Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները 17-էն 21 նոյեմբերին այցելած են Ազրպէյճան, իսկ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` Հայաստան եւ Արցախ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` պատասխանելով լրագրողներու փոխանակման ծրագիրի վերաբերեալ հարցումին:
«17-էն 21 նոյեմբերին տեղի ունեցած է լրագրողներու խումբերու փոխանակում. Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները այցելած են Ազրպէյճան, իսկ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` Հայաստան եւ Արցախ:
Ծրագիրը նախապատրաստուած եւ կեանքի կոչուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի համակարգումով եւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի համապատասխան նախարարութեանց ներգրաւումով», յայտնած է ան: