Հանրայայտ երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանը այսօր կը դառնար 93 տարեկան: ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտի ծննդեան օրը ընկերները, արուեստի երկրպագուները ամէն տարի կ’այցելեն անոր շիրիմը` Երեւանի քաղաքային
պանթէոնին մէջ: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Երեւանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան պետական երաժշտական գոլեճի փոխտնօրէն Աննա Աղաջանեան նշեց, որ չնայած այժմ ուսանողներու համար արձակուրդներ են, եւ գոլեճէն ներս մեծ ձեռնարկ չեն կազմակերպեր, սակայն մանկավարժական կազմը ամէն տարի կ’այցելէ Բաբաջանեանի շիրիմը, ծաղիկներ կը տեղադրէ:
Բաբաջանեանի անունը կրող գոլեճը ունի 45-ամեայ կենսագրութիւն, հանրայայտ երգահանի անուամբ կոչուած է անոր մահէն ետք` 1983 թուականին: Ուսումնական հաստատութիւնը ունի 300 սան: Երգահանի մահէն տարիներ անց անոր արուեստը կը շարունակէ հետաքրքրել եւ ոգեշնչման աղբիւր հանդիսանալ երաժիշտներուն համար:
2014 թ. սկիզբը հայաստանեան եւ միջազգային երաժշտասէր հանրութեան դատին կը ներկայացուի Առնօ Բաբաջանեանի մենանուագ ստեղծագործութիւններու ամբողջական հաւաքածուն: Բաբաջանեանական ստեղծագործութիւնները պիտի ներկայացնէ անուանի հայ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանը: Այս ձայներիզը ձեւաչափով եւ ստեղծագործութիւններու յագեցուածութեամբ կ’ըլլայ առաջինը մեծանուն երգահանի հեղինակային կատարումներէն ետք, որ պիտի ներառէ Բաբաջանեանի մենանուագ բոլոր ստեղծագործութիւնները:
Տնօրէնի խօսքով` ձայնասկաւառակին մէջ պիտի ներառուին «Պոլիֆոնիկ սօնատ», «Վեց պատկերներ», «Պօէմ», «Վաղարշապատի պարը», «Կապրիչիօ», «Պրելիւդ», «Էքսպրոմտ», «Մեղեդի», «Էլեգիա», «Հումորեսկ» եւ «Մտորում»
ստեղծագործութիւնները:
Բաբաջանեան մահացած է Մոսկուա, արեան քաղցկեղի հետեւանքով, 1983 թուականի նոյեմբեր 11-ին: