Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Առցանց մանկապատանեկան գրականութիւն. յաւելուածներ եւ կայքեր

November 28, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Առցանց մանկապատանեկան գրականութիւն. յաւելուածներ եւ կայքեր

ՎԵՐԺԻՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք, թէ որքա՛ն կարեւոր է մանկապատանեկան գրականութիւնը հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար: Դժբախտաբար, սակայն, անբաւարար են այդ մարզին մէջ աշխատանքի նախաձեռնողները, եւ հազուագիւտ` մասնագէտները: Պատճա՞ռը, կ՛անգիտանանք, բայց կը հաւատանք, որ եթէ ընթերցասէր սերունդ մը կ՛ուզենք պատրաստել, պէտք է փոքր տարիքէն մանուկները վարժեցնել կարդալու` անոնց տրամադրելի դարձնելով բազմաբնոյթ գրականութիւն, դաստիարակչական խաղեր` տպագրուած կամ առցանց միջոցներով:

Այս յօդուածով պիտի փորձենք անդրադառնալ վերջին 10 տարիներուն պատրաստուած մանկական եւ մանկապատանեկան զանազան առցանց յաւելուածներու եւ կայքերու: Համացանցի մեր դարուն, երբ տպագիր թերթեր կը դադրին` իրենց տեղը զիջելով առցանց տարբերակներու, մանուկներու եւ պատանիներու ուղղուած նախաձեռնութիւններուն մեծ մասը բնականաբար ստեղծուեցաւ առցանց գործածութեան համար` բջջային հեռախօսներու յաւելուածներու եւ կայքերու միջոցով:

Այսու կը փափաքինք նշել արեւմտահայերէնով պատրաստուած հետեւեալ յաւելուածներն ու կայքերը.

Յաւելուածներ (applications)

World of colors – Գոյներու Աշխարհ
PTIT – ՓԹԻԹ
World of shapes – Ձեւերու Աշխարհ
Gus On the Go
World of letters – Գիրերու Աշխարհ
World of numbers – Թիւերու Աշխարհ

Կայքեր (websites)

www.pokrig.org

www.armlands.com

www.teaov.org  ԺՊԻՏ պարբերաթերթի PDF

www.lalanouaran.com/hy

www.soundcloud.com/a-sarkissian

www.aghvorpaner.com

www.e-ptit.com

Վերոյիշեալներուն կողքին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի (ԳԿՀՀԲ) հովանաւորութեամբ youtube-ի վրայ ստեղծուած է Երդիք տեսերիզներու շարքը, թէ՛ մանուկներու (Ակուլ Տուկուլ) եւ թէ՛ պատանիներու (Ալնիս Բալնիս) համար: Նաեւ ԳԿՀՀԲ-ի հովանաւորութեամբ ստեղծուած է Գիւտ մը Նիւթ մը գիտական տեսերիզներու շարքը: Youtube-ի վրայ կարելի է գտնել նաեւ մանուկներու համար բազմաթիւ տեսերիզներ եւ հեքիաթներ, որոնց մասին ամբողջական տեղեկութիւն եւ այլազան աղբիւրներ կարելի է քաղել ԳԿՀՀԲ-ի Զնտուկ (www.zndoog.com) եւ ՀԲԸՄ-ի Ատլաս (www.agbuatlas.org.wa) տեղեկատու կայքերէն:

Տեղին է նշել, որ ԳԿՀՀԲ-ի պատասխանատուները արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ գոյատեւումի ի խնդիր իրենց այլազան ծրագիրներուն մէջ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն ժամանակակից մանկապատանեկան գրականութեան ծանօթ գիրքերու թարգմանութեան ու արեւմտահայերէնով հրատարակութեան: Այս ծիրին մէջ Զարդիս մատենաշարով Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ի գործակցութեամբ ցարդ հրատարակուած է 6 գիրք:

Էական է, որ գործող բոլոր մանկապատանեկան կայքերն ու յաւելուածները արժանանան բացառիկ ուշադրութեան, ունենան կանոնաւոր նիւթական յատկացումներ, որպէսզի աւելի արագ յաճախականութեամբ թարմացնեն իրենք-զիրենք` թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ մատուցման գործիքներու առումով: Գաղտնիք չէ, որ մանուկներ եւ պատանիներ շուտ կը ձանձրանան. անոնք անընդհատ նորութեան եւ փոփոխութեան հետամուտ են` ի տարբերութիւն տարեցներու: Ուստի իրենց հրամցուող ամէն ինչ պէտք չէ «հիննայ», այլ կանոնաւորաբար հարստանայ ու բարելաւուի:

Արեւմտահայ մանկապատանեկան մարզին մէջ ցարդ կատարուածը գնահատելի է, մանաւանդ եթէ բաղդատենք երկու տասնամեակ առաջուան վիճակին, սակայն բաւարար չէ: Հարկ է, որ այդ կարեւոր մարզը նոր նախաձեռնութիւններով հարստանայ, որպէսզի հայ նոր սերունդը իր տրամադրութեան տակ ունենայ հարուստ հաւաքածոյ մը` գիրքերու, պարբերաթերթերու, յաւելուածներու եւ կայքերու` այլազան բովանդակութեամբ եւ մատուցման զանազան միջոցներով, որպէսզի մանուկ թէ պատանի հայ ընթերցողը, իր նախասիրութեան համեմատ, ընտրանքի առիթ ունենայ կարդալու, խաղալու կամ պրպտելով սորվելու: Որքա՜ն ցանկալի է, որ հայ ազգի հարուստ անհատներ ու կազմակերպութիւններ քարակերտումէ աւելի հետաքրքրուին մարդակերտումով եւ յաւելեալ պիւտճէ տրամադրեն ֆինանսաւորելու ծրագիրներ, որոնք կ՛օգնեն, որ հայ նոր սերունդը հայօրէն ծաղկի եւ սփիւռքի ձուլարանին մէջ պահէ իր մայրենի լեզուն ու մշակոյթը:

Previous Post

Մոնտիալ 2022. Անակնկալներու Մոնտիալը

Next Post

Ադրբեջանի նախագահը հնարավոր էսկալացիայի պատասխանատվությունն այս գլխից վերցնում է իր վրա. Արարատ Միրզոյանի հարցազրույցը՝ «Արմենպրես»-ին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.