Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «թշնամին իրաւունք չունի նաւթ արտահանելու եւ կամ որեւէ քայլ առնելու թիւ 29 սահմանագիծի հիւսիսային շրջանին մէջ»

June 6, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ibrahim Resumes Mediation after Aoun-Miqati Statements Spark Pessimism

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութիւնը ընդառաջումն էր ամերիկեան իշխանութիւններուն, մասնաւորապէս` ամերիկեան քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդատուութեան կողմէ իրեն յղուած հրաւէրին:

Ան աւելցուց, որ իբրեւ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է ամերիկացի պատասխանատուներու հետ:

Իպրահիմ յայտնեց, որ քննարկուած են Սուրիոյ հետ բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնները` իմանալու համար անյայտ կորսուած ամերիկացի քաղաքացիներու, որոնց շարքին` Օսթըն Թայսի ճակատագիրը:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է Սպիտակ տան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչներուն հետ: «Այս այցելութիւնը առաջինն էր 2021-ի յունուարին նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ իր պաշտօնի ստանձնումէն ետք: Ամերիկացի պատասխանատուները կը փափաքին, որ այս հարցին լուծման առումով վերսկսիմ ջանքերուս: Անոնք կը փափաքին իրենց քաղաքացիները գտնել եւ զանոնք վերադարձնել տուն», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց նաեւ, որ ամերիկացի պաշտօնատարներու եւ պետական անձնաւորութիւններու կողքին, ինք հանդիպում մը ունեցած է նաեւ «Հոսթեճ էյտ ուըրլտուայտ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Ան նշեց, որ կարեւորագոյն նուաճումը այս իմաստով այն է, թէ մեծ հաւանականութեամբ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այն թուականէն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւարտեց իր նախագահական նստաշրջանը, այսինքն` նոյեմբեր 2020: «Ասիկա կարեւոր կը նկատուի, որովհետեւ օրին բանակցութիւնները բաւական յառաջացած էին, եւ անյայտ կորսուած քաղաքացիներուն ճակատագիրը հասած էր գրեթէ վերջնական արդիւնքի: Օրին` Թայսը, 2012-ին Սուրիոյ պատերազմին մասին հաղորդումներ կատարող անյայտ կորսուած անկախ լրագրող, ազատ արձակելու առումով Սուրիոյ կառավարութիւնը պահանջած էր Ռաքքայէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումը, Սուրիոյ հետ ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերսկսումն ու կարգ մը պատժամիջոցներու ջնջումը: Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին այն կէտէն, ուր անոնք կանգ առած էին», շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Թայսի մօր հետ երեք անգամ հանդիպած է` աւելցնելով, որ անոր յայտնած է, թէ սուրիական իշխանութիւնները կը մերժեն տեղեկութիւններ տալ անոր զաւկին մասին: «Մենք նոյնիսկ վստահ չենք անոր ողջ ըլլալուն մասին, սակայն կը խոստանամ ջանքերս վերաշխուժացնել եւ Պէյրութ վերադարձէս ետք այցելել Սուրիա` վերջնական յստակացումներ կատարելու եւ բանակցութիւնները իրենց աւարտին հասցնելու նպատակով», Թայսի մօր խոստացած է Իպրահիմ:

Անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ամերիկեան լուրջ մտահոգութիւն կայ Լիբանանի նկատմամբ: «Հիմնականին մէջ մտահոգութիւնը կը վերաբերի ընկերային, ելեւմտական եւ տնտեսական կացութեան փլուզման հաւանականութեան: Իսկ մեր մտահոգութիւնը Լիբանանի մէջ ընկերային ապակայունութեան մասին է, աւելի քան` քաղաքական ապակայունութեան: Ժողովուրդը իրաւունք ունի բողոքելու լիբանանեան դրամանիշի արժէքին արձանագրած անկումին դէմ, սակայն մենք չենք փափաքիր, որ իրավիճակը վերածուի քաոսի: Այդ պատճառով ալ արտակարգ ճիգերով կ՛աշխատինք արգիլել երկիրը քաոսի վերածելու հաւանականութիւնը», ըսաւ ան:

15 մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ նորընտիր խորհրդարանը երկրին քաղաքական անդամալուծութիւնը ամրապնդելու յաւելեալ վտանգ կը նկատուի: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները կրնան աղէտ պատճառել, որովհետեւ կան քաղաքական հսկայ խմբաւորումներ, որոնց միջեւ երկփեղկումի վիհը խոր է, եւ տարբեր հարցերու լուծումներ գտնելու պարագային` կրնայ մեծամասնութիւն չգոյանալ` օրէնքներ վաւերացնելու համար», ըսաւ ան:

Հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն Լիբանանին ներկայացուցած է գրաւոր առաջարկ մը, որուն լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է պատասխանեն:

Ան շեշտեց, որ իբրեւ ծովային սահմանագծումի հիմնական միջնորդ` ամերիկեան կողմը յանձնառու է, որ այդ սահմանագծումի հոլովոյթին մէջ յաջողութիւն արձանագրէ: «Որքան արագ ըլլայ սահմանագծումի լուծումը, այդքան աւելի կ՛ըլլան անոր արձանագրելիք յաջողութեան համեմատութիւնները: Ամերիկեան կողմը խանդավառ է այս թղթածրարին էջը փակելու` նկատի ունենալով, որ անիկա վտանգաւոր հարց է, որ թշնամի Իսրայէլի հետ կացութիւնը կրնայ պայթումի առաջնորդել», ըսաւ ան:

Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանանի պատասխանը` Հոքշթայնի առաջարկին, կրնայ բանակցութիւններուն դարձեալ ընթացք տալ, սակայն պէտք է պատասխանել, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին` միշտ մնալով ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան եւ ամերիկեան միջնորդութեան հիման վրայ:

«Իսկ եթէ թշնամի Իսրայէլ պնդէ՞ Քարիշի նաւթահորէն արտահանումներ կատարելու մասին» հարցումին պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ սկզբունքով թիւ 29 սահմանագիծը կը նկատուի այն շրջանը, որուն շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան: «Հետեւաբար ամէն ինչ, որ կը գտնուի այդ շրջանին մէջ, անորոշ ճակատագիր ունի, եւ այդ կարգավիճակը իրաւունք չի տար Իսրայէլին նաւթ արտահանելու: Թշնամին իրաւունք չունի նաւթ արտահանելու եւ կամ որեւէ քայլ առնելու թիւ 29 սահմանագիծի հիւսիսային շրջանին մէջ: Եթէ ան նման քայլի դիմէ, ապա ատիկա պիտի նկատուի լիբանանեան նաւթային հարստութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն, ինչ որ կը նշանակէ լիբանանեան գերիշխանութեան եւ երկրին իրաւունքներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւն: Այնքան ատեն որ ծովային սահմանագծում չէ կատարուած, Լիբանան պիտի պատասխանէ այնպէս, ինչպէս պիտի պատասխանէր, երբ անոր գերիշխանութիւնը կամ իրաւունքները յարձակումի ենթարկուէին», հաստատեց Ապպաս Իպրահիմ:

Previous Post

British Prime Minister Johnson to face confidence vote

Next Post

Fighting inflation government’s priority: Finance minister

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.