ոտքի կանգնիլ, մեր թշնամւոյն նախանձը շարժելով, անոր զայրոյթը գռգռելով և անոր ատամներուն կրճտոցը լսելով… Սակայն ան միա՛յն ձեռնածալ նստելով չի՛ գոհանար։ Ան արթուն կը հսկէ մեզ, որպէսզի դարձեալ ցաւ պատճառէ մեզի, որ անմտօրէն իրարու դէմ կանգնած ենք, այսօր, նման Դաւիթի ու Գողիադի, թշնամիներ ըլլայինք…
Արթնցի՛ր Հայ Ժողովուրդ… Ա՛յս ժողովրդավարական օրերուն, մեր միա՛կ փրկութիւնը՝ մեր համաձայնութեան մէջն է, մեր համաշունչ ըլլալու մէջն է… Հարկ չկա՛յ ուժի ցուցադրութեան… Այս դարը խօ՛սքի դար է… Երկխօսութեան դարը… Չէ՞ որ մենք քաղաքակիրթ ժողովուրդներէն կը դասուինք… Մե՛նք ալ այդպէս կը մտածենք, չէ՞… Մեզի վայել չէ՛ խուժանի վերածուիլ… Ո՛չ ալ ամբոխավար ըլլալ. մենք բանականութեան տէր մարդիկ ենք և գիտենք ինչպէս խուսափիլ անախորժութիւններէ… Բիրտ ուժի դիմելէ…
Մենք մի՛շտ հսկողի դերին մէջ ըլլալու ենք. մի՛շտ կազմ ու պատրաստ դիմագրաւելու մեզի սպառնացող վտանգները, որոնք կրնան յայտնուիլ որեւէ ատեն և խլել մեր ամենաթանկագին ունեցուածքը՝ մեր Անկախութիւնը, որուն այնքան երկա՜ր սպասեցինք… և ունեցանք։
Հազար փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի նուիրեց զայն առանց ոեւէ մէկ Հայու քիթը արիւնելու… Իսկ, հի՛մա. ի՞նչ կ’ընենք մենք… Մեր հայրենիքը կ’ուզենք վերածել ռազմադաշտի որպէսզի մեր կամքը պարտադրե՛նք Հայո՞ւն՝ մեր եղբօ՞ր, որու հետ այնքան հրճուեցանք երբ Մեր Հայրենիքը մեզի տրուեցաւ… Մենք Հայրենիք կ’երազէինք ունենալ՝ որպէսզի ազատ շնչենք մեր Պապենական Հողին վրայ և Դրոյի խօսքերով. «Մինչեւ Հայը հաւաքուի իր բոյնին մէջ. Հայը Հային կառավարի, ո՛չ Անգլիացին, ո՛չ Ամերիկացին, ո՛չ Ռուսը, ո՛չ Թուրքը. Հայը լինի իր երկրին տէրը. Հայը լինի իր ազատութեան տէրը»։