Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց յուլիս ամսուան տնտեսական ցուցանիշերը՝ ընդգծելով, թէ կառավարութիւնը առաջ կը շարժի բաւական լաւ քայլերով: Վարչապետը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.
«Յուլիսի տնտեսական թիւերը բաւական տպաւորիչ են: Ունինք Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշ՝ 8,1 տոկոս: Ասիկա հրաշալի թիւ է:
Բացի այդ՝
Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալի աճ՝ 16,1 տոկոս,
Շինարարութեան աճ՝ 4,1 տոկոս,
Առեւտուրի շրջանառութեան աճ՝ 9,1 տոկոս,
Ծառայութիւններու աճ՝ 14,9 տոկոս,
Միջին անուանական աշխատավարձի աճ՝ 8 տոկոս,
Արտահանման աճ՝ 19,5 տոկոս:
Ասոնք իսկապէս շատ լաւ թիւեր են: Հասկնալի է, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ մենք բոլոր հարցերը լուծած ենք: Ասիկա կը նշանակէ, թէ յառաջ կը շարժինք, բաւական լաւ քայլերով». նշեց վարչապետ Փաշինեան: