ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Առաւել քան 50 ամերիկացի ծերակուտականներ նամակ յղեցին նախագահ Ճօ Պայտընին՝ կոչ ուղղելով անոր, որ ճնշում բանեցնէ Անգարայի վրայ՝ այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտը բարելաւելու համար:
Դեմոկրատ ծերակուտական Ռան Ուայտընի եւ հանրապետական Մարքօ Ռուպիոյի գլխաւորած երկկուսակցական նամակին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ աճող ճնշումին հետ միատեղ, «այդ երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը նոյնպէս աւելի ռազմատենչ եւ յարձակողական դարձած է»:
«Էրտողան վերջին տարիներուն անամօթաբար յարձակում գործեց Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուող եւ ամերիկեան աջակցութիւն վայելող քիւրտերուն վրայ, ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնեց՝ հակառակ մեր զգուշացումներուն, թէ անոնք անհամատեղելի են ամերիկեան ճարտարագիտութեան հետ, եւ Ատրպէյճանը քաջալերեց Հայաստանի հետ հողային վէճ մը բռնի ուժի կիրարկումով լուծելու», կ՛ընդգծուի նամակին մէջ:
Ծերակուտականները Պայտընին կոչ ուղղեցին՝ «Էրտողանին եւ անոր վարչակազմին հասկցնելու, որ անյապաղ դադրեցնեն այլախոհութեան դէմ բռնաճնշումները եւ ազատ արձակեն քաղաքական բանտարկեալները»: