ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ասիական զարգացման դրամատունը (ԱԶԴ) 800,000 տոլարի դրամաշնորհ կը յատկացնէ Հայաստանին՝ առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ որոշ ծրագիրներու իրականացնելու նպատակով:
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի եւ ԱԶԴ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Ռիէ Հիրայոկայի հետ հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ այդ ծրագիրներուն շուրջ փաստաթուղթերու վերջնական յստակացումները պիտի կատարուին պետական համապատասխան կառոյցներուն հետ:
Դրամաշնորհը՝ իբրեւ արհեստագիտական աջակցութիւն պիտի ուղղուի նշուած երկու ոլորտներուն մէջ համակարգային հարցերու լուծման:
«Այս առումով Ռիէ Հիրայոկան հետաքրքրուել է Առողջապահութեան նախարարութեան առաջնահերթութիւններով՝ ըստ այդմ յստակեցնելու ֆինանսաւորման կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) ուղղութիւնները: Թորոսեանը շեշտել է, որ նախարարութիւնն առաջնահերթօրէն կարեւորում է մարդկային կապիտալի զարգացումը, առողջութեան առաջնային պահպանման օղակի վերազինումը, սքրինինգային (զննումի-Խմբ.) ծրագրերի իրականացումը՝ ուղղուած, մասնաւորապէս, քաղցկեղի կանխարգելմանն ու երեխաների շրջանում հիւանդութիւնների վաղ յայտնաբերմանը», նշուած է առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: