Երաժիշտ, երգահան Վահան Արծրունին հանդիսատեսին հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ Երեւանի «Մելոման» երաժշտական ակումբին մէջ ունկնդրել Արեւելքի ասորական եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութիւն` իր մշակմամբ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ ակումբէն, համերգները տեղի կ’ունենան երկու օր` յունուար 20-ին եւ 21-ին:
Համերգներու մուտքը ազատ է:
Արեւելքի ասորական եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան մշակման վրայ շուրջ երկու տարի աշխատած են Վահան Արծրունին եւ ծնունդով ասորի Լինա Եակուբովան, որոնք դեռ 2012 թ-ին ձայնագրած են ընդհանուր առմամբ 6 ժամ տեւողութեամբ երաժշտական նիւթ, որ ներկայացուած է ձայնասկաւառակի տեսքով: Մօտ 15 հազար օրինակով ձայնասկաւառակները հիմնականին սպառած են Արեւելքի ասորական համայնքին մէջ:
Վահան Արծրունին 2000 թուականին ստեղծած է «Արծրունի» progressive -ռոք խումբը: Հանդէս կու գայ երաժշտական տարբեր ոճերու մէջ` կամերային երաժշտութենէն մինչեւ ռոք, էլեկտրոնայինէն` սիմֆոնիկ եւ երգչախմբային: Երաժշտութիւն կը գրէ կինոյի եւ թատրոնի համար: Յայտնի է երգաշարով, ասորական արեւելքի եկեղեցւոյ պատարագի եւ սրբազան ծէսերու մշակումներով եւ Մաշտոցի` պահպանուած 11 շարականներու մեկնութեամբ: 2003թ. Հայաստանի ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան ժամանակ անոր «Կոմիտաս` տասը յայտնութիւն» երկը արժանացած է «Տարուան լաւագոյն ալպոմ», իսկ 2004թ. ԱՄՆ-ի մէջ` «Լաւագոյն ձեւաւորում» եւ «Լաւագոյն ազգային alternative ալպոմ» մրցանակներուն: