ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.»․- Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութիւնը 15 Ապրիլին ցաւ յայտնեց կազմակերպութեան վերապահուած աջակցութիւնը սառեցնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումին համար՝ ազդարարելով, որ անիկա վնաս պիտի հասցնէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու ջանքերուն։
Յիշեցնենք, որ քանի մը տարի առաջ Թրամփ նաեւ փակած էր համաճարակներու յատուկ ամերիկեան գրասենեակը, դժուարացնելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը։
Թրամփի որոշումը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով քննադատուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Չինաստանի, Անգլիոյ, Աւստրիոյ, Ամերիկեան Բժշկական միութեան եւ այլոց կողմէ։
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը հասաւ մօտաւորապէս 2.060.000-ի, իսկ զոհերունը՝ 130.000-ի. շուրջ կէս միլիոն վարակուածներ առողջացած են։