Խոր անտառի մը բերանը խրճիթ մը կար: Այդ խրճիթին մէջ կնոջ ու երեք աղջիկներուն հետ կ՛ապրէր աղքատ փայտահատ մը:
Առաւօտ մը, գործի գացած ատեն, կնոջը կ՛ըսէ . – Ա՛յ կնիկ, այսօր գործս մինչեւ կէսօր չեմ վերջացներ. մեր մեծ աղջկան հետ ինծի համար ճաշ կ՛ուղարկես անտառը: Ես ալ հետս տոպրակ մը կորեկ կը վերցնեմ, ցրելով կ՛երթամ, որ այդ նշանով գայ ու ճամբան չկորսնցնէ:
Ճաշը պատրաստ ըլլալուն պէս՝ մեծ աղջիկը կերակուրը կ՛առնէ, ճամբայ կ՛ելլէ: Բայց ծիտերը, արտոյտները, սարեակները ու դեղձանիկները ցրուած կորեկը արդէն վեր քաղած կ՛ըլլան, ու աղջիկը չկրնար գտնել հօր հետքը: Կը քալէ, կը քալէ, մինչեւ արեւը մայր կը մտնէ ու կը մթննայ անտառը: Խաւարին մէջ ծառերը կը շրշնջեն, բուերը կը կանչեն, կը կռնչեն, ու աղջիկը կը սկսի վախնալ:
Մէյ մըն ալ կը տեսնէ՝ հեռուն, ծառերուն միջեւ լոյս մը կը փայլփլի:
- Այնտեղ երեւի մարդիկ կ՛ապրին, երթամ անոնց մօտ մնամ այս գիշեր, – կը մտածէ աղջիկը ու կ՛երթայ մինչեւ փայլփլող լոյսը:
Կ՛երթայ կը հասնի տնակի մը, դուռը կը թակէ:
- Ո՞վ ես, ներս եկուր, – ձայն մը ներսէն կը կանչէ: Աղջիկը ներս կը մտնէ, կը տեսնէ ալեւոր մարդ մը նստած, գլուխը կախ, սպիտակ մորուքը ալիքաձեւ, կ՛իջնէ մինչեւ գետին: Իսկ միւս կողմը պիսակաւոր կով մը, հաւ մը ու աքլոր մը:
Աղջիկը կը պատմէ ծերունիին, որ ինչպէս ինքը մոլորուած էր անտառին մէջ, ու կը խնդրէ, որ տեղ տան գիշերը մնալու:
Ծերունին կը դիմէ իր կենդանիներուն.
-Սիրուն հաւիկ, իմ լաւիկ,
Պիսակաւոր ու նախշուն իմ կովիկ,
Եւ դուն, աքլոր ճարպիկ,
Ի՞նչ կ՛ըսէք դուք ասոր։
Կենդանիներ միասին կը պատասխանեն, – Լա՜ւ:
Այն ժամանակ ծերունին աղջկան կ՛ըսէ.
- Հրամեցէ՛ք, մեր աչքին վրայ, սիրուն աղջիկ, մեր դուռը բաց է, տունը լեցուն:
Հրամեցէ՛ք, մօտեցիր կրակին, կերակուր պատրաստէ մեզի համար ալ, քեզի համար ալ:
Աղջիկը կը մտնէ խոհանոց եւ, ճիշդ այդպէս ալ, կը գտնէ ամէն բան առատ-առատ: Լաւ ընթրիք մը կը պատրաստէ, ծերունիին առջեւ կը դնէ լիառատ սեղան մը, ինքն ալ անոր հետ կը նստի, կ՛ուտէ, կը խմէ, կը կշտանայ: Կշտանալէն ետք.- ես յոգնած եմ, – կ՛ըսէ, – հիմա ո՞ւր պիտի քնանամ: – Այն ժամանակ կովը, հաւն ու աքլորը կը պատասխանեն:
-Անոր հետ դուն կերար
Ու խմեցիր, ինչ որ կար,
Անտեսեցիր նոյնիսկ մեզի.
Գնա, քնացիր ուր կ՛ուզես:
Այն ժամանակ ծերունին կ՛ըսէ.
- Բարձրացիր, աստիճաններուն գլխուն սենեակ մը կայ: Այն սենեակին մէջ կայ երկու անկողին. Անկողինները պատրաստէ, ես ալ կուգամ, կը քնանանք:
Աղջիկը վեր կը բարձրանայ, անկողինները կը դնէ, ու ալ ծերունիին չի սպասեր, ինքը կը պառկի ու կը քնանայ: Քիչ մը ետքը ծերունին կուգայ, մոմի լոյսով կը նայի աղջկան ու գլուխը կը շարժէ: Գիշեր ժամանակ, երբ կը տեսնէ աղջիկը խոր քնացած է, մահճակալին տակը գաղտնի դուռ մը կայ, կը բանայ, աղջկան կը նետէ ներքնայարկ ու կրկին կը փակէ:
Փայտահատը իրիկունը տուն կուգայ, կը բարկանայ կնկան վրայ, որ իրեն ամբողջ օրը անօթի ձգած է:
— Ես ինչ ընեմ,— կը պատասխանէ կինը,— ճաշը տուեր եմ մեր մեծ ադջկանը՝ ղրկեր եմ , ինչպէս կ՛երեւի, ճամբան կորսնցուցած է, չէ գտեր, ինքն ալ տուն չէ եկեր տակաւին։
Փայտահատը միւս օրն ալ առաւօտեան կանուխ կ՛արթննայ ու կ՛երթայ անտառ: Կը պատուիրէ, որ այս անգամ կրտսեր աղջիկը տանի ճաշը:
- Այսօր հետս ոսպ կը տանիմ, – կ՛ըսէ, – որ ճամբուն վրայ ցրեմ: Ոսպը կորեկէն խոշոր է, աղջիկս դիւրիւն կը տեսնէ ու ճամբան չկորսնցեր:
Կէսօրին կրտսեր աղջիկը ճաշը կ՛առնէ ճամբայ կ՛ելլէ: Կը քալէ, կը քալէ, ոչ մէկ տեղ ոսպ չի տեսներ: Դուն մի ըսեր՝ դարձեալ թռչունները կերեր են, մէկ հատ չեն ձգած:
Աղջիկը անտառին մէջ կը թափառի, կը թափառի, գիշերը կը հանդիպի դարձեալ նոյն ծերունիին, հաց ու քնանալու տեղ կը խնդրէ: Ծերունին կը դիմէ կովին, հաւին ու աքլորին:
-Սիրուն հաւիկ, իմ լաւիկ,
Պիսակաւոր ու նախշուն իմ կովիկ,
Եւ դուն, աքլոր ճարպիկ,
Ի՞նչ կ՛ըսէք դուք ասոր։
- Լա՜ւ, – կը պատասխանեն կենդանիները: Կրտսեր քոյրն ալ, մեծ քրոջ նման ընթրիքը կը պատրաստէ, ծերունիին հետ կ՛ուտէ, կը խմէ-կը կշտանայ. Կենդանիներուն վրայ ալ ուշադրութիւն չի դարձներ: Երբ կը հարցնէ, թէ՝ ուր պիտի քնանամ, կենդանիները կը պատասխանեն.
- Անոր հետ դուն կերար,
Ու խմեցիր, ինչ որ կար,
Անտեսեցիր նոյնիսկ մեզի.
Գնա, քնացիր ուր կ՛ուզես:
Անմիջապէս ան կ՛երթայ թէ չէ, ծերունին ետեւէն կ՛երթայ, գլուխը կը թափահարէ ու դարձեալ ներքնայարկ կը նետէ:
Երրորդ առաւօտը փայտահատը կնկան կ՛ըսէ.
- Այսօր մեր փոքրիկ աղջկան ձեռքով ղրկէ ճաշը: Ան բարի է եւ ուշադիր: Ան ճամբան կը գտնէ, իր քոյրերուն նման չէ, որ ասդին անդին իյնայ:
Մայրը չուզէր երրորդ աղջկանը անտառ ղրկել։ Կուլայ, կ՛ըսէ.
- Աչքիս սեւն ու սպիտակը այս մնացեր է, ինչու կ՛ուզես ասոր ալ կորսնցնես մեծերուն նման:
- Դուն հանգիստ եղիր, – կ՛ըսէ փայտահատը, – ասիկա կորսուիլ չգիտեր, այս այնպէս խելացի է որ … ես ալ այսօր հետս սիսեռ կը տանիմ ճամբան ցրելու համար: Սիսեռը ոսպ չէ , անորմով այնպայման ճամբան կը գտնէ:
Բայց երբ աղջիկը ճաշը առած անտառ կը մտնէ, թռչունները արդէն սիսեռը կերած կ՛ըլլան: Աղջիկը կը մնայ տարակուսած, չիմանար՝ ո՛ր կողմը երթայ: Կը մտածէ, հոգ կ՛ընէ, թէ հիմա հայրը կ՛անօթենայ, մայրը կուլայ …
Կը փնտռէ ու կը փնտռէ, հօրը չի գտներ: Երբ կը մթննայ, հեռուն կը տեսնէ անտառի տնակին լոյսը ու կ՛երթայ դէպի լոյսի ուղղութեամբ: Ներս կը մտնէ, տեղ կը խնդրէ, ու ալեհեր ծերունին դարձեալ կը դիմէ իր կենդանիներուն:
-Սիրուն հաւիկ, իմ լաւիկ,
Պիսակաւոր ու նախշուն իմ կովիկ,
Եւ դուն, աքլոր ճարպիկ,
Ի՞նչ կ՛ըսէք դուք ասոր։
- Լա՜ւ … – կը պատասխանեն կենդանիները: Այն ժամանակ աղջիկը կը մօտենայ, կը գուրգուրայ հաւին ու աքլորին, կովին ճակատը կը շոյէ: Ծերունիին պատուէրով ընթրիքը կը պատրաստէ, կը դնէ սեղանին ու կ՛ըսէ.
- Ինչու՞ ես պէտք է ուտեմ, այս բարի կենդանիները անօթի նային:
Կ՛երթայ, կուտ կը բերէ հաւին ու աքլորին առջեւ, կովին համար ալ մէկ խուրձ խոտ:
- Կերէք, – կ՛ըսէ, – իմ սիրելիներս, ահա հիմա ջուր ալ կը բերեմ: – Կ՛երթայ ու մէկ դոյլ ջուր ալ կը բերէ ու կը դնէ իրենց դիմաց:
Բոլորին կը կշտացնէ, յետոյ ինքը կը նստի կ՛ուտէ, ինչ որ ծերունին ձգած էր : Իսկ երբ քնանալու ժամանակը կուգայ, կ՛ըսէ.
- Ժամանակը չէ՞ արդեօք, որ բոլորս ալ դադար առնենք …
-Սիրուն հաւիկ, իմ լաւիկ,
Պիսակաւոր ու նախշուն իմ կովիկ,
Եւ դուն, աքլոր ճարպիկ,
Ի՞նչ կ՛ըսէք դուք ասոր։
– Լա՜ւ … – կը պատասխանեն կենդանիները.
– Մեզի հետ կերար դուն միասին
Ու հոգ տարիր մեր մասին,
Բարի գիշեր քեզի, բարի,
Մուրազդ Աստուած կատարէ:
Այստեղ աղջիկը կը բարձրանայ աստիճաններէն վերեւ, անկողինները կը պատրաստէ: Ծերունին կուգայ ու կը քնանայ: Ինքն ալ միւս մահճակալին վրայ կը պառկի ու քուն կը մտնէ հանգիստ:
Գիշեր ատեն յանկարծ տունը կը դղրդայ, կարծես կը քանդուի ու տակն ու վրայ կ՛ըլլայ: Աղջիկը վախցած կ՛արթննայ, բայց աղմուկը կ՛անցնի, ինքն ալ նորէն կը քնանայ:
Առտու աչքը կը բանայ՝ ի՜նչ կը տեսնէ: Կը տեսնէ պառկած մեծ, շքեղ զարդարուած ու կահաւորուած դահլիճին մէջ, շուրջը թաւիշ ու ոսկի, հարաւային փարթամ բոյսեր ու ծաղիկներ կը վառուին առտուան արեւի ճառագայթներուն տակ: Կը տեսնէ, բայց աչքերուն չի հաւատար, կ՛ըսէ՝ երեւի երազի մէջ եմ: Այսպէս մտածելու պահուն ներս կը մտնեն երեք ճոխ զգեստաւորուած ծառաներ, խոնարհելով կը հարցնեն.
- Ի՞նչ կը հրամայէք, տիրուհի:
- Լա՛ւ, լա՛ւ, գացէք, – կը պատասխանէ քնաթաթախ աղջիկը, – հիմա ոտքի կ՛ելլեմ, ծերունիին համար կերակուր կը պատրաստեմ, կովին, հաւին ու աքլորին հոգ կը տանիմ:
Աղջիկը կը կարծէ, թէ ծերունին ալ արդէն արթնցեր է: Կը նայի անոր անկողինին, կը տեսնէ՝ ծերունին չկայ, տեղը պառկեր է օտար՝ գեղեցիկ երիտասարդ մը ….
Եւ ահա երիտասարդը աչքերը կը բանայ ու այսպէս զարմացած կը խօսի աղջկան հետ.
- Լսէ, սիրուն աղջիկ: Ես այս երկիրի թագաւորի որդին եմ: Չար վհուկը կախարդած էր ինծի ու դատապարտած, որ ես ծերունիի կերպարանքով ապրէի անտառին մէջ, ինծի հետ ոչ ոք ալ չըլլար, բացի իմ երեք ծառաներս, անոնք ալ կովի, հաւի ու աքլորի կերպարանքով:
Եւ այդպէս պէտք է մնայինք, մինչեւ յայտնուեր այն բարի աղջիկը, այն քնքոյշ սիրտը, որ ոչ միայն մարդկանց, այլ նաեւ ըլլար կենդանիներուն սիրող ու կարեկից …
Այն աղջիկը դուն եղար:
Քու շնորհիւ այս գիշեր կէս գիշերին, մենք բոլորս ազատուեցանք կախարդանքէն ու իմ պալատս, որ դարձեր էր անտառի հին տնակ մը, կրկին դարձաւ նախկին պալատը:
Ու թագաւորը կը կանչէ իր ծառաներուն, որ երթան աղջկան ծնողքը բերեն հարսանիքին:
- Բայց ո՞ւր են իմ քոյրերս, – կը հարցնէ աղջիկը:
- Անոնց ես փակեր եմ ներքնայարկին մէջ, – կը պատասխանէ երիտասարդը: – Վաղը կ՛ուղարկեմ անտառ, այնտեղ ածխարարին մօտ կը ծառայեն ու այնքան մնան, մինչեւ, որ դառնան աւելի բարի ու սորվին մտածել կենդանիներու մասին:
«Անտառի տնակը» հեղինակ՝ Կրիմմ Եղբայրներ Grimm Brothers – թարգմանութիւնը՝ Յ. Թումանեանի:
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ