ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 19 Յուլիսին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մայեսթրօ Արամ Ղարաբեկեանի 60ամեակին նուիրուած համերգ՝ «Ապրէք Երաժշտութեամբ» խորագիրով։
Մայեսթրօ Ղարաբեկեանին իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցեն Սերգէյ Խաչատրեան, Ֆետերիքօ Մոնտելչի, Մարիօ Ստեֆանօ- Փիետրոտարքի, Սուրէն Բագրատունի, Արմէն Բաբախանեան, Սուետլանա Նաւասարդեան, Արսէն Տէր Տաճատեան, Տիգրան Համասեան եւ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Տիգրան Հեքեքեանի:
Համերգէն գոյանալիք ամբողջ հասոյթը Ղարաբեկեան ընտանիքը պիտի տրամադրէ Շուշիի մէջ կառուցուող միակ համերգասրահին համար երաժշտական գործիքներու ձեռքբերման ֆոնտին:
Ա. Ղարաբեկեան ծնած է 1955ին, Պոսթըն։ Ուսած է Պոսթընի «New England» երաժշտանոցին մէջ, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Գերմանիոյ Մայնց քաղաքին մէջ: Գեղարուեստական ղեկավարութեան արուեստը սորված է Ֆրանքօ Ֆերարայի մօտ: 1979ին Գերմանիոյ մէջ աշակերտած է նշանաւոր Ս. Չելիպիտաքէի: Եղած է Հայաստանի պետական Կամերային նուագախումբի ղեկավարը: 1983ին հիմնած է Պոսթընի «Սինֆոնովա» նուագախումբը, զոր ղեկավարած է մինչեւ 1991:
Աշխատած է Քիեւի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ եւ միասնաբար հրապարակած է «Ռոմէօ եւ Ժուլիէ»չ սկաւառակը, որմէ ետք Ուքրանիոյ մշակոյթի նախարարը զայն նշանակած է իր գլխաւոր խորհրդականը: Ղեկավարած է նաեւ Ուքրանիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը ու Օփերայի եւ պալէի թատրոնը: Աշխատած է նաեւ Զակրեպի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ՝ որպէս հրաւիրուած ղեկավար: Հետագային ղեկավարած է նուագախումբեր, Հայաստանի եւ Ֆրեզնոյի ֆիլհարմոնիք եւ այլն։
1988ին արժանացած է ամերիկեան երգահաններու, հեղինակներու եւ խմբագիրներու (ASCAP) մրցանակին, 1989ին՝ «Լիւսիէն Վուլսին» մրցանակին: Արժանացած է նաեւ Հարվըրտի երաժշտական մրցանակին, 2007ին՝ Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման:
Արամ Ղարաբեկեան մահացած է 11 Յունուար 2014ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ։