https://darperag21.net-
Ամէն առիթով, երբ կը խօսինք լիբանանահայութեան դիմագրաւած տնտեսական-ընկերային տագնապին մասին, կը նշենք նաեւ, որ մեր իրականութեան մէջ կան իսկապէս կարօտեալ ընտանիքներ, որոնք դեռ երկու տարի առաջ թէեւ ինքնաբաւ, բայց այսօր կը գտնուին նիւթական ծանր պայմաններու մէջ:
Կը լսէինք հայ ընտանիքներու մասին, որոնք ամիսներէ ի վեր միսով կամ հաւով ճաշ չեն կերած՝ անմատչելիութեան պատճառով: Կը լսէինք, բայց չէինք ճանչնար զանոնք:
Հետաքննական այս յօդուածին հեղինակները անոնք են՝ առնուազն հինգ ընտանիքներ, որոնց հետ խօսեցանք ոչ միայն ծանօթանալու անոնց, այլեւ անոնց ձայնը լսելի դարձնելու պատասխանատու շրջանակներու:
Բնականօրէն պիտի չտանք Մարաշ, Կիլիկիա, Նոր Սիս եւ Թրատ թաղերը բնակող մեր այդ հայրենակիցներուն անունները՝ յարգելով անոնց արժանապատուութիւնն ու գաղտնիութեան իրաւունքը:
Առաջին հայ ընտանիքը, որուն հետ խօսեցանք, կը բաղկանայ հինգ հոգիէ՝ հայր, մայր եւ երեք զաւակ՝ բոլորը դպրոցական տարիքի. կը յաճախեն հայկական վարժարան:
Տան հայրը գրեթէ անգործ է, երբեմն կիսաժամ կ’աշխատի: Տիսքի գործողութեան ենթարկուած է եւ կը տառապի շունչի նեղութենէ: Ամիսը 500 հազար արժողութեամբ դեղ կը գործածէ: «Ամիսը 3 միլիոն լիբանանեան ոսկի անհրաժեշտ է միայն ուտեստեղէնի համար, որուն վրայ եթէ գումարենք տան վարձքը, դպրոցական, ելեկտրականութեան, փոխադրամիջոցի եւ դեղորայքի ծախսերը, ամիսը վեց միլիոն լիբանանեան ոսկին բաւարար պիտի չըլլայ մեզի պէս ընտանիքի համար, իսկ մենք գրեթէ եկամուտ չունինք», բացատրեց ընտանիքին մայրը:
Այս ընտանիքը ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի օժանդակութիւն կը ստանայ բարեսիրական հաստատութիւններէ, բայց բոլոր դեղերը չեն գտնուիր անոնց մօտ, հետեւաբար պարտաւոր են շուկայէն գնելու: «Վերջերս Առաջնորդարան գացի, նիւթականի պէտք ունիմ ըսի, այժմ գումար չկայ ըսին», նշեց ընտանիքին մայրը՝ աւելցնելով` «Վստահ եմ՝ հայկական միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները օգտակար կը դառնան, բայց փոքր գումարներով: Սղութեան օդանաւը կը թռչի, չենք հասնիր ետեւէն: Չապրուելիք երկիր եղաւ: Սթրէսի մէջ ենք»:
Երկրորդ ընտանիքը կը բաղկանայ 4 հոգիէ՝ հայր, մայր, երկու զաւակ՝ դպրոցական: Տան հայրը կ’աշխատի միայն: Պաշտօնեայ է մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի ամսականով: Ան օրական 20 հազար լիբանանեան ոսկի կը ծախսէ փոխադրամիջոցի՝ գործի երթալ գալու: 450 հազար լիբանանեան ոսկի կը վճարեն 3 ամբեր ելեկտրականութիւն ստանալու համար (ծանօթ՝ իշթիրաք): «Պիտի կեցնենք եթէ գիները աւելի սղին», ըսաւ տան մայրը՝ աւելցնելով. «Զրկուած ենք միսէ եւ պտուղէ: Զաւակներս դեռ դպրոց չեմ արձանագրած, որովհետեւ հին պարտք ունինք եւ արձանագրութեան դրամը չունիմ»:
Այս ընտանիքը խորհրդանշական գումարներ կը ստանայ հայկական բարեսիրական հաստատութիւններէ: «Վերջերս ըսին, որ պէտք է Քառասնից Մանկանց եկեղեցի երթամ արձանագրուելու: Ըսին նիւթական օժանդակութիւն կայ՝ գացի, բայց վէճ ու հրմշտուք եղաւ, պատասխանատուները կեցուցին արձանագրութիւնը», դիտել տուաւ ան: «Կ’առաջարկեմ՝ դպրոցները ձրի ընել, չեմ ուզեր արաբական ղրկել», աւելցուց ան:
Ամսական հերթական օժանդակութիւն կ’ակնկալէ այս ընտանիքը:
Երրորդ ընտանիքը կը բաղկանայ չորս հոգիէ՝ հայր, մայր, երկու զաւակ՝ ութ եւ տասը տարեկան: Ընտանիքին հայրը չ’աշխատիր, գործազուրկ է եւ հիւանդ, իսկ տան մայրը ստիպուած է տունը մնալու, որովհետեւ զաւակներէն մէկը autistic եւ մնայուն խնամքի կը կարօտի: Վարձք չեն կրնար վճարել, իշթիրաք ելեկտրականութիւն չունին: Կ’ապրին միայն բարեկամներու օժանդակութեամբ եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ուտեստեղէնի նպաստներով: Նոյնիսկ միջոցը չունին իրենց զաւակը դպրոց արձանագրելու, թէեւ դպրոցը դիւրութիւններ կ’ընծայէ: «Վերջերս հայ երիտասարդ մը եկաւ, հարցումներ հարցուց, տունը նկարեց, օժանդակութիւն խոստացաւ, բայց մէյ մըն ալ չերեւցաւ», գանգատեցաւ տան մայրը: «Որոշած եմ նման անձեր չընդունիլ այլեւս», աւելցուց ան:
Չորրորդ ընտանիքը կը բաղկանայ հինգ հոգիէ՝ հայր, մայր եւ երեք զաւակ: Հայրը կ’աշխատի, բայց եկամուտը սահմանափակ է: «Աշխատողը իր իրաւունքը չ’ստանար այս երկրին մէջ: Եկամուտը միայն ուտելիքի չի բաւեր», յայտնեց տան մայրը:
Ելեկտրականութիւնը (իշթիրաքը) դրացիին հետ միասին առած են, բայց հինգ ամբերին գինը մօտեցած է մէկ միլիոնի, հետեւաբար կը մտածեն կեցնել, այսինքն մութի մէջ մնալ: Տան սառնարանը խանգարուած է եւ նորոգութեան կարիքը ունի, բայց անհրաժեշտ գումարը կը պակսի:
Բարեբախտաբար երեք դպրոցական զաւակները աշխատասէր են եւ իբրեւ այդպիսին կրթանպաստ կը ստանան: Բժշկական կարիքները բարեսիրական հաստատութիւնները կը հոգան: «Լիբանանի մէջ ապրիլը շատ դժուրացած է: Պարտքերու տակ կքած ենք: Աշխատողին ալ հաց չկայ, չաշխատողին ալ: Ուտեստեղէնի նպաստները օգտակար են, բայց նիւթականը աւելի կարեւոր է, օրինակ Առաջնորդարանի տրամադրած նիւթական օժանդակութիւնը շատ օգտակար եղաւ», ըսաւ տան մայրը՝ կոչ ուղղելով բարերար միութիւններու եւ անհատներու, որ աւելի կեդրոնանան նիւթական օժանդակութեան վրայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր պարագայ ինք գիտէ ճիշդ ինչի պէտք ունի:
Հինգերորդ ընտանիքը կը բաղկանայ 5 հոգիէ՝ մայր, հայր եւ 3 զաւակ՝ 11 եւ 7 տարեկան ու նորածին: Ներկայիս տան հայրը մասնակի գործ ունի. կ’աշխատի ընկերութեան մը մէջ՝ սահմանափակ եկամուտով, մինչ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիէն աւելի կարիքը կայ միայն նորածինին կաթ ու շորիկ եւ միւս անդամներուն ուտեստեղէն ապահովելու համար: Տան վարձքը 350 հազար է, իշթիրաքը՝ 750 հազար լիբ ոսկի: «Բնաւ օգնական չունինք: Կաթի եւ շորիկի պէտք ունինք: Նուազագոյնը նորածինին կարիքները հոգան: Բարեբախտաբար, դպրոցական ծախս չունինք, որովհետեւ դպրոցը այս տարի ձրի է, բայց դժուարութիւն ունինք արձանագրութեան 300 հազարը վճարելու», դիտել տուաւ տան մայրը:
Ահաւասիկ պատմութիւնը հինգ հայ ընտանիքներու, որոնք կը դիմագրաւեն ծանր ներկայ մը եւ անորոշ ապագայ մը: Ճիշդ է, որ տագնապը համալիբանանեան է, բայց կ’ուզենք հաւատալ, որ մենք տարբեր ենք, մենք կազմակերպուած համայնք ենք եւ անհրաժեշտ պարագային ներքին կարգով լուծումներ կը գտնենք մեր դժուարութիւններուն:
Պետութիւն չենք, ճիշդ է, եւ լուծումները պետական լծակներու կը կարօտին, բայց երբ կը յաւակնինք կազմակերպուած հաւաքականութիւն մը ներկայացնելու, ուրեմն ցոյց տանք այդ կազմակերպուածութեան ներուժը, որ կարելի է արտայայտել միայն ծրագրուած աշխատանքով ու համագաղութային միացեալ ճիգերով: