Մարդկութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ անցած է ճամբու շուրջ 60 առ հարիւրը, սակայն տակաւին կրնան անսպասելի խոչընդոտներ յառաջանալ: Այս մասին զուիցերիական «ՍոննթակզՊլիք» թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր գիտաշխատող Սումիա Սվամինաթանը:
«Ես յոյսով եմ, որ շուտով մենք պիտի կտրենք ճամբու 60 առ հարիւրը: Սակայն չի բացառուիր, որ մենք ստիպուած ըլլանք դարձեալ անսպասելի խոչընդոտներ յաղթահարել», ըսած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Ան ընդգծած է, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ «մարաթոնի» մօտալուտ աւարտին մասին, որովհետեւ տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ խնդիրներ կրնան յառաջանալ: Անոր համաձայն, նոր տիպերու անսպասելի յայտնուիլը համաճարակի այն կէտերէն է, որ իրենց կը ստիպէ իրենց սպասումներուն մէջ համեստ ըլլալ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչը երկիրներուն կոչ ուղղած է աւելցնելու պատուաստումներու կշռոյթը, որպէսզի բնակչութիւնը պաշտպանուի վարակէն, եւ կարելի ըլլայ կանխարգիլել ժահրի հետագայ փոփոխութիւնները:
Կազմակերպութեան տուեալներով` համաճարակին սկսելէն ի վեր աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են աւելի քան 236 միլիոն անձեր: Ժահրը 4,8 միլիոն մարդու կեանք խլած է: Ամէնէն բարդ կացութիւնը կը տիրէ Միացեալ Նահանգներու, Հնդկաստանի եւ Պրազիլի մէջ: