Շնորհիւ տարագրեալ հայութեան նուիրական ջանքերուն, աշխարհի տարբեր ափերու վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նախորդող ամիսներուն,բարոյական, քարոզչական, քաղաքական գնահատելի նախաձեռնութիւններով, հայ ժողովուրդը կը վերահաստատէ պահանջատիրական իր պայքարը հետապնդելու վճռակամութիւնը: Ցեղասպան թուրքը անհանգստացած է անկասկած: Սակայն, բարոյական եւ մարդասիրական այսօրինակ միջոցառումներուն զուգահեռ, յաճախ՝ ոչ հայանպաստ մտահոգիչ զարգացումներ կ’արձանագրուին քաղաքական գետնի վրայ, նոյնինքն՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հանդէպ ակնածանք արտայայտող քաղաքակիրթ Արեւմուտքէն: Ի ն՞չ օգուտ բարոյասիրական այդ հաճոյախօսութիւնները, երբ քաղաքական շահերու հողմաղացին մէջ կուլ պիտի երթան արդարութեան եւ իրաւունքի ձայները բոլոր …
Այդպիսի ցաւալի կացութեան մը ականատեսը դարձանք տակաւին վերջերս՝ 29 Սեպտեմբերին,Եւրոպական ԽորհուրդիԽորհրդարանականՎեհաժողովի նիստինընթացքին, ՀոլանտաններկայացնողպատգամաւորԹինիՔոքսներկայացուց Վեհաժողովի Խորհուրդինորոշումները,որոնց մէջներառուածէր 2 Սեպտեմբերին, Փարիզիմէջտրուածորոշում մը՝ ԼեռնայինՂարաբաղիհակամարտութեանվերաբերեալատրպէյճանական երկու բանաձեւերունախագիծերը յղելովԵԽԽՎՔաղաքականՀարցերուՅանձնաժողովին, որպէսզիտեղեկագիր մը պատրաստէ այս մասին: նշեալ երկու բանաձեւերուն մէջ շեշտակիօրէն արձանագրուած է Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, անտեսելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Սեւով սպիտակի վրայ մշակուած բանաձեւերը, բռնագրաւուած հող կը ճանչնան հայկական ազատագրուած տարածութիւնները եւ կը պաշտպանեն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Զեկոյցինվերնագիրնէ՝ «ԼեռնայինՂարաբաղիեւԱտրպէյճանիմիւսբռնագրաւեալտարածքներունմէջբռնութիւններուԱճ»:
Հակառակ հայկականպատուիրակութեան յայտնած բողոքին, առաջարկը մերժուեցաւ 41 ՝ կողմ, 74՝դէմձայներով եւ պիտի փոխանցուի ԵԽԽՎ Քաղաքական Հարցերու Յանձնաժողովին: Այլ հարց է՝ վերոյիշեալ Յանձնախումբին կշիռը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Որոշումը կը դիտեմ շողոքորթ եւրոպական պետութիւններու դիմագիծը ընթերցողին վերյիշեցնելու մտահոգութեամբ:
ԵԽԽՎեհաժողովի քայլը զիս մղեց յիշելու, մօտաւորապէս իննսուն տարիներ առաջ, 26 Սեպտեմբեր 1924-ին, հայ գաղթականներու վիճակը բարելաւելու եւ հայկական հարցը վերջնականապէս լուծելու նպատակով, Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Սթենլի Պոլտուինի եւ Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար Հերպըրթ Ասքուիթի դիմումը՝ գործող վարչապետ Ռամզի Մաքտոնալտի կառավարութեան: Անոնց դիմումին դրդապատճառը, Ազգերու Լիկայի գլխաւոր քարտուղար Ճէյմս Էրիք Տրիւմոնտի, Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան յղած նամակն էր՝ աջակցութիւն ցուցաբերելուԱռաջին Համաշխարհային պատերազմին հետեւանքով Թուրքիոյ տարածքէն արտաքսուած, բռնագաղթի ենթարկուած հայերու տեղափոխութեան ջանքերուն: Իրենց զեկոյցին մէջ, Ասքուիթ եւ Պոլտուին, գլխաւոր կէտերու մէջ կը հիմնաւորեն այն պատճառները,որոնք բրիտանական կառավարութիւնը կը պարտաւորեցնեն, ի թիւս մնացեալ դաշնակից պետութիւններուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարելու,աջակցելու ԱզգերուԼիկայի Գերագոյն Խորհուրդի հաւանութեան արժանացած (1923) ծրագիրին,որ կ’առաջադրէր Կովկաս տեղափոխել եւ տեղաւորել հայ գաղթականները:
Ասքուիթ եւ Պոլտուին, իրենց հայանպաստ կեցուածքները կը հիմնաւորէին հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին հայերը աջակցած էին Դաշնակիցներուն, որուն պատճառով ալ անոնք տուժած էին ողբերգականօրէն: Բրիտանացի երկու դիւանագէտները կը վկայակոչէին, 3 Հոկտեմբեր 1918-ին, Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան յղած Ճէյմս Փրայսի նամակը: Փրայս՝ իր նամակին մէջ կը վերլուծէր այն դրդապատճառները որոնք հայերուն մղած էին յարելու Դաշնակից պետութիւններուն եւ անոր յաջորդած հայկական կոտորածներուն եւ տեղահանութիւններուն ծանր հետեւանքները:
Դաշնակիցներու եւ անոնց միացած պետութիւններու պետական գործիչներու բազմակի խոստումները՝ պաշտպանելու հայ ժողովուրդին ազատութիւնը եւ անկախութիւնը: Տեղեկագիրը կը վկայակոչէ, ի պաշտպանութիւն հայերու՝ Լոյտ Ճորճի, Վուտրօ Ուիլսնի, Ճորճ Գլեմանսոյի յայտարարութիւնները, Սեւրի Դաշնագիրը, «Հայկական ազգային օճախ»ի վերաբերեալ բանակցութիւնները եւ Լոզանի խորհրդաժողովին մէջ անոնց անտեսումը:
Անգլիոյ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը, յատկապէս Զմիւռնիոյ մէջ 1922-ին անոր կրած պարտութենէն ետք, որուն հետեւանքով վերջնականապէս ցիրուցան դարձան Օսմանեան Կայսրութեան հայերը:
1916-ին, Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիա փոխադրած հինգ միլիոն թրքական ոսկի գումարը (այս գումարը յետագային գրաւեցին Դաշնակիցները), ընդգծելով որ այդ գումարը ամբողջութեամբ կը պատկանէր հայերուն:
Արեւմտեան պետութիւններու անմիջական միջամտութիւնը սպսող հայ գաղթականներուն յուսահատ եւ անկայուն վիճակը: Միջին Արեւելքի, մասամբ՝ Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ մէջ հայ գաղթականութեան ողբերգական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան կտրուկ մերժումը՝ վերստին ընդունելու բռնագաղթի ենթարկուած հայերը:
Վերոյիշեալ կէտերը լուսարձակի տակ առնելէ ետք, տեղեկագիրն հեղինակները վերլուծելով Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած քաղաքական նոր պայմանները, կ’եզրականացնէին, թէ անհնար պիտի ըլլար իրագործել հայերուն տրուած խոստումները, ուստի իբրեւ միակ կարելիութիւն, կը թելադրէին Խորհրդային Հայաստանի մէջ տեղաւորել գաղթական հայերը, որուն նախապէս համամտութիւն յայտնած էր Հայաստանի կառավարութիւնը: Ասքուիթի եւ Պոլտուինի կարծիքով, Մեծն Բրիտանիոյ պարտքն էր՝ ի գին բոլոր զոհողութիւններու աջակցիլ այդ ծրագիրին իրականացմանը:
Տեղեկագիրին հեղինակները կը շեշտէին, թէ իրենց առաջադրած ծրագիրը չէր հետապնդեր քաղաքական որեւէ նպատակ: Ընդհակառակը, անոնք ենթադրել կու տային, թէ այդ քայլով վերջնականապէս աւարտած պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին հանդէպ Դաշնակից պետութիւններուն պատասխանատուութիւնը…:
Մնաս բարով անկախութիւն, մնաս բարով ազատ,անկախ հայրենիք…կոտորակուած հայ ժողովուրդի վերջին բեկորները փրկելու նուազագոյն պարտականութիւնն անգամ զլացաւ մարդասէր Եւրոպան: Անգամ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը քայլ մ’իսկ չառաւ հայ գաղթականներուն ծանր կացութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ մեղմացնելու ուղղութեամբ: Բայց աւելի ողբերգականը տակաւին առջեւն էր…: Դիմումին հեղինակները իշխանութեան գլուխ անցնելով, մոռցան ու անտեսեցին իրենց ստորագրութիւնը կրող խնդրագիրը: Անոնք ոչ մէկ քայլի դիմեցին այս ուղղութեամբ, ոչ իսկ հետապնդեցին իրենց տեղեկագիրին մէջ նշած հայ ժողովուրդին պատկանող գումարները…: Ապրելով ներկան, չմոռնանք անցեալը…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ