Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան

340 աշակերտներ նուէր ստացան «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը.

November 12, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան

10 Նոյեմբերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ այս առիթով Մեսրոպեանի 7-12 տարիքի 340 աշակերտներուն նուիրեց Ընկերութեան կողմէ վերջերս հրատարակուած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը՝ հայերէն:

Դոկտ. Ճէպէճեան ընդունուեցաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ հոգեւոր տեսուչ Արժանապատիւ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի կողմէ, որոնց հետ կայացած հանդիպումին քննարկուեցան հայ մանուկներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այդ շրջանակին մէջ Աստուածաշունչի տարածման վերաբերող հարցեր:

Յարգարժան հիւրը շրջայց մը կատարեց Մեսրոպեանի տարբեր բաժանմունքներ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, մեծապէս գնահատելով տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին յաջողութիւնը՝ Մեսրոպեանը որպէս բարձրամակարդակ հաստատութիւն մը պահպանելուն ուղղութեամբ:  Ան աշակերտներուն անձամբ ներկայացուց «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը, վեր բերելով անոր շարք մը առանձնայատկութիւնները՝ Աստուծոյ խօսքը առաւել պարզութեամբ եւ յստակութեամբ հասկնալու վերաբերեալ:

Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան վաստակաշատ գրող է ու հրապարակագիր եւ միջազգային ու համահայկական մակարդակի վրայ տասնամեակներէ ի վեր աշխոյժ եւ պատասխանատու գործունէութիւն կը ծաւալէ ի խնդիր Աստուածաշունչի տարածման: Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը ինքը միջազգային մեծ կազմակերպութիւն է, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Previous Post

Dubai ruler says UAE to host COP28 climate conference in 2023, Egypt to host COP27 next year

Next Post

Israel: Settler attacks on Palestinian olive harvest ‘most dangerous in years’

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.