Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

September 8, 2014
in Յօդուածներ
0

Ուղիղ հարիւր տարի առաջ այս օրերուն, ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Վոլթէրի բնութագրած, աշխարհներու լաւագոյն աշխարհը՝ մեր երկրագունդը բաժնուած էր երկու   ծայրայեղ բեւեռներու: Մէկ կողմէ՝ աւստրօ-գերմանական զինակցութիւնը (Գերմանիա,Աւստրօ-Հունգարիա, Թուրքիա, Պուլկարիա), միւս կողմէ՝ Անթանթը (Բրիտանիա, Ռուսիա, Ֆրանսա, 1917-էն ետք նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներ): Այո, գաղութատիրական երկու անհաշտ ճակատներու բաժնուած էր մեր   աշխարհը:

Արդարեւ, 1 Օգոստոս 1914-ին սկսած Առաջին Համաշխարհային պատերազմը մեծ յոյսեր կը ներշնչէր հայ ժողովուրդին՝ ռուսական զօրքի օգնութեամբ ազատագրելու Արեւմտահայաստանը եւ վերականգնելու հայոց պետականութիւնը: Հայկական կուսակցութիւնները պատերազմը   յայտարարեցին արդարացի եւ իրենց անվերավահ զօրակցութիւնը յայտնեցին Անթանթի քաղաքականութեան: Հայկական շրջանակներուն այս տեսակէտին վրայ մեծ ներգործութին ձգած էր Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու նպատակով պատերազմին մէջ մտնելու Ռուսիոյ յանձնառութիւնը..: Ռուսիոյ կողմէ Արեւմտահայաստանի գրաւումը ոչ միայն չէր հակասեր հայ ազգային ազատագրական շարժման ղեկավարներուն ձգտումներուն,այլեւ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէր անոնց քաղաքական հաւատամքին մէջ:

Դժբախտաբար, պատերազմին մէջ մտնելու Թուրքիոյ որոշումը խիստ կացութեան մատնեց արեւմտահայերը: Թուրքիա կը փորձէր իր կողմը գրաւել հայերը եւ բանակցութիւններու մէջ մտնելով անոնց քաղաքական ղեկավարներուն հետ, կ’առաջարկէր կամաւորական ջոկատներ ստեղծել թրքական բանակին մէջ , միաժամանակ՝ արեւելահայերը կը դրդէր Ռուսիոյ դէմ: Հայ ժողովուրդը մերժեց այդ առաջարկները: Պատերազմը սկսելէ անմիջապէս ետք, Արեւելահայաստանի քաղաքական շրջանակները, Անդրկովկասի մէջ՝ Հայկական Կամաւորական Շարժում անուան տակ, ձեռնամուխ դարձան կամաւորական ջոկատներու կազմութեան: Բացի այս, պաշտօնական տուեալներով, Ռուսիա բնակող   իւրաքանչիւր   հարիւր հայէն՝   13-ը զօրակոչուեցաւ ռուսական բանակին: Փաստօրէն, Ռուսիոյ մէջ բնակող մօտաւորապէս երկու միլիոն հայութիւնը ռուսական բանակին տուաւ աւելի քան երկու հարիւր հազար հայ կամաւոր: Ռուսական իշխանութիւնները ողջունեցին հայերու մեծաթիւ այս մասնակցութիւնը եւ օժանդակեցին ստեղծելու հայկական կամաւորական խումբեր:

Կովկասեան ռազմաճակատի վրայ պատերազմը սկսաւ թրքական զօրքերու կողմէ   Սարիղամիշի գործողութեամբ: Էնվէրի զօրքերը Կարսը գրաւելու մտադրութեամբ անակնկալօրէն յարձակեցան Ալաշկերտի դաշտը: Ռուսական բանակը հակայարձակումի անցնելով կասեցուց թրքական յառաջխաղացը: 1915-ի սեմին, ռուսական բանակը նոր յաղթանակ տարաւ Դիլմանի ճակատամարտին: Այստեղ յատկանշական դեր կատարեց զօրավար Անդրանիկի գլխաւորած հայ կամաւորներու ջոկատը:

Կովկասեան ռազմաճակատի գործողութիւններուն առաջին իսկ օրէն, թրքական իշխանութիւնները ձեռնամուխ դարձան հայ   բնակչութեան բռնի տեղահանման: Թուրքիոյ մէջ ծաւալեցաւ հակահայ կատաղի քարոզչութիւն: Հայերու «դասալքութեան», «ապստամբութեան», «դաւաճանութեան» մասին քարոզչութիւնը դարձաւ սովորական: Կ’արժէ նշել, որ պատերազմի սկիզբը թրքական բանակը զօրակոչած էր   շուրջ վաթսուն հազար հայ: Այս վերջինները անմիջապէս զինաթափուեցան, ապա՝ ոչնչացան…: Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը զրկուեցաւ իր մարտունակ ձեռքերէն: Օգտուելով պատերազմի ընձեռած պատեհութենէն, երիտթրքական կառավարութիւնը իրականացուց կանխամտածուած ցեղասպանութիւն: Բարեբախտաբար, կարգ մը   շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Վան, Շապին Գարահիսար, Ուրֆա, Սասուն, հայերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: 1915-ի գարնան, ռուսական զօրքերը յաջողեցան Վանի եւ Ուրմիոյ լիճի շրջաններուն մէջ գտնուող հայերը փրկել ընդհանուր կոտորածներէն: Վանի գրաւումով փրկուած հազարաւոր հայերը   ռուս զօրքերու հետ գաղթեցին Արեւելեան Հայաստան: 1916-ի դրութեամբ Արեւմտահայաստանի մեծամասնութիւնը անցած էր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Ռուսերը, Արեւմտահայաստանի մէջ յայտարարեցին Թուրքահայաստանի նահանգապետութիւնը: Ռուսական կառավարութիւնը մշակեց Արեւմտահայաստանի հայաթափ եղած տարածութիւնները   ռուսերով վերաբնակեցնելու ծրագիր: Այս քայլով, ի դերեւ դուրս եկան   Հայաստանի մէջ ինքնավարութեան ձեւով հայկական պետականութիւն յայտարարելու հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն յոյսերը: 1917-ի Մայիսին,   զինադադար   հաստատուած էր ռուս-թրքական ճակատի վրայ: Երզնկայի մէջ պաշտօնական համաձայնագիրի մը ստորագրութեամբ ամրագրուեցաւ զինադադարը( 18 Դեկտեմբեր 1917):

Տիրող կացութիւնը յեղաշրջուեաւ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, երբ ռուսական զօրքերը սկսան լքել Արեւմտահայաստանը եւ   Գերմանիոյ հետ ստորագրեցին Պրեսթ Լիւթովսքիի համաձայնագիրը ( 3 Մարտ 1918): Օգտուելով այս կացութենէն, թրքական բանակը խախտեց գոյութիւն ունեցող զինադադարի համաձայնագիրը եւ յարձակումի անցաւ ամբողջ ճակատի երկարութեամբ: Թուրքերը վերագրաւեցին Արեւմտահայաստանը եւ Մայիս 1918-ին հասան Ալեքսանտրապոլ: Վտանգուած հայրենիքի փրկելու ելած հայ ժողովուրդը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլսէի ճակատամարտներուն կանխեց   անոր ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգը եւ պայմաններ ստեղծեց վերականգնելու   հայ պետականութիւնը: Այսուհանդերձ, Պաթումի համաձայնագիրով՝ Կարսէն եւ Արտահանէն բացի, Թուրքիոյ անցան Սուրմալույի, Շարուրի, Նախիջեւանի գաւառները, Ալեքսանտրապոլի եւ Էջմիածնի գաւառներուն մեծ մասը: Փաստօրէն, 1918-ին   յայտարարուած Հայաստանի հանրապետութիւնը ըստ էութեան կը գտնուէր Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ:   Միայն 1918-ի Մուտրուսի զինադադարէն ետք թրքական զօրքերը լքեցին Հայաստանի հանրապետութեան տարածքը, Կարսի մարզը, որուն հետեւանքով վերականգնեցաւ 1914-ի ռուս-թրքական սահմանը: Յետագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը չեղեալ նկատեց Պաթումի համաձայնագիրը:

Դժբախտաբար, յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին Հայկական Հարցը Դաշնակից պետութիւններու օգնութեամբ լուծելու հայ ժողովուրդի յոյսերը եւ փորձերը մնացին ապարդիւն:

Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը փլուզած երազներու եւ այլոց վստահելով հիասթափութեան ծով դաս մըն է: Այսօր, հազիւ ափ մը հող մնացած է պատմական մեր հայրենիքէն: Ճիշդ գնահատենք պահի լրջութիւնը եւ մեր անմիաբանութեամբ, կուլ չերթանք այլոց ախորժակներուն:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ» ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԻՑ՝ ՍԱՅԱԹ ԹԵՔԻՐԻ ՀԵՏ

Next Post

«Առաջին Լրատուական»ի RealPolitik Հաղորդաշարի Հիւրն Է Փորձագէտ Հայկազուն Ալվրցեանը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.