Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ապահովութենէն Մինչեւ Կանանց Աշխատանք Հայթայթելու Քննարկումներ

August 13, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Ombudsman sends Aliyev’s anti-Armenian speeches to international bodies

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Ծովինար Յարութիւնեան Կապան համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Կապան համայնքի Սիւնիք գիւղը:

Պատերազմէն ետք անվտանգութեան եւ ընկերային հարցերու դէմ յանդիման կանգնած գիւղը այցելութեան նպատակն էր՝ լսել բնակիչներուն, քննարկել երիտասարդներուն եւ կիներուն աշխատանքի, անոնց տնտեսական կարողութիւններու զարգացման, ընկերային ձեռնարկատիրութեան խրախուսման, տարեցներու ներգրաւման, առողջ ապրելակերպի եւ այլ հարցեր:

Բնակիչները բարձրացուցին զանազան հարցեր՝ անվտանգութենէն սկսած մինչեւ բնապահպանական հարցեր: Մասնաւորապէս, բնակիչները նշեցին, որ պատերազմէն ետք՝ սահմանային գործընթացներով պայմանաւորուած, զրկուած են հողատարածքները օգտագործելու կարելիութենէն, իսկ Ատրպէյճանի զինուած ծառայողներու ներկայութիւնը գիւղին, քաղաքացիական տուներու անմիջական դրացնութեամբ զիրենք կը դնէ ապահովական շատ լուրջ հարցերու դիմաց։

Ծովինար Յարութիւնեան ներկայացուց ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկի աջակցութեամբ Սիւնիքի մարզի Գորիս, Մեղրի եւ Կապան համայնքներուն մէջ արդէն իսկ յաջողութեամբ գործող կանանց պաշարներու կեդրոններու աշխատանքները, որոնց օրինակը տարածուած է Հայաստանի այլ մարզերու մէջ: Կիները այսպիսով մասնագիտութիւն կը ստանան, աշխատանք կը գտնեն եւ կը ներգրաւուին զանազան ծրագիրներու մէջ:

Կապան համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեան հանդիպման ընթացքին ներկայացուց համայնքապետարանին կողմէ իրականացուող քայլերը՝ գիւղի ենթակառուցուածքներու բարելաւման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ մարդոց ընկերային աջակցութեան վերաբերող ծրագիրները:

Պաշտպանւ եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնարկիի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարը բնակիչներուն հետ քննարկեցին անոնց կարիքները եւ զանոնք բաւարարելու ուղղութեամբ հնարաւորութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կիներուն աշխատանք ապահովելու հարցերուն։

Previous Post

Հայ-Ատրպէյճանական Եւ Արցախեան-Ատրպէյճանական Սահմաններուն Վրայ՝ Լարուածութիւն

Next Post

Երկարատեւ Դադարէ Ետք «Լիւֆթանզա» Ընկերութիւնը Կը Վերադառնայ Հայաստան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.