Նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ձեռնարկեց զանազան շփումներու եւ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ տեղական թէ արտաքին բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ` հարթելու համար երկրի կենցաղային եւ ապրուստի հրատապ հարցերը: Նախագահ Աուն այս ծիրին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վերոնեցքան, որուն հետ քննեց միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեանց ընթացքը:
Նախագահ Աուն նաեւ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ փոխանցեց բերանացի նամակ մը, ուր Ֆրանսայի նախագահը կը վերահաստատէ իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին, քաղաքական թէ տնտեսական մարզերու մէջ:
Նախագահին այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ կարճատեւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ անմիջական հրատապ եւ առկախ հարցերու լուծման քայլերուն գծով: Վարչապետը Պաապտայի պալատէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նշենք, որ երեսփոխան Ժորժ Աթալլա երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին խիստ հաւանական նկատեց, որ կառավարութեան նիստերը վերսկսին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
Ապահովական վերջին իրադարձութիւնները եւս մաս կազմեցին նախագահ Աունի խորհրդակցութիւններուն: Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննեց երկրի զանազան վայրերու մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն ծալքերը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս իր կարգին ձեռնարկեց հանդիպումներու շարքի մը` երկրի հրատապ հարցերուն լուծման գծով: Վարչապետ Միքաթի այս առիթով վերահաստատեց, որ ճիգ պիտի չխնայէ քաղաքացիներու կարիքները հոգացող քայլերու իրականացման գծով: Վարչապետը նախագահեց տնտեսական յատուկ նիստի մը, ուր քննուեցան պետական մարզի պաշտօնեաներուն օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնն ու երթեւեկի հատուցման կիրարկման քայլերը:
Նմանապէս միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն, Մոհամետ Մուհիէտտին երէկ լիբանանցի վարիչներուն հետ իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի եւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի: Միջազգային ներկայացուցիչը, որ նախապէս նման հանդիպումներ ունեցած էր նախագահ Աունի, վարչապետ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, դրական որակեց իր խորհրդակցութեանց արդիւնքները:
Տնտեսական թէ քաղաքական բնոյթի այս հանդիպումները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի նախանցեալ օր կատարած դրական արտայայտութիւնները, որոշ լաւատեսութիւն ներշնչեցին կացութեան բարեփոխման գծով, ինչ որ իր գործնական արձագանգը ունեցաւ լիբանանեան թղթոսկիին վրայ. ամերիկեան տոլարը երէկ` հինգշաբթի երեկոյեան ուշագրաւ նահանջ արձանագրեց հասնելով 19 հազար լիբ. ոսկիի սահմանները:
Երէկ դարձեալ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ որոշ ժամանակով ցուցարարներ փակեցին ճամբաները` պահանջելով վառելանիւթի սակերու վերանայում, լիբանանեան թղթոսկիի վերարժեւորում եւ առհասարակ ապրուստի, կենցաղային եւ տնտեսական պայմաններու բարեփոխում: