ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող առաւել քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներ 2 Մայիսին պիտի մասնակցին առցանց համերգի մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծրագիրերուն:
Առցանց համերգին ելոյթ պիտի ունենան՝ Յարութ Փամպուքչեան, Իւետա Մուկուչեան, Արա Մարտիրոսեան, Հայկօ, Արամ MP3, Թաթա, Շուշան Պետրոսեան, Արամէ, Անտի, Արմէնչիկ, Արման Յովհաննիսեան, Գարիկ եւ Սոնա, Մարտին Մկրտչեան, Գրիշա Աղախանեան, Նորօ, Սոնա, Թաթուլ, Էրիկ Կարապետեան եւ ուրիշներ:
Հայկօն, անդրադառնալով սպասուող համերգի ծրագիրին՝ տեսանիւթ հրապարակած է՝ նշելով, որ յատկապէս այս դժուար օրերուն բոլորս պէտք է կողք-կողքի ըլլանք: «Միասին մենք կրնաք», շեշտեց երգիչը:
Համերգի տոմսեր գնելու, երգիչներուն ամբողջական ցանկին եւ այլ մանրամասնութիւններու համար կրնաք այցելել https://all.me/tovmasyanfoundation կայքէջը։
Առցանց համերգը նախաձեռնած է «Թովմասեան» բարեգործական հիմնադրամը։