«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը շուտով կը նախաձեռնէ «Ապագայ լրագրողներ» վարժողական դասընթացքի 3-րդ փուլին:
Դասընթացքը պիտի ունենայ տեսական եւ գործնական աշխատանքային բաժիններ:
Ներառուած են լրագրողական տարրական գիտելիքներ` թղթակցութիւն, հարցազրոյց վարել, յօդուածագրութիւն: Այս փուլին նկատի առնուած են նաեւ թուայնացման, լսատեսողական եւ արհեստական բանականութեան վերաբերող դասախօսութիւններ:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ վարժողական այս ծրագիրին, կրնան գրել [email protected] հասցէին:
Մասնակիցները պէտք է ըլլան 16-20 տարեկան:
«Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրը կ՛իրականանայ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ:
Ծրագիրին պատասխանատուն է «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան: