ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վարկանշային դրութեամբ՝ Աւան եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանները ընդգրկող ընտրատարածքին մէջ իր թեկնածութիւնը դրած Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան դիմեց հանրութեան՝ նիւթական եւ մարդուժի աջակցութիւն խնդրելով իր ընտրապայքարին համար:
«Թերթ»ի աշխատակիցին այն հարցումին, թէ արդեօք ստեղծուած են այնպիսի տնտեսական կարելիութիւններ մարդոց համար, որպէսզի կարենան աջակցութիւն ցուցաբերել՝ նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ 6 ամիսներուն ընթացքին կարելի չէր ստեղծել երազանքի երկիր, սակայն ինք ու իր ընկերները կը վայելեն ժողովուրդի վստահութիւնը:
Անդրադառնալով Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն, մասնաւորապէս՝ հայրենադարձութեան հարցին, նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ հայրենադարձութեան վերաբերեալ տարած են աշխատանքներ, որոնք շարունակական են, եւ ունին հայեցակարգ՝ սեւագիրի տեսքով: Մխիթարեան յայտնեց, որ ունին տեղեկութիւն 450 ընտանիքներու մասին, որոնք վերադարձած են, սակայն այդ թիւերը չեն արտացոլեր իրականութիւնը, որովհետեւ ունին տեղեկութիւն միայն անոնց մասին, որոնք կապ հաստատած են նախարարութեան հետ:
«Սփիւռքն ակնկալում է աւելի մեծ դերակատարում Հայաստանի կողմից, Սփիւռքն այսօր լրջագոյն մարտահրաւէրների առաջ է կանգնած, եւ իմ բնորոշմամբ եւ գնահատականով՝ դրանք հնարաւոր չէ լուծել առանց Հայաստանի մասնակցութեան եւ օժանդակութեան, առանց սփիւռքեան համայնքների ներքին կեանքին խառնուելու, այսինքն՝ Հայաստանը համակարգողի, կամրջի դերակատարում պէտք է ստանձնի», ըսաւ Մխիթարեան՝ աւելցնելով. «Ես ունեմ համոզմունք, որ լաւ չենք ճանաչել եւ դեռ լաւ չենք ճանաչում Սփիւռքը իր ողջ շերտերով, երանգներով, խնդիրներով, յաջողութիւններով: Իւրաքանչիւր համայնք ունի սեփական օրակարգը, եւ պատրաստ ենք տարբեր օրակարգերով աշխատել: Եթէ Հայաստանը հանդէս գայ մէկ օրակարգով, ապա մենք կրկին ձախողելու ենք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, եւ անդառնալի հետեւանքներ են լինելու»: