«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ
Անգամ մը եւս յորդեցաւ ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան Կեդրոնը եւ վստահաբար ներկաներու յիշողութեանց մէջ երկար ու անմոռանալի պիտի մնայ շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոն, երբ Կեդրոնի հանդիսասրահը այդ երեկոյ դարձեա՛լ դարձած էր բազմամարդ ու հրաւիրեալներու փաղանգը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ եկած էր մասնակից դառնալու, ոգեկոչելու եւ ապրելու Արեւելահայ դիւցազնաշունչ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին յոբելեանը, անոր ծննդեան 125 -ամեակին առթիւ:
Իրապէս եզակի ու ամբողջութեամբ հայաբոյր հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հիւպատոս Տիար Լէոնարտ Ապաճեանն ու Դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Տիար Ստեփան Գէորգեանը՝ իրենց ազնիւ տիկիններով, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, խմբագիրներ, բժիշկներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, կրթական մշակներ եւ չարենցասէր հոծ բազմութիւն մը:
Երեկոն սկսաւ ճիշդ որոշեալ ժամուն, «Խօսնակ» Մշակութային Յանձնախումբի ժրաջան անդամուհիներէն Մարալ Առնելեանի բացման խօսքով: Առնելեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մշակութային Յանձնախումբս, միշտ մնալով իր կոչումին հաւատարիմ, ահա կրկին նախաձեռնած է նոր միջոցառման մը, որ կը խորհինք, թէ իր էութեամբ հրամայական պահանջքի մը շարժառիթն է, եւ որ կը ձգտի վերյիշելու հայ հանճար մը, վերյիշեցնելու տաղանդաւոր քերթող մը, վերապրելու եւ վերապրեցնելու հայ մեծութիւն մը, որուն գրականութեամբ մեծցան ու հպարտացան սերունդներ՝ դար մը եւ աւելի… եւ որուն տաք շունչով հասակ առինք եւ շնչեցինք նաեւ մենք՝ ըմբոշխնելով բոցաշունչ քերթուածները՝ անմահանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին, որուն ծննդեան 125 -ամեակն է այս տարի:
Մշակութային Յանձնախումբիս համար, կը խորհինք, որ բարոյական պարտք էր յոբելենական այս երեկոն կազմակերպելը, եւ նոյն առթիւ լսելու անոր կեանքին ու ստեղծագործութեանց մասին: Այս առթիւ, Յանձնախումս նպատակայարմար գտաւ լսել՝«Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր, հրապարակագիր, արձակագիր եւ բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեանը, խորհելով, որ վստահաբար բանաստեղծ մը կրնար լաւագոյնս հրամցնել անմահանուն մեծութիւն Չարենցը՝ մեզի»:
Բացման խօսքին յաջորդեց Գեղարուեստական կոկիկ ու խնամուած յայտագիր մը եւ առաջին հերթին հանդէս եկաւ լիբանանահայ բեմերու սիրուած երգչուհի Հայկանա Մուրատեանը, որ իր քնքուշ ձայնով երգեց Ալեքսի Հէքիմեանի «Իմ Անի» երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ փորձառու դաշնակահար Թորոս Հալաճեանի: Երգի աւարտէն ետք բեմ բարձրացաւ գաղութիս ծանօթ ասմունքողուհի Լիանա Ամիրխանեան եւ ներշնչումով ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Երազ տեսայ» բանաստեղծութիւնը՝ պարգեւելով ապրում ու ուրախութիւն:
Հայ մեծանուն աշուղ Սայեաթ Նովային նուիրուած յաջող ասմունքի կատարումէն ետք, Չարենցի կեանքի հանգրուաններուն ընթերցումը ներկայացուցին Յանձնախումբի գործօն անդամուհիներ՝ Ռիթա Թամուկեանը եւ Ռիթա Շահինեանը՝ յաջողապէս, ներկաներուն հրամցնելով Չարենցի ապրած տարիներուն կեանքի ուրախ եւ տխուր անցուդարձերը եւ ելեւէջները:
Հրամցուած տեղեկութիւններուն յաջորդեց Չարենցի կեանքին նուիրուած տեսաերիզ, ծնունդէն մինչեւ անոր ողբալի մահը, պատրաստուած՝ երիտասարդ ուսուցիչ ու մանկավարժ՝ Աւետիս Տիպանի կողմէ:
Տեսաերիզի ձգած տպաւորութիւնը շարունակուեցաւ, երբ երիտասարդ ջութակահար Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի վրայ խոր ապրումով նուագեց հայկական գողտրիկ ժողովրդային եղանակներ, զուարթ տրամադրութիւն ցանելով սրահէն ներս:
Ջութակին ձգած հաճելի համոյթէն ետք, Աւետիս Տիպան ընթերցեգ Չարենցի ապրած սէրերուն, սիրուհիներուն ու անոնց ինքնութեանց ծանօթութիւնը՝ հանդարտ ու խորհրդաւոր ոճով, ստեղծելով մեծ հետաքրքրութիւն:
Հաճելի էր պահը, երբ դաշնամուրի վրայ հանդէս եկաւ երիտասարդ ու խոստումնալի դաշնակահար Համբիկ Մարտիրոսեան եւ նուագեց Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք»-ը արժանանալով բուռն ծափերու:
Դաշնամուրի ականջահեշտ ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավար Մ.Առնելեան բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօս՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ -ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի երկարամեայ խմբագիր, բանաստեղծ եւ արձակագիր Տիար Համբիկ Մարտիրոսեանը: Պարոն Մարտիրոսեան իր բանախօսութեան սկսաւ Չարենցեան քերթողութեան ասմունքով, առաջին րոպէէն գրաւելով ուշադրութիւնը ակնդիրներուն, բարձրաձայնելով «Ամբոխները Խելագարուած» պոէմին նախերգանքը.
«Հեռու, մօտիկ ընկերներին,
Աշխարհներին, արեւներին, հրանման հոգիներին,
Բոլոր նրանց, ում որ հոգին վառւում է վառ,
Բոլոր նրանց հոգիներին արեւավառ,
Կեանքի, մահի, այս ամեհի աղջամուղջում
Ողջակիզուող հոգիներին, ողջո՜յն… ողջո՜յն..:
Եւ ապա դասախօս Պարոն Մարտիրոսեան շարունակեց. «այս ի՜նչ մեծութիւն է եւ սքանչելի երեւոյթ, որ իր ծնունդէն 125 տարի ետք իսկ, մեզ կը պարտաւորեցնէ որպէսզի նշենք մեծանուն հանճարին յիշատակը, հիանալով անոր դիւցազնաշունչ քերթողութեամբ, որ ունի կարկաջող ու յորդառատ գետի հզօր վազք, մանաւանդ գրական հարուստ ժառանգ, քերթող մը, որ՝ ապրեցաւ, որ՝ կ’ապրի եւ որ՝ պիտի ապրի դեռ դար ու դարեր:
Ապա, ան հանգամանօրէն ներկայացնելով հայ գրականութեան մեծ տիտան Եղիշէ Չարենցի գրական ճանապարհն ու գրական ժառանգը, ըսաւ. «Եղիշէ Չարենց, այն եզակի մեծութիւնն է, որ դարձաւ գրական նոր դպրոց, ստեղծեց գրական մեծ ամպհովանի ու դարձաւ Մաշտոցի աւազանին մէջ մկրտուած իսկական քանքար, հակառակ անոր, որ նորացող այս աշխարհի մէջ, օրերու եւ տարիներու թաւալքին հետ կը հիննան նոյնիսկ գրական շատ մը դէմքեր, իսկ Չարենցի գիրն ու գրականութիւնը մինչեւ այս պահը կը պահեն իրենց կախարդող այժմէականութիւնը, անանցելի հմայքը՝ ասպետական վեհանձնութեամբ:
Պարոն Մարտիրոսեան մատնանշելով Չարենցին մեծութիւնը եւ անոր «Չարենցեան դպրոց»-ի հիմնադիր ըլլալու հանգամանքը, ունեցած բարձրագոյն ու անկրկնելի արժէքը, յուշեց Չարենցի քերթողութեան ինքնաճանաչման տողերը՝ յաղթադրոշմ.
«Ես մարդ եմ, պոէտ ու քաղաքացի,
Ինձ համար չարը դառնում է բարի,
Անգոյն առօրեան մոգական երազ,
Սիրում եմ բոլոր գոյներն աշխարհի..:
Ի հարկէ, դասախօսութեան ընդմէջէն Չարենցի ստեղծագործութիւնները մերթ մեծ ոգեւորութեամբ, մերթ ալ յուզականութեամբ հնչեցուց յարգելի դասախօսը, իր գործերուն ընդմէջէն աւելի ու աւելի ճանաչելի դարձնելով Չարենց-մարդը, Չարենց-քերթողը, Չարենց-ազգային ու քաղաքական գործիչը եւ Չարենց՝ յեղափոխականը: Իսկ ակնարկելով անոր ազգային բիւրեղ պատկանելիութեան, պատանեկան ու երիտասարդական տարիներու բոցաշունչ ու քնարաշունչ քերթուածներուն, հայրենասէր բանաստեղծին հայ հողի ազատագրման կամաւորական շարժման մէջ ունեցած դերին, մանաւանդ գրականութեան ընդմէջէն հայկականութեամբ բաբախող անոր բաց սիրտին ու ընթեռնելի հոգիին, յայտնեց իր զմայլանքն ու հիացումը՝ տակաւին երիտասարդ հանճար Չարենցին:
Ան, մեծ յարգանքով յիշեցուց Չարենցի ժամանակին հնչեցուցած սթափեցնող ու միշտ անլռելի կոչը, որ այսօր եւս հայ ժողովուրդի զանգուածները իմաստութեան հրաւիրող ահազանգ մ’է՝ հակառակ իր մէկդարեայ հնչեղութեան, ուր ան կ’աղաղակէ՝
-Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը՝ քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Յարգելի դասախօսը կարեւորելով սթափեցման կոչին այժմէականութիւնն ու անժամանցելիութիւնը, աւելցուց. «այսօր հայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որքա՜ն պէտք է գիտակցօրէն ու իմաստութեամբ մօտենայ, որդեգրէ եւ գործնականացնէ այս լոզունգը, որ հրամայական պահանջք է եւ ցնցող ազդանշան միաժամանակ»: Դասախօս Պարոն Մարտիրոսեան անդրադարձաւ նաեւ Չարենցի կեանքի ոլորտներուն, ստանձնած պաշտօններուն ու դերերուն, գրական գործերուն միջազգայնօրէն ունեցած արժէքին, թուելով «Երկիր Նայիրին», «Ամբոխները խելագարուածը», «Սոմա»-ն, «Աթիլլա»-ն եւ այլ գլուխ գործոցներ, զարմանալով տեղ մը, թէ ինչո՞ւ այդօրերու գրականագէտներ զինք չեն գնահատած ու ճանչցած որպէս ժամանակի հանճարեղ երիտասարդ, երբ անոր 18, 19, 20 եւ 21 տարեկանին գրած բանաստեղծութիւնները, պոէմները եւ հրաշունչ ու քնարաշունչ տողերն ու տաղերը սքանչելի հրաշագործութիւններ են:
Բանախօսութեան ընթացքին Յարգելի դասախօսը ակնարկեց անոր «Չարենց» գրական ծածկանունը որդեգրած ըլլալու հանգամանքներուն, եւ այդ ուղղութեամբ ալ յիշեց դրուագներ ու դէմքեր, սակայն մատնանշեց Չարենցի ինքնախոստովանութիւնը՝ իր գրական ծածկանունին հետ կապուած, որ նաեւ ինքնաճանաչում է եւ ինքնավստահ քայլ՝ դէպի ապագան.
Ե՛ս եմ հիմա- մի պոէտ. իմ անունը՝ Չարենց,
Պիտի վառուի դարերում, պիտի լինի բարձր ու մեծ…:
Ան, հերթականութեամբ ու հպանցիկօրէն յիշեց Չարենցի կեանքի բոլոր հանգրոււանները, կնքած ամուսնութիւնները, սիրահարութիւնները, եւ՝ Չարենց բանաստեղծին «խենթ» արկածախնդրութիւնները եւս: Խօսեցաւ՝ 1935 թուականներուն Հայաստանի Խորհրդային շրջանի Առաջին քարտուղար, հայրենասէր ղեկավար Աղասի Խանջեանի Չարենցը ազատելու եւ արտասահման ճամբելու ճիգերուն մասին… որ սակայն աւարտեցաւ դաւադիր ձեռքերու կողմէ Խանջեանի սպանութեամբ:
Ան արձագանգեց նաեւ հայրենասէր հայ մեծանուն տաղանդներուն Չարենցի մասին արտայայտած հիասքանչ միտքերուն, յիշատակելով Վիլեամ Սարոյեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Վահան Տէրեանի եւ Պարոյր Սեւակի գնահատանքի վաւերական խօսքերը:
Իր խօսքին մէջ ան յիշեց ցաւոտ ու տխուր պարագայ մը եւս եւ ըսաւ. «Չզարմանանք, Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ (1918-1920), Չարենց օրուան իշխանութիւններուն կողմէ հալածուեցաւ որպէս համայնավար, որպէս կարմիր գրող, իսկ Խորհրդային ժամանակաշրջանին ալ հալածուեցաւ՝ որպէս ազգայնամոլ գրող… եւ որ ապագային ունեցաւ աղիտալի վախճան… նոյնիսկ ան չունեցաւ գերեզման»..: Ապա Պարոն Մարտիրոսեան ըսաւ հաստատակամօրէն, «ինչ փո՜յթ, թէ Չարենց չունեցաւ գերեզման, ան հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներուն մէջ գտած է իր վերջնական հանգրուանը եւ կ’ապրի բոլորիս սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ պիտի ապրի տակաւին դար ու դարեր..»:
Պարոն Մարտիրոսեան իր դասախօսութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ ասմունքեց Չարենցի ծանօթ ու անծանօթ քերթուածներէն՝ մեծ ներշնչանքով, ապրումով, ու իր շրթներէն բարձրացան՝ «Լուսամփոփի պէս աղջիկ», «Հեռացումի խօսքեր», Ամբոխները խելագարուած» , «Սոմա», ու «Կոմիտաս»-ը: Իսկ բանախօսութեան աւարտէն առաջ, ան մէջբերեց անմահանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծանօթ քառեակը՝
«Ուշ ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած…
Ծնւում են նրանք, ճիշդ ժամանակին
Եւ ժամանակից առաջ են ընկնում…
Դրա համար էլ չեն ներում նրանց…»:
Պարոն Մարտիրոսեան իր հրաշունչ խօսքը եզրափակեց ասմունքելով Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հանրածանօթ քերթուածը, լաւագոյնս տպաւորելով ներկաները, որոնք բանախօսութեան աւարտին յոտնկայս ու երկար-երկար ծափեցին պարոն Մարտիրոսեանը, իր բացառիկ դասախօսութեան համար:
Դասախօսին հաճելի ու իրապէս տպաւորիչ ու խանդավառող խօսքին յաջորդեց «Խօսնակ»-ի նորակազմ «ՇՈՂԵՐԳ» երգեցիկ խումբին անդրանիկ ելոյթը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թորոս Հալաճեանի եւ դուդուկի նուագակցութեամբ աշխոյժ պատանի Նայիրի Առնելեանի: «ՇՈՂԵՐԳ» երգեցիկ խումբին մաս կը կազմէին շնորհալի երգչուհիներ՝ Հայկանա Մուրատեանը, Ցոլինէ Մելքոնեանը, Յասմիկ Հալաճեանը եւ Զարմինէ Ջիլափոշեանը:
… Այժմ, հանդիսութեան վարագոյրը փակուած է արդէն… սակայն, մենք այդ գիշեր տեսանք, թէ ինչպէս մեծանուն բանաստեղծի հոգին կը ճախրէր սրահի մէջ՝ մեր գլխավերեւ, կը հրճուէր ու Չարենցի տաք շունչը սիրտէ սիրտ կը թափանցէր, հայրենասիրութեան հուրով շաղախելով հոգիները..: