ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ներկայացուց «Կոթողական» թատրերգութիւնը: Ելոյթը թատերախաղի առաջին բեմադրութիւնն էր: 4 փետրուար 2013-ին Թորոնթոյի Համազգային «Դէմ դիմակ» թատրոնը կատարած է թատրերգութեան ընթերցում եւ հակիրճ քննարկում: Գործը բնութագրած է որպէս «ծանակ» (satire):
Դիպաշարը` ըստ բնագրին.- Արեւմտեան աշխարհի մէկ կորած անկիւնը միջին տարիքի ազգային գործիչ Առաքել (Վարդան Մկրտիչեան) եւ սկսնակ գրող Պետրոս (Հրայր Գալեմքերեան) կը պահեն «կայան» մը: Ոչ ոք կը նկատէ կայանին գոյութիւնը: Առաք եւ Պետ հալածախտէ կը տառապին: Կը պատսպարուին խախուտ պատնէշի մը ետին: Անդադար կը վիճաբանին հայապահպանման շուրջ: Օր մը յանկարծ կ’երեւակայեն, թէ «Ազգային տուն»-էն հրահանգ ստացած են կառուցելու համար ապրիլ 24-ի յուշակոթող մը: Կը յայտնուի հրեայ ուսանողուհի մը` Կալի (Հերմինէ Նիւրբէթլեան), որ աւարտաճառ կը պատրաստէ մեռնող մշակոյթներու մասին: Պետ կ’որոշէ լքել կայանը եւ Կալիի հետ մեկնիլ մայրաքաղաք: Առաք կրակի կու տայ Պետի ձեռագիրները, Կալիի վրայ սեռային յարձակում կը փորձէ եւ ինքզինք կը կուրցնէ կոթողին վրայ իր անունը քանդակելու համար տուած մուրճի հարուածով: 2-րդ սերունդը կործանած կը հեռանայ բեմէն: Հայկական կայանը կ’անհետանայ: Նոր սերունդը (Պետ) մտամոլոր կը դիտէ «կոթող»-ը:
Որմազդը յարիր էր թատրերգութեան: Արահետը կ’աւարտի աւազի վրայ կանգնեցուած տուֆագոյն կոթողի մը տակ: Կոթողը վերջակէտ մը կը ներկայացնէ: Անդին (ապագայ)` կայ ունայնութիւն: Անոր ձեւը կը յիշեցնէ ե՛ւ յաղթանակի կամար, ե՛ւ սնամէջ շապլոն նուռ եւ սեղմող աքցան: Բոլոր նմանութիւնները սեւ հումոր կ’ենթադրեն: Աւազի վրայ երկարած արնագոյն շուքերը (վերջալո՞յս) ցուց կու տան, որ Կալի հեռացուցած է Պետը Առաքէն: Նոյնպէս` սեւաբանութիւն: Ռոստոմ Գույումճեան լաւ ըմբռնած է թատրերգութեան ոգին:
Հեղինակը.- Լորեն Շիրինեան (1945, Քանատա) զինուորական վարժարանի մը մէջ անգլերէն լեզուի վարիչ եղած է: «Monumental» (2010) իր երրորդ թատրերգութիւնն է: Լորն Շիրինեանի (այսուհետեւ` ԼՇ) հայկական թեմայով նախորդ գործն է «Exile in the Cradle» (2003):
«Աքսոր օրօրոցին մէջ» եւս երգաթատերական (melodramatic) երկխօսութիւն մըն է (ինչպէս` «Կոթողական»-ը), որ տեղի կ’ունենայ Հայտարփաշա կայարանէն (շապլոն) դէպի աքսոր տանող գնացքին մէջ: Ո՛չ, երկրորդ օր, 25 ապրիլ 1915-ին: Փիեռ (իմա` Պետրոս, կրկին Պետ) երիտասարդ (եւ ուրեմն) ըմբոստ բանաստեղծ մըն է, իսկ Յակոբ (Եագոպ, մտապահել այս անունը) միջին տարիքի ազդեցիկ վաճառական մը, որ (ուրեմն եւ) կապեր ունի երիտթուրքերուն հետ: Երկու «ընտրեալ»-ները պարտաճանաչօրէն կ’արտասանեն բոլորին ծանօթ շապլոններ ու փասթիշներ: Այո՛, անշո՛ւշտ որ այդտեղ են Զիա Կէօքալփ եւ Հիթլեր իրենց բարբաջանքերով: Ընթերցողը աներկբայ կը տեսնէ, թէ որքան զազիր է ոսոխը եւ որքան վեհ է հրեան… ներողութիւն, պիտի ըսէի` հա՛յը: Հէք Պետ. եւ Յակոբ պարտադրուած են արտաբերել բոլոր այն օթեկ յանկերգները, որ քանատացի յետարդի դասախօս մը ինքզինքին թոյլ պիտի չտար արտասանել:
«Կոթողական»-ին մէջ եւս ոչ գոյ է «թարմ բանջարեղէն», Առաք եւ Պետ տուփեղէնով կը պատրաստեն «ապուր» (իմա` հոգեկան սնունդ), որ այլեւս ո՛չ իսկ երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչ Առաքի քիմքին հաճոյ է:
ԼՇ-ի հայկական «մթերանոց»-ը իսկապէս աղքատ է: Անոր իմացած «հայոց պատմութիւն»-ը սահմանափակուած է նախակրթարանի դասագիրքերու հեքիաթներու մակարդակով: Այդ շատ յստակ է իր «Հայոց պատմութիւն եւ այլ առասպելներ» գիրքին մէջ (1): ԼՇ-ի մօտեցումը պատմութեան, առհասարակ յետարդիական է: Ո՞վ է, օրինակ, այն Պետրոսը, որ օսմանեան բանակը ետ մղած է Մալաթիայէն մինչեւ Տիգրանակերտ: Թրքաբնակ կեդրոնէն դէպի ոչ թրքաբնակ արեւելք: «Վէրքերով լի» Պետրոս Սերեմճեան գործած է Պուլկարիոյ մէջ, եւ այդտեղ` կախաղան բարձրացած: Ինծի ծանօթ չէ Պետրոս անունով այլ ֆետայի: Տրոհուած բանակի գլխուն կան ոմն «պէյ ու պէկ»: Նեսիմ(ի) (զեփիւռ) պէյ եղած է է ռուսամէտ մը: Քապան (վերարկու) պէկ գոյութիւն չունի: ԼՇ օրհասական պայքարին կը մօտենայ թեթեւամիտ զուարճախօսութեամբ: Անգիտութիւնը կը փորձէ պարտկել անհեթեթով:
Եբրայականք.- «Ցում կալի կալի» սիոնական առաջին քիպուցներու «օրհներգ»-ն էր: Կալի (ալիք) անունը ժողովրդականութիւն գտած է Իսրայէլի պետութեան հաստատումէն ետք միայն:
Թատրերգութիւնը եւ ԼՇ-ի առ հասարակ բոլոր գործերը հրատարակած է «Պլու հիրոն փրես» («Կապոյտ ձկնկուլ») հաստատութիւնը: Պլու հիրոն այն պանդոկն էր, ուր ոստիկանութեան հետապնդումէն փրկուելու համար թաքնուած է լեհ հրեայ «հերոս» լումայափոխ Խայիմ Սոլոմոն:
ԼՇ ամուսնացած է հրէուհի Նաոմիի հետ: Յաճախ ելոյթներ կ’ունենայ Հոլոքոսթի հաստատութիւններէն եւ հրէական ընկերային ձեռնարկներուն մէջ: Թերահաւատներ կրնան թերթատել (Google) «Beth Tzedec Bulletin» եւ «Օթաուա ճիուիշ պուլիթին» հրէական լրաբերները: ԼՇ-ի հրէական անուններ կրող զաւակները նոյնպէս ամուսնացած են հրէուհիներու հետ: Կը բեմադրեն հրէական բներգով ժապաւէններ»:
Պեն (Benjamin) իր կնոջ (Leslie Sharon Gotlieb) հետ բեմադրած է «Josef et Aimée» որ, ո՜հ, կը պատմէ նացիական սպանդներու ընթացքին իրենց նորափթիթ կեանքը կորսնցուցած երկու սիրուն, հէգ հրեայ որբուկներու հոգեկան կապերուն մասին: Ո՜վ հացկատակութիւն:
Էմանուէլ բեմադրած է «Սոնկ աֆ Սոլոմոն» ժապաւէնը այսահար Հասիտի (ուղղափառ) րապպիի մը մասին, որ հրապարակաւ տիսքօ պարէ: Սոլոմոն անշուշտ կը յաղթէ Սատանային եւ կը վերադառնայ Թորայի ակունքներուն: Ո՜վ խեղկատակութիւն:
ԼՇ իր հրատարակած բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն կոչած է «Մանանա»: Եհովա անապատին մէջ «կորսուած» հրէական ցեղախումբերը կերակրեց մանանայով (2):
ԼՇ-ի alter ego (միւս ես) Պետ իր հերոսները կը կոչէ Անաթ, Պալամ եւ Եագոպ (էջ 56): Պալամ դեւերու գնդապետ մըն է, Անաթի թշնամին: Ասէ-նաթ (սուրբ` առ Անաթ) անունն է Եհովայի պատերազմիկ արիւնարբու կոյս (!) կնոջ, երբ Եհովա դեռեւս ցեղախումբի մը աստուածն էր: Այս անունը նոյնպէս տարածուած է Իսրայէլի պետութեան հաստատումէն ետք (3): Եագոպ հրեաներու նախահայրն է: Հրէական կտակարանը կ՛ըսէ, թէ անոր 12 որդիները հիմնեցին Իսրայէլի 12 ցեղախումբերը: Հրեշտակի հետ մենամարտելէ ետք Եհովա զայն կոչեց «Իսրայէլ» (Աստծու հետ գօտեմարտող, Գիրք ծննդոց 32: 28-29) Եհովա իր 3-րդ եւ վերջին ուխտը կնքած է Եագոպ-Իսրայէլի հետ:
Եագոպ-Իսրայէլ նահապետի յիշատակումը նաեւ անուղղակի ակնարկութիւն է հրեայ թատերագիր Grotowski-ի «Շոա»-ն (ողջակիզում) խորհրդանշող «Աքրոփոլիս» թատերախաղին, ուր Եագոպ եղերերգակ նահապետին անունն է (4):
«Աքսոր օրօրոցի մէջ» գործին մէջ նոյնպէս կը լսուի Եագոպ անունը: Զուգադիպութի՞ւն: Քանատայի մէջ Լորեն Հայիմ Կրին, Լորեն Լիփուիզ եւ Լորեն Օփլըր հրեայ մտաւորականներ են: Զուգադիպութի՞ւն: Զո՞րն ասեմ…
Կալիի բոլոր յիշատակութիւնները իրենց վաւերական հիմքը ունին հրէական առասպելներու մէջ, ունին հետեւաբար խորհրդանշական, քաղաքական իմաստ: Մինչ Առաքի հայկական յիշատակութիւնները յերիւրածոյ եւ զաւեշտահունչ են: Կալի ունի զինք պատսպարող ընտանիք (կուռ ազգ), մինչ հայ տիպարները կը նմանեցուին «մրջիւններու մնացորդ»-ի (էջ 43): (Պէտք էր թարգմանել «մրջիւնի բոյնի մը (colony) մնացորդ»): Ո՞ւր է հայկական կողմին համար այսքան աննպաստ հակադրութիւններու բարոյականը:
Աւարտական տեսարաններուն մէջ Կալի կը հասնի եզրակացութեան (էջ 71), թէ գաղութարար հայեր պատմութենէն վերացուցած են Փռիւգիացիները: Ապա սելճուքներ վերացուցած են հայերը: Այս թեթեւաբարոյ նախադասութիւնը կարելի է որպէս վարժութիւն նշանակել նախակրթարանի աշակերտներուն, որպէսզի ցոյց տան անոր սխալները: Ա.- Փռիւգիա կը գտնուի Կիլիկիոյ հիւսիս-արեւմուտք: Այդ շրջանը հայերով չէ բնակուած: Բ.- Փռիւգիա գոյ էր, երբ Ալեքսանտր Մակեդոնացի կտրեց գորդեան հանգոյցը (տես քարտէսը): Փռիւգիա կործանեցաւ Հռոմի կողմէ (133 ՆՔ): Գ.- Սելճուքներ ոչ թէ ուրոյն ազգ են, այլ` բազմազգի «հարստութիւն» (dynasty): Եթէ այս երեքը «անմեղ» սխալներ են, ապա ինչպէ՞ս որակել այն դրոյթը, թէ` թուրքերը հայերու ըրած են միայն ա՛յն, ինչ հայեր ըրած են ուրիշներու: Թէ` թուրքեր միայն այնքա՛ն յանցաւոր են, որքան յանցաւոր են հայերը: Ինչպէ՞ս ընդունիլ, որ այս դրոյթը բեմ բարձրանայ հարիւրամեակի առիթով:
Բեմայարդարում.- Բեմադրութեան ներդրումը պատկերաւոր կերպով բացայայտուած էր բեմին վրայ: ԼՇ նշած է, որ վայրը կորած անկիւն մըն է, թէ` բեմին վրայ կը գտնուի չորցած ծառ մը, երեք ոտք բարձրութեամբ հողի գոյն (Օcre) պատ մը եւ հայկական կամարով խախուտ տնակ մը: Այսինքն` մօտաւորապէս կողքի նկարին նման: Բայց … կողքի նկարը առնուած է անհեթեթ թատրոնի ամէնէն ծանօթ գործի` «Սպասելով Կոտոյին» բեմադրութենէ մը: Պարտադիր է, որ բեմին վրայ գտնուի մեռած ծառ մը (որմէ հերոսներէն մէկը կը փորձէ իր գօտիով ինքզինք կախել): Կողքի նկարին արհեստականօրէն աւելցուած են միայն խախուտ պատին ետեւ կկզած Առաք եւ Պետ:
ԼՇ-ի նախատեսած բեմին վրայ հայկական ոչինչ կայ` բացի կիսաւեր տան մէկ կամարէն, որ դատապարտուած է տառացիօրէն ցնդելու վերջին տեսարանին մէջ: Կը տեսնենք, որ հայկականութեան ակնարկը անուղղակի, հեռաւոր եւ մանաւանդ «անցողիկ» է (մեռնող մշակոյթ):
Բեմադրիչը վերացուցած է «հայկական» աւերակը եւ զայն փոխարինած` խաւաքարտէ շապլոն կոյտով մը: Առաջին կարգի վրայ են օփերայի (Ա) եւ պատկերասրահի (Բ) շէնքերը: Անոնց ետին կայ խաչքարերու անտառ մը եւ խաչ մը, որ չես գիտեր ինչո՛ւ զետեղուած է երկնաքերի մը կատարին: Խաչի շուքը կ’իյնար բեմի ճակատին: Ի սէր Ապողոնի, քրիստոնէական ի՞նչ կար թատերախաղին մէջ: Բացի այդ, քարերու սլաձիգ ուրուագիծները ցաւօք աւելի կը յիշեցնէին ազերիական գերեզմանաքարերը, քան` հայկական խաչքարը, որ շատ աւելի լայնանիստ է:
Հայկական անկիւնի ճակտին կը տեսնենք մութ զանգուած մը: Արդեօք այդ մեր սեւ «ճակատ»ագի՞րն էր: Բեմէն վար կը հոսէին լերկ լեռներ (շապլոն): Արդեօք այս բոլորը Հայկական պարի կատարի՞ն կը կատարուէին: Աւելցուած էր նաեւ դրան շրջանակ մը (անհեթեթ), որ կ’առաջնորդէ դէպի լուսաճաճանչ գետնափոր անցք մը: Արդեօք այդ կը ներկայացնէր Արշակունեաց գետնափոր շիրիմնե՞րը: Մի՞թէ (անհեթեթ) + (հայկական շապլոն) = (հայկական):
Աւելցուած էր նաեւ նամակատուփ մը: Բայց նամակատուփ կը նշանակէ վաւերական հասցէ: Մինչդեռ կեդրոնը պատրանք մըն է, որ դատապարտուած է անհետանալու: Բնագիրին մէջ «նամակ»-ը կը յայտնուի անբացատրելի ձեւով: Այսինքն նոյնպէս մտացածին է: Նամակատուփը պէտք էր, որ անհետանար: Մինչդեռ վերջին տեսարանին մէջ Պետ նամակատուփին յանձնեց իր ձեռագիրներու մոխիրը: Ո՞ւր է աքթի տրամաբանութիւնը: Ի զուր չէ, որ կայքին վրայ ցարդ կարելի չեղաւ տեսնել բեմի յստակ պատկերը:
Յիշեցի՛: Բեմին ձախ պատը վերածուած էր պսպղուն արդիապաշտ թապլոյի մը, ու կային փոքր լուսարձակներ, ծանրոցներ եւ այլ մեքենական տարրեր: Պատկերը ցոյց կու տար բեմադրիչի «լուսաւորչական» հմտութիւնը: Բարի՛: Բայց չհասկցայ, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէր այդ սիրուն պատը: Ինչպէ՞ս կ’առնչուէր բնագիրի եւ կամ բեմադրութեան միտք բանիին հետ …
Օրակարգեր.- Հոգեկան խոցի (trauma) եւ յիշողութեան կապը օրակարգի վրայ են աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր: Ուսումնասիրողներ կը մօտենան հոգեբանական անկիւնէն: Այստեղ զիս կը հետաքրքրէ քաղաքական երեսը: Ըրնեսթ Ռենան դեռեւս 1882-ին իր «Ազգութիւն մը ի՞նչ է» ուսումնասիրութեան մէջ յառաջ կը քաշէ այն թեզը, թէ ազգի մը յիշողութիւնը «զտուած» եւ «խմբագրուած» է իշխող խաւերուն կողմէ: Բնագիրի առաջին էջերուն վրայ ԼՇ կու տայ մէջբերումներ, որոնք ուղեցոյց հանդիսացած են «Կոթողական»-ին:
Փիեռ Նորա, օրինակ, կ’ըսէ, թէ արտաքին յենակներու (scaffold) կարեւորութիւնը խոտոր կը համեմատի ներքին փորձի (experience) ուժգնութեան հետ: Թէ` մենք պէտք կ’ունենանք յուշող «վայրերու» (lieux), երբ մեր հոգեկանին մէջ այլեւս ոչ գոյ է այդ յիշողութեան միջավայրը (milieu, քիչ մը յանգախաղ) (5): Նախնական ժողովուրդներ (ինչպէս եւ հրեաներ) յիշատակը կը պահէին հանապազօր ծէսերով:
Ճէյմս Եանկ յօրինած է «հակակոթող» (counter-monumet) եզրը: Բնագիրի շապիկի ներքին երեսին վրայ Եանկ կ’ըսէ. «Երբ յիշողութեան կոթողային ձեւ կու տանք, մենք զմեզ որոշ չափով ձերբազատած (di-vest տառացիօրէն կը նշանակէ ապա-հանդերձել, հանուիլ) կ’ըլլանք յիշելու պարտաւորութենէն (6):
Այս առնչութեամբ թերեւս ամէնէն խնդրայարոյց աշխատանքն է «Սուտ յիշողութեան գիտութիւնը» (7): Հոգեբաններ հիմնովին «կ’ականեն» վերապրողներու վկայութեան վաւերականութիւնը: Կը նշեն, որ իւրաքանչիւր վերյիշում մասամբ «կը վերախմբագրէ» ցաւոտ յուշը: Իսկ աւելի քան դար մը կրկնուող մղձաւանջէ ետք … Արեւմտեան դատարաններ հոգեբաններու կը դիմեն վկայութիւնները արժեւորելու համար: Այս անշուշտ իր անբարենպաստ հետեւանքը ունի վերապրողներու վկայութիւնները որպէս փաստ գործածելու գործարքին մէջ:
Ելոյթին մէջ կար անուղղակի խնդրայարոյց ակնարկ: Առաքի անձնասպան նկարիչ մեծ հայրը (փասթիշ-Արշիլ Կորքի) երբեք չէր ուզած խօսիլ իր տառապանքներուն մասին: Աւելի՛ն. ան կը նշէ, որ բոլոր լուսանկարները այրած են: Այսինքն իր վերապրած նախնին չէ փոխանցած որեւէ վաւերական «փաստ» եւ կամ նոյնիսկ յուշ-վկայութիւն:
Հայաստանեան գրականութեան մէջ այս մտքերուն անդրադարձած են Հրաչեայ Ամիրեան (հոգեբան), Յարութիւն Մարութեան, Սմբատ Յովհաննիսեան եւ սակաւաթիւ այլք (8):
Կը յիշեմ եւ … Ինչպէս կը տեսնենք, «ժառանգուած յիշողութեան» հարցը կեդրոնական է հոգեկան խոցի ուսումնասիրութեան մարզին մէջ: Ելոյթին մէջ բնագիրին աւելցուած էին Առաքի ասմունքած թրքախառն ելոյթները, որոնք կը վերարտադրէին Եղեռնի արհաւիրքը: Ելոյթը այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ տեղի կ’ունենայ անուղղակի «վկայութիւն»: ԼՇ-ի բնագիրին յաւելուած այս սրտաճմլիկ զեղումները հակադիր են գործի տրամաբանութեան: Յիշել, որ իր Առաքի պապը մերժած էր պատմել: Արհաւորը պէտք է որ մնայ «անասելի»: Բնագիրին մէջ Առաք կ’ըսէ, թէ իր մայրը յիշողութեան շատ քիչ պատառիկներ (scraps) ունէր, չէր գիտեր, թէ ինչպէ՛ս յայտնուած էր սուրիական որբանոցին մէջ: Թէ` պատկերները ի՛ր` Առաքի մտքին մէջ են (էջ 60-61): Ժառանգուած յուշի պատառիկները ուրեմն ուռճացուած եւ վերախմբագրուած են: «Կարդացած եմ այդ մասին», կ’ըսէ Առաք (էջ 3): Այսինքն իր անձնական «յիշողութիւնը» ձեւաւորուած է տիրող հաւաքական յիշողութեան (գրականութիւն, լրատուամիջոց, եւն) միջոցով: Այս յարիր է ԼՇ-ի հետեւած հոգեբանական տեսութիւններուն: Եւ` ոչ միայն:
Պատմական գիտութիւններու դոկտ. Ա. Ա. Ստեփանեան դիտել կու տայ. «Յիշումն անպայմանօրէն ունի իր հեղինակը, ով ձեւաւորում է պատմական յիշողութիւնը` համաձայն իր նպատակների»(9):
Արեւմուտքի մէջ ազգային մշակոյթի «յօրինման» հարցը նոյնպէս օրակարգի վրայ է տասնամեակներէ ի վեր: Հայաստանեան գրականութեան մէջ այս ուղղութեամբ կան կողմնակի ակնարկներ: Սփիւռքի մէջ կան հատուկենտ ուսումնասիրութիւններ` կատարուած օտար համալսարաններու հայ ուսանողներու կողմէ (10): Ինքնութեան կորուստի սարսափը թերեւս կ’արգիլէ ազգային մշակոյթը ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնել եւ այդպիսով հարցականի տակ առնել: Քանատացի դաւանափոխ մտաւորականի մը համար, սակայն, մշակոյթներու անհետացման մասին գրել` կը նշանակէ հետեւիլ նորաձեւութեան: Այսինքն` գրել համահունչ տիրող տեսական համակարգին (paradigm): Թատրերգութեան մէջ այս դրոյթի երիտասարդ ջատագովները` Կալի եւ Պետ, կը տրոհեն կուրօրէն հակամարտ տարեց կողմը` Առաք:
(Շար. 1)
- Տես L. Shirinian History of Armenia and Other Fiction, Blue Heron Press, 1999
- Հրէական ցեղախումբեր պատրաստուէին, որպէսզի բաւարար ուժ կուտակեն Քանանը գրաւելու համար:
- John Day, Yahweh and the Gods and Goddesses of Canaan. Sheffield Academic Press, 2002
- M. Romanska, Post Traumatic Theatre, Anthem Press, NY 2014 էջ 118
- Pierre Nora Les lieux de memoire Representations, No. 26, 1989 Univ. Ca.
- Holocaust Monuments And Counter-Monuments, interview with James E. Young 1998 Jerusalem
- C. J. Brainerd and V. F. Reyna, The Science of False Memory 2005
- Տե՛ս «ՎԷՄ»-ի յունուար-մարտ 2013 թիւը
- Ալպերթ Ա. Ստեփանեան, «Տարտամ անցեալականութիւնից դէպի պատմութիւն», Հիմնաքարեր, Վէմ յունուար-մարտ 2014, էջ 17 (էջեր 11- 28)
- Տես, օրինակ Զարուհի Շուշանեան, «Between the Memories and the Present: on the Armenian Genocide», 2013, Մագիստրոսական աւարտաճառ The Hague, Հոլանտա