Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Առցանց լսարան. «Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները` ո՛չ թշնամի, ո՛չ դաշնակից». Եղիա Թաշճեան

June 18, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Առցանց լսարան. «Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները` ո՛չ թշնամի, ո՛չ դաշնակից». Եղիա Թաշճեան

«Ազդակ»-ի առցանց 50-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Լսարանը, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան, իբրեւ թեմա ունէր «Մոսկուա-Անգարա համագործակցութիւններ եւ մրցակցութիւններ` տարբեր տարածաշրջաններու մէջ»: Դասախօսն էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» քաղաքագիտական կեդրոնի աշխատակից Եղիա Թաշճեան:

Երկու երկիրներու համագործակցութիւն-մրցակցութիւն յարաբերութիւններուն, համակարգուած գործողութիւններուն, շահերու բախման կէտերուն ներկայացման համար դասախօսը նկատի ունեցած էր աշխարհագրական երեք միջավայր` Լիպիա, Սուրիա եւ Հարաւային Կովկաս:

Եղիա Թաշճեան նախ ներկայացուց Լիպիոյ պարագան եւ յատկապէս արեւելեան Միջերկրականի մէջ կազմուած ռազմավարական առանցքներուն, միջպետական զօրակցական գիծերուն եւ այդ բոլորին մէջ ռուս-թուրք համագործակցութեան ելեւէջները: Ան յատուկ կեդրոնացաւ նաեւ ընդծովեայ ուժանիւթի տարհանման խնդիրներուն մէջ թուրք-յոյն լարուած յարաբերութիւններուն եւ այդ առումով` Ռուսիոյ դիրքորոշումներուն:

Պատերազմական գործողութիւններու, առաջադրուած նոր ճանապարհներու բացման եւ տիրապետման մօտեցումներու կարեւոր զուգահեռներ գծեց դասախօսը` սուրիական եւ արցախեան պատերազմներուն միջեւ: Իսկ այս բոլորին մէջ շեշտեց, որ համակարգումները ոչ թէ պետական հաստատութենական հիմքեր ունին, այլ աւելի արմատացած են Փութինի եւ Էրտողանի կերպարներուն վրայ, որոնք` կայսերապաշտական նկրտումներէ մեկնած, անցեալի վերականգնման գաղափարախօսութեամբ կ՛առաջնորդուին: Իսկ այս առումով փանթուրանականութենէն կամ սլաւոնականութենէն աւելի` ան կեդրոնացաւ երկու պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան նպատակային հիմնադրոյթներոն վրայ` այդ գաղափարախօսութիւնները համարելով աւելի պատճառաբանական:

Այնուհետեւ ծաւալեցաւ քննարկում` արծարծելով ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութեան վերականգնումի հնարաւորութիւններու, 3+3 ձեւաչափի ձեւաւորման գործընթացներու եւ իրաւական հարթութեան վրայ հայրենիք-սփիւռք համահայկական օրակարգեր մշակելու եւ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ նոր դերեր վերցնելու անհրաժեշտութեան վերաբերող նիւթեր:

Բանաձեւելով նիւթը` դասախօսը վերաշեշտեց, որ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները կարելի է բնութագրել իբրեւ ո՛չ թշնամի ո՛չ դաշնակից:

Previous Post

Արցախի պետական նախարարին հետ հարցազրոյցէն ետք Ատրպէյճանի մէջ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի կայքը անհասանելի դարձաւ

Next Post

Լրագրութեան վարժողական ծրագիր. «Ապագայ լրագրող»-ները այցելեցին Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.