ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ասաս Միտիա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջերս իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան կը գտնուի միջազգային հոգատարութեան մը սեմին, հաւանաբար շատ անկեղծ էր:
«Լիբանան իր պատմութեան ընթացքին չէ կրցած արտաքին հոգատարութիւններէ դուրս գալ, սկսելով` օսմանեան իշխանութենէն, անցնելով` 1943-ի անկախութենէն, ցայսօր: Լիբանանեան ներքին հարցերը ձեւով մը արտաքին միջամտութիւններով կը լուծուին: 1952-ին Համիտ Ֆրենժիէ գլուխը բարձին դրաւ` հանրապետութեան նախագահ դառնալու խոստումով, սակայն յաջորդ օրն իսկ Բրիտանիոյ միջամտութեամբ Քամիլ Շամուն նախագահ ընտրուեցաւ: Աշխարհի բոլոր երկիրները Լիբանանը կը նկատեն կտոր մը հող` նպատակադրելով բաժնուիլ անոր բարիքները: Անոնք մեծ ախորժակ ունին պատառ առ պատառ ծամելու այս երկիրը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ինք բռնագրաւումի կամ զինուորական ներկայութեան մասին չի խօսիր, հակառակ անոր որ ատիկա անկարելի չէ: «Հիմնական մտահոգութիւնը զինուորական արտաքին գոյութիւնն է, յատկապէս երբ կը լսենք, թէ ինչպէս Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շրջանին մէջ իր «հերոսութիւն»-ներուն մասին կը խօսի, կը հաստատէ, որ կը փափաքի պաշտպանել լիբանանցիները: Մտահոգութիւն է, երբ Լիբանանի մէջ թուրք դեսպանը ամէն տեղ կը գտնուի հիւսիսէն հարաւ եւ մինչեւ Պեքաա: Կը վկայենք նաեւ այլ երկիրներու` արեւելեան թէ արեւմտեան երկիրներու դեսպաններ, որոնք կը խօսին Լիբանանի մէջ իրենց բարեկարգումի եւ շինարարական ծրագիրներուն մասին: Հոգատարութեան «շունչ»-ը ներկայ է: Հոգատարութիւնը անպայման զինուորական ներկայութեամբ եւ գետնի վրայ զինուորներ տեղակայելով քաղաքական շահեր ապահովելու մէջ չի կայանար, սակայն բոլոր երկիրները շահեր ունին` լիբանանցիներուն հարցերուն միջամուխ դառնալու իմաստով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ բնական կազի ու նաւթի հարստութեան` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ բոլոր երկիրներուն մէջ նման հարստութիւն մը բարիք է, սակայն Լիբանանի մէջ անիկա կրնայ վերածուիլ անէծքի, որովհետեւ այդ հարստութիւնը ո՛չ դրացի երկիրներուն եւ ո՛չ աշխարհին, ո՛չ Արեւմուտքին եւ ո՛չ ալ Ծոցի երկիրներուն շահերուն կը ծառայէ: «Լիբանանի նաւթի եւ բնական կազի պեղումն ու արտահանումը կրնայ օժանդակել, որ Լիբանան իր արտաքին նիւթական պարտաւորութիւններէն ազատի, հետեւաբար անիկա հարց է բոլորին համար, որովհետեւ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնները այդ երկիրներուն համար պատճառաբանութիւններ են երկրին մէջ գործադրելու համար պաղեստինցիներու բնակեցումի ծրագիրը, Լիբանանի մէջ պահելու համար սուրիացի տեղահանուածները եւ ծունկի բերելու համար լիբանանցի ժողովուրդը: Ցաւով եւ խոր կսկիծով կ՛ուզեմ անդրադառնալ այս իրականութեան, որ մեծ պետութիւնները վերջապէս յաջողած են լիբանանցի ժողովուրդը ծնրադիր դարձնել, այն իմաստով, որ այսօր ոեւէ լիբանանցի քաղաքացի պատրաստ է քաղաքական, ազգային եւ գաղափարական իր սկզբունքներէն զիջելու մէկ թիթեղ պենզինի եւ որոշ չափով ելեկտրականութեան փոխարէն: Բաներ, որոնք քաղաքացիին տարրական իրաւունքն են: Անոնք չկրցան մեզի ծունկի բերել պատերազմով ու զէնքով, սակայն այդ մէկը յաջողեցան կատարել խաղաղութեամբ եւ տնտեսութեամբ: Այս ենթահողը նկատի ունենալով է, որ կ՛ըսեմ, թէ Լիբանան կը գտնուի միջազգային անուղղակի հոգատարութեան մը սեմին», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ աղէտը իր ուղղակի հետեւանքները ունեցաւ լիբանանահայութեան վրայ` քանդելով հայահոծ բոլոր թաղամասերն ու շրջանները:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով լիբանանահայեր արտագաղթեցին երկրէն: Վերջին շրջանին, լիբանանահայութեան առաջին արտագաղթը տեղի ունեցած է 1975-1976 տարիներուն ընթացքին, երկրորդը` ազատագրումի եւ ջնջումի պատերազմներուն ընթացքին` 1989-1990 թուականներուն, իսկ երրորդը` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական պատերազմին, եւ ապա Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Այս շրջագիծին մէջ կ՛ուզեմ նշել, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն էր, որ 1979-ին որոշում տուաւ Լիբանանը լքող ոեւէ դաշնակցական արտաքսել կուսակցութեան շարքերէն` զայն նկատելով դասալիք: Այս որոշումը տրուեցաւ այն տրամաբանութեամբ, որ Լիբանան պանդոկ չէ, այլ պատերազմի ճակատ, որուն պաշտպանութեան համար իւրաքանչիւր դաշնակցական կռուող զինուոր է: Հետեւաբար, երբ զինուորը կը լքէ իր խրամատը` դասալիք կը նկատուի: ՀՅԴ-ի համար Լիբանանը լքելը դասալքութիւն էր, եւ օրին այդ որոշումին պատճառով պատժուած է եւ արտաքսուած նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, որ ծրագրած էր Լիբանանէն արտագաղթել: Այս կեցուածքը սկզբունքային էր կուսակցութեան համար, սակայն այսօր նման որոշում չկայ` հիմնուելով տիրող մարդկային պայմաններուն վրայ», ըսաւ ան:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, ինչպէս նաեւ կատարուած լայնածիր օժանդակութիւններուն, որոնց կարգին նաեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի կազմութեան եւ անոր կատարած աշխատանքներուն:
Կարգ մը երեսփոխաններու «Նայթրէյթի երեսփոխաններ» մակդիրով նկատի ունենալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք բազմիցս յայտնած է, թէ բացարձակին մէջ երեսփոխանները անձեռնմխելիութեան կարիքը չունին: «Պայթումին առաջին օրէն իսկ շեշտեցինք, թէ ոեւէ նահատակի արեան կաթիլ մը իսկ շատ աւելի սուղ է, քան սահմանադրութիւններն ու օրէնքները, որովհետեւ սահմանադրութիւնը կը ծառայէ ժողովուրդին շահերուն եւ անոր ծառայութեան: Ժողովուրդը ստիպուած չէ ենթարկուելու սահմանադրութեան, եթէ ան իր շահերը կը խախտէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք չէ ստորագրած այն բողոքագիրը, որ կը մերժէ անձեռնմխելիութիւններու վերացումը: «Ընդհակառակն` անձնապէս, կուսակցութեան եւ պլոքին անունով յայտարարեցի, որ պիտի ուղղուինք խորհրդարան եւ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու առաջարկին թեր պիտի քուէարկենք, հակառակ անոր որ ես անդամ եմ Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին: Հետեւաբար, տեղեկատուական մարզին մէջ անունս նշելը իբրեւ անձեռնմխելիութիւններու վերացումը մերժող երեսփոխան, անճիշդ եւ սուտ տեղեկութիւն մըն էր: Ես անձամբ, իսկ մենք` իբրեւ կուսակցութիւն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, կը զօրակցինք անձեռնմխելիութեան վերացումին, սակայն եթէ ոմանք չեն փափաքիր լսել այս կեցուածքը, ապա անիկա իրենց հարցն է», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ նաեւ, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ երեսփոխաններն ու նախարարները չեն գիտնար, թէ իրենց երկրին նաւահանգիստին մէջ ի՛նչ կայ: Կրնաք օրինակ հարցնել ֆրանսացի երեսփոխաններուն եւ պատասխանատուներուն Մարսէյի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ապրանքներուն մասին: Գիտե՞ն արդեօք: «Նման հետապնդումներով մենք կողմնացոյցէն կը շեղինք եւ չենք փնտռեր ամոնիում նայթրէյթը պայթեցնող յանցագործը», շեշտեց ան:
Լիբանանահայութեան իրաւունքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի հայ համայնքին արդար իրաւունքը յարգուած է Թաէֆի համաձայնագիրով, որ 1989-ին դարձաւ երկրին սահմանադրութիւնը:
«Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ հայ համայնքը ճանչցուեցաւ իբրեւ Լիբանանը բաղկացնող հիմնական 7 համայնքներէն մէկը: Ասիկա գրաւոր չէ արձանագրուած, սակայն ընդունուած ուխտ է, որովհետեւ Թաէֆի համաձայնագիրին ստորագրութենէն մինչեւ օրս կազմուած կառավարութիւնները
14 նախարարէ աւելի քիչ թիւով նախարար չեն ունեցած: Մեզի կը զարմացնեն երբեմն այն յայտարարութիւնները, թէ սեղմ կառավարութիւն մը պէտք է կազմել 4 կամ 6 նախարարով: Մենք այդ կարելիութիւնը լրիւ կը մերժենք», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1904-էն ի վեր կը գործէ Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը աւելիով աշխուժացաւ Թաէֆէն ետք: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, մաս կազմած են Լիբանանի բոլոր կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն, եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ ունի բարեկամական յարաբերութիւններ: Նոյնիսկ երբ ան կը տարբերի քաղաքական այլ կուսակցութիւններէն` յարգանքով կը մօտենայ այդ տարբերութիւններուն: Այլ համայնքներու հետ մեր տարակարծութիւնները խոր վէճերու եւ թշնամանքի չեն վերածուած: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը որդեգրեց կեցուածք մը, որ օրին ոչ ոք հասկցաւ: Այդ կեցուածքն էր յանձնառու չէզոքութիւնը: Մենք վտանգի փողը հնչեցուցինք 1975-էն առաջ եւ շեշտեցինք, որ երկիրը դէպի պատերազմ կ՛առաջնորդուի: Ատիկա մենք գիտէինք պատերազմի, հայրենիք եւ պետութիւն կորսնցուցած ըլլալու մեր փորձառութենէն: Գիտէինք, որ եղբայրասպան կռիւները միայն քանդումի կ՛առաջնորդեն, եւ այդպէս ալ եղաւ: Պատերազմի ընթացքին այս կեցուածքին պատճառով հայերը բոլոր շրջաններուն մէջ հալածանքի ենթարկուեցան», ըսաւ ան:
ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ դաշինքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ այդ դաշինքը առանց նախապայմանի չէ: «ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտով, անիկա ռազմավարական դաշինք է, սակայն երկու կողմերը իրենց իւրայատկութիւնը կը պահեն, եւ ատիկա բազմիցս կը դրսեւորուի թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ թէ՛ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որդեգրած կեցուածքներով: Ճիշդ է, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մաս կը կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին, սակայն անիկա ունի իր իւրայատկութիւնը, որ յարգուած է եւ խոր տարակարծութիւններու չ՛առաջնորդեր», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
2022-ի մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրական դաշինքներու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ընտրական դաշինքներու մասին, «որոնք անպայմանօրէն կրնան քաղաքական դաշինքներ չըլլալ, որովհետեւ ընտրութեան պարագային կարեւորը երեսփոխանները խորհրդարան հասցնելն է», եզրափակեց ան: