Ծործորին մէջ ոլորտաւիւն՝
Գլգլալով անցաւ առուն,
Կարծես թափին ծափ կար կանչող՝
Մանկութիւններ յիշեցնող …
Վերը գիւղին՝ աղբիւրին քով՝
Կարկաչելով անցաւ առուն,
Կարծես ալքին խայծ կար դիւթող՝
Թարմատիներ հրապուրող …
Վարը գիւղին՝ դաշտերու քով՝
Կաթնափրփուր անցաւ առուն,
Կարծես լանջին ծիծ կար թեւող՝
Ուրդ ու կորի դիեցնող …
Ու ահա ջայլ … Սահանքն ի վար
Փշրուելով անցաւ առուն,
Բայց գայթին մէջ կարծես կայք կար՝
Բարձրութիւններ դրասանգող …
Հիմա հեռուն թաւուտքներուն՝
Ծանծաղելով կ՛անցնի առուն …
Կարծես մէջքին լօռ է կապեր՝
Կանաչ օրեր յիշատակող …
Գրող՝ Ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան