Պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնեաները լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ ընդառաջեցին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադուլի կոչին` իբրեւ բողոք երկրին ապրուստի պայմաններուն վատթարացման եւ տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն դէմ, ինչպէս նաեւ պահանջելով կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը:
Բայց եւ այնպէս պետական կարգ մը հաստատութիւններու մէջ արձանագրուեցան բացառութիւններ, եւ աշխատանքը շարունակուեցաւ` քաղաքացիներուն անհրաժեշտ եւ անմիջական ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով:
Նապաթիէի մէջ ընդհանուր գործադուլին մասնակցեցան սենտիքաներ, աշխատաւորներ, տնտեսական մարզի եւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներ:
Շրջանին մէջ փակ պահուեցան Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) գրասենեակները, «Օժերօ» եւ «Լիպանփոսթ» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանները:
Պաալպեքի եւ Հերմելի մէջ կատարեալ յանձնառութեամբ փակ մնացին պետական բոլոր հաստատութիւնները` ընդհանուր գործադուլին իբրեւ մասնակցութիւն:
Քուրայի մէջ պետական հաստատութեանց պաշտօնեաները ուղղուեցան իրենց գրասենեակները, սակայն գործադուլ կատարեցին: Անոնք ընդառաջեցին միայն քաղաքացիներուն կարիք ունեցած անմիջական գործառնութիւններուն կատարման:
Ժեզզինի եւ Հասպայայի մէջ փակ մնացին դպրոցներն ու դրամատուները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները` ելեւմտական մարզի վարչութիւններ, դատական ատեաններ, քաղաքապետարաններ:
Հալպայի եւ Աքքարի բնակիչները իրենց կարգին յանձնառու մնացին գործադուլին` փակ պահելով շրջանին պետական հաստատութիւնները, Տամանի գրասենեակները, «Օժերօ»-ն, դրամատուները, դեղարանները, դպրոցները, համալսարանները, վաճառատուները եւ Աքքարի գիւղաքաղաքները:
Միւս կողմէ, Հալպայի «Ապտալլա Ռասի» կառավարական հիւանդանոցին պաշտօնեաները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին` զօրակցելով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կոչին եւ պահանջելով իրենց իրաւունքները:
Ժըպ Ժըննինի, Ռաշայայի, Արեւմտեան Պեքաայի, Թըպնինի եւ Պընթ Ժպէյլի մէջ եւս պետական բոլոր հաստատութիւններն ու դպրոցները մնացին փակ:
Սայտայի մէջ քաղաքապետութեան պաշտօնեաները, սենտիքաներն ու առեւտրականները, ինչպէս նաեւ աշխատաւորները ուղղուեցան Սայտայի ձկնորսներու հրապարակը, ուր անոնք բողոքի նստացոյցի մը ընթացքին մերժեցին տիրող ապրուստի վատթար իրավիճակը եւ պահանջեցին կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը:
Թրիփոլիի եւ Պաթրունի մէջ եւս պետական բոլոր հաստատութիւնները փակեցին իրենց դռները:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան յայտարարած ընդհանուր գործադուլին եւ բողոքի ցոյցերուն շրջագիծին մէջ ցուցարարները փակեցին տարբեր շրջաններու փողոցները, մայրուղիները, խաչմերուկներն ու հրապարակները, ինչպէս` Թրիփոլիի մայրուղին, Շթորայի միջազգային ճամբան, Սայտայի մայրուղին, Նապաթիէի փողոցները, Մարզական աւանը, Քոռնիշ Մազրաա, Քոլայի խաչմերուկը, Տորան եւ Քոռնիշ Նահըրը:
Տորայի հրապարակին վրայ գործադրուեցաւ բողոքի հաւաք մը, որուն ընթացքին հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Մարուան Ֆայեատ եւ ուրիշներ կատարեցին նստացոյց մը, ապա միացան Քոռնիշ Նահըրի մէջ տեղի ունեցող Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ցոյցին:
Այդ առիթով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն վերջ տալու փոխադարձ ցեխարձակումներուն եւ մեղադրանքներուն` նախաձեռնելով փրկութեան կառավարութեան կազմութեան:
Ասմար կոչ ուղղեց պետական պատասխանատուներուն վերջ տալու լիբանանցիները սպաննելու քայլերուն եւ անմիջապէս զիջումներ կատարելու:
«Կրթական, առողջապահական, կենսոլորտային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ մեր վկայած այսօրուան փլուզումը եւ նուազագոյն աշխատավարձին 30 ամերիկեան տոլարի համազօր ըլլալը մեզի կը մղէ մերժելու այս իրավիճակը եւ պաշտպանելու լիբանանցի աշխատաւորներն ու լիբանանցի ժողովուրդին բոլոր խաւերը: Այս բոլորը կ՛իրականանան փրկութեան կառավարութեան մը գոյութեամբ», ըսաւ ան:
Ասմար շեշտեց, որ Լիբանանէն աւելի բարձր ու վեհ ոչինչ կայ` աւելցնելով, որ պէտք է պաշտպանել Լիբանանը եւ վերջ տալ լիբանանցիներուն արտագաղթին:
Ասմար զգուշացուց, որ իրենց պահանջները անտեսելու պարագային քաղաքացիական անհնազանդութիւնը պիտի ըլլայ իրենց ընտրանքը:
Իր կարգին, նստացոյցին մասնակիցներէն` երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նազիհ Ժըպպաուի հարց տուաւ, թէ արդեօք այս բոլոր փորձանքները չե՞ն մղեր պետութիւնը մարդասիրական քայլ մը առնելու եւ կառավարութիւն կազմելու:
Ան հաստատեց, որ ժողովուրդի պահանջներուն չանսալու պարագային քաղաքացիական անհնազանդութիւնը պիտի ըլլայ իրենց հետապնդած միակ ելքը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ պէտք է համոզուիլ, որ մէկուկէս տարուան ընթացքին եւ անկէ առաջ տարիներով քաղաքացիներուն տրամադրուած վառելանիւթի սակին նպաստը պիտի կասեցուի: «Հետեւաբար մարդիկ վառելանիւթը պիտի գնեն իր իսկական սակով` առանց նպաստի: Իսկ կարիքաւոր ընտանիքներուն պարագային այդ հարցը պիտի լուծուի հատուցման քարտի տրամադրումով: Այս հարցը զուտ տնտեսական է. ո՛վ որ չի կրնար պենզինի թիթեղին իսկական գինը վճարել` 200 հազար լ. ոսկի, պիտի դադրի ինքնաշարժը գործածելէ եւ պիտի օգտագործէ այլ փոխադրամիջոց», ըսաւ Ղաժար:
ՆՇԵՆՔ, որ ՄԱԿ-ը Լիբանանի մէջ գործող իր պաշտօնէութեան յորդորեց երկու ամսուան համար դեղորայք, ինչպէս նաեւ նուազագոյնը երկու շաբթուան համար սննդեղէն, ըմպելի ջուր եւ պենզին ապահովել: