Յունուար 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի խմբագրակազմին հետ, որուն մասնակցեցաւ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:
Սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան անդրադարձաւ 2017թ. ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն, նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն, ձեռնարկներուն լուսաբանման, ներկայացուց նոր խորագիրները, խմբագրութեան հետ աշխուժօրէն համագործակցող սփիւռքեան թղթակիցներուն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց 2018թ. յոբելենական իրադարձութիւններու` Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100, Երեւանի 2800, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման 10 ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու, համայնքային կեանքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լայն եւ համակողմանի լուսաբանումը, սփիւռքեան թղթակիցներուն հետ ամէնօրեայ աշխատանքը եւ թղթակցական ցանցի ընդլայնումը: