Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Աշխատէ՛, սակայն` մի՛շտ լռութեամբ

June 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տակաւին Վճռա՞ծ Ենք

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Որքան մարդ, այնքան` բնաւորութիւն. որքան անհատ, այնքան` մտայնութիւն. որքան էակ, այնքան մտածելակերպ, եւ որքան արարած, այնքան` տարօրինակութիւններ: Մարդիկ կան, որոնք լուռ ու մունջ կը նստին, կ՛աշխատին եւ կարճ ժամանակ մը ետք կը զարմացնեն շրջանակ մը ամբողջ, իսկ անդին կան այլ բնաւորութեամբ մարդիկ, որոնք իրենց չըրածը ըրածի եւ նոյնիսկ յաջողածի պէս ներկայացնելէ ետք, կը սկսին թմբուկով աջ ու ձախ յայտարարութիւններ կատարել…

Ինչո՞ւ բարձրաձայնել, ինչո՞ւ պոռչտալ, ինչո՞ւ մարդոց սուղ ժամանակը գողնալ եւ պարտադրել, որ մեր չըրածը ըրածի պէս  տեսնեն: Արդեօք պարապութի՞ւն մըն է, որ կ՛ուզենք լեցնել. արդեօք ինքնավստահութեա՞ն պակասն է, եւ կամ անկարող ըլլալու գիտակցութենէ եկած սուտ ձեւակերպութիւննե՞ր են կատարուածները: Այս բարդոյթներէն մէկը պիտի ըլլայ, բայց մէկ բան յստակ է, որ երբեք իրաւունք չունինք նախ մենք զմեզ, ապա մարդիկը խաբելու: Այսօր մարդիկ տգէտ չեն եւ չենք կրնար զանոնք խաբել, այսօր նոյնիսկ մանուկները կարելի չէ խաբել, պարզապէս նման արարքներով մենք մեր վրայ խնդալ կու տանք, ծիծաղի առարկայ կը դառնանք, ցաւօ՛ք:

Տակաւին բան մը չըրած, հանրութիւնը գործ մը իսկ չտեսած` նման մարդոցմէ կը լսենք. «Ես լաւագոյնն եմ, ես ամէնէն կարողն եմ. ես եմ, միա՛յն ու միա՛կ գործակատարը. ես, ես, ես…»: Այս խմբակին մաս կազմող մարդոց ոչ խրատական, սակայն կարճ փորձառութենէ մը սիրալիր խորհուրդ մը կ՛ուզենք բաժնեկցիլ. թոյլ տուէք, որ մարդիկ իրե՛նք խօսին ձեր մասին, իրե՛նք վկայեն, իրե՛նք բարձրացնեն ձեզ, այլապէս պիտի նմանիք փուչիկի մը` դուրսէն ուռած, ներսէն դատարկ… Թոյլ տուէք, որ մարդիկ իրե՛նք մատնանշեն եւ զատորոշեն ձեզ, տակաւին մարդիկ ձեզմէ բան մը չտեսած` դուք ձեզ լաւագոյնը յայտարարելը քիչ մը տարօրինակութիւն չէ՞, նման տարօրինակութիւններ բարդոյթներ կը յառաջացնեն:

Եկէք` հիմա մեր ձեռքին մէջ եղած թմբուկները մէկդի դնենք, որոնցմով միա՛յն աղմուկներ կը հանենք: Սկսինք լուրջ եւ արդիւնաբեր աշխատանքի: Կատարենք այնպիսի՛ գործեր, որոնք նպաստաւոր են պատանիին, երիտասարդին եւ տարեցին, այնպիսի՛ գործեր, որոնք չե՛ն հիննար, չե՛ն փոշոտիր եւ չե՛ն մոռցուիր, այլ միայն կ՛անմահանա՛ն:

Ձրիաբար խօսուածները փոր չե՛ն կշտացներ եւ ո՛չ ալ կը տպաւորեն մեզ. խելացի մարդը կատարուած աշխատանքներուն կը նայի, սակայն` այնպիսի աշխատասիրութիւններու, որոնք պատմութեան մէջ նո՛ր պատմութիւն կը կերտեն, հետքերու վրայ` հետք, մարդոց յիշողութեան մէջ` անմոռացութիւն: Աշխատէ՛, սակայն` մի՛շտ լռութեամբ:

Անթիլիաս, 8 յունիս 2022

Previous Post

Հայերէնը կը զուարճանայ (79)

Next Post

«Լիբանան ներկայացուցած է այնպիսի միտքեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել իսրայէլեան կողմին հետ յառաջընթաց արձանագրելու» շեշտեց Հոքշթայն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.