ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Մարդիկ սովորութիւն ունին յատկանշական առիթներու եւ երբեմն ալ առանց կարեւոր առիթի մը նուէրներ փոխանակելու իրարու հետ` իբրեւ նշանակ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի: Հռչակաւոր մարդիկ գրեթէ օրական նուէրներ կը ստանան, մինչ սովորական մարդիկ` միայն որոշ եւ յատկանշական օրերու: Նուէրներ կամ յիշատակներ ստացողները զանոնք կը պահեն «որպէս բիբ ական»: Երբեք ձեզի հետ չէ՞ պատահած, որ մէկու մը տունը հիւրութեան երթաք եւ տան որեւէ զարդի մը հպած ժամանակ տանտիրոջ սա խօսքը լսէք. «Խնդրեմ, ուշադիր եղիր, որովհետեւ թանկագին յիշատակ մըն է»:
Պահ մը մենք զմեզ հարց տանք. մարդը, որ ստեղծուած է, իր նմանին հանդէպ այսքան յարգանք ու սէր կը ցուցաբերէ` անոր նուէր մը տալով, արդեօք Աստուած, որ մարդուն Արարիչն է եւ զայն Իր ստեղծագործութեան դափնեպսակը կը նկատէ, անոր երբեւիցէ նուէր մը չէ՞ տուած` իբրեւ Իր կողմէ անմոռանալի յիշատակ: Նախ եւ առաջ` Աստուած մարդուն մէկ նուէր չէ տուած, այլ` բազմաթիւ ու բազմազան նուէրներ: Աստուած մեզի մեր աշխարհ գալուստի օրէն իսկ նուէր տուած է: Առաջին օրը մենք Իրմէ իբրեւ նուէր ստացած ենք` մարմին, շունչ, հոգի, միտք, ծնող, հարազատներ եւ սիրելիներ: Աստուած մեզի նուիրած է Իր Միածին Որդին, որուն միջոցով մենք կրնանք այս աշխարհին վրայ կոխելով` դէպի երկինք բարձրանալ: Ամենակալը մեզի նուիրած է Իր Ս. Հոգին, որուն միջոցով մենք կը մխիթարուինք, աղօթել կը սորվինք եւ մեր ճամբան կը ճշդենք: Բարձրեալը մեզի նուիրած է Իր շունչը, այսինքն` Աստուածաշունչը, որպէսզի անով կարենանք ճիշդ կենցաղի տէր մարդիկ ըլլալ եւ աստուածահաճ կեանք մը վարել: Աստուած մեզի Իր սուրբ ու անարատ եկեղեցին նուիրած է, որուն մէջ մենք հոգեպէս կ՛աճինք եւ մեղքերու թողութիւն կը ստանանք: Բարձրեալը մեզի նուիրած է պահապան հրեշտակ մը, որ մեզի հետ կ՛ըլլայ մինչեւ մեր կեանքին վերջին շունչը: Սակայն այս բոլորին գագաթնակէտը Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը ունենալն է (Ծն. 1. 26-28), եւ աշխարհի վրայ ոչ մէկ արարած այդ պատիւը ստացած է , բացի մարդ արարածէն:
Ի տարբերութիւն մարդոցմէ` Աստուած ամէն օր մարդուն նուէր կու տայ, նոյնիսկ եթէ մարդը արժանի չէ անոր: Փա՛ռք Տիրոջ` Անոր իւրաքանչիւր պարգեւին համար, որոնցմով մեր կեանքը կը ճոխանայ եւ կը հարստանայ:
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ հայր ես, Աստուած քեզի զաւակ նուիրած է. «Իր (արդար մարդուն) զաւակները օրհնութիւն են իրեն» (Սղ. 37. 26): Եթէ զաւակ ես, Աստուած քեզի հայր ու մայր նուիրած է: Եթէ ամուսին ես, Աստուած քեզի կողակից նուիրած է:
Նիւթական յիշատակներու կողքին, Աստուած նաեւ մեզի հոգեւոր յիշատակներ նուիրած է: Աստուած մեզի նուիրած է` սէր, ազնուութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ուրախութիւն, հեզութիւն, հաւատարմութիւն եւ բազում նուէրներ, որոնք կենսական են եւ մեր մարդկային կեանքը կը ծաղկազարդեն:
Սիրելի՛ հաւատացեալ ընթերցողներ, Աստուած մեզի նուիրած է բազում յիշատակներ, որոնց յարգը պէտք է գիտնանք եւ զանոնք պէտք է պահենք ամենայն երկիւղածութեամբ ու զգուշութեամբ: Եթէ պահ մը մենք զմեզ հարցնենք, թէ ո՞վ ամէնէն շատ յիշատակներ նուիրած է մեզի, այն ատեն պիտի գիտնանք, որ Աստուծոյ չափ մէկը մեզի յիշատակ տուած չէ: Այսօր, վաղը, միւս օր եւ մինչեւ մեր մարմնական կեանքի վախճանը Աստուած մեզի յիշատակներ պիտի նուիրէ եւ մենք պարտաւոր ենք զանոնք երկիւղածութեամբ պահելու, եւ երբ մէկը անոնց հպի` ըսելու. «Խնդրեմ, ուշադիր եղիր, որովհետեւ թանկագին յիշատակ մըն է»:
Սակայն միայն նուէրներ ստանալը եւ առնելը բաւարար չէ: Ինչպէս որ մեր մարդկային կեանքին մէջ նուէրներ կը փոխանակենք, այնպէս ալ պէտք է նուէրներ փոխանակենք Աստուծոյ հետ: Աստուած նիւթական նուէր չէ, որ կը սպասէ, այլ` հոգեւոր: Այսինքն Աստուծոյ մեր տալիք նուէրը մեր սիրտը, հոգին, կեանքը, ժամանակը եւ անձն է: Ասոնց կողքին, մենք կրնանք Աստուծոյ նուէր տալ` մեր նմանին օգնելով, յուսահատը յուսադրելով, անօթին կերակրելով, ծարաւին ջուր տալով, աղքատին դրամական եւ բարոյական օժանդակութիւն տալով, մերկը հագցնելով եւ այլն: Իւրաքանչիւր բարիք, որ կը կատարենք մեր նմանին համար, կը վերածուի աղիւսի մը, որով Աստուած մեր երկինքի տունը կը շինէ:
Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալ ընթերցող, մեր մարդկային կեանքը յիշատակներու փոխանակումն է Աստուծոյ հետ: Ինչպէս ըսինք, նուէրը արտայայտութիւն է սիրոյ ու յարգանքի: Ուստի աշխատէ՛ գէթ օրը մէկ անգամ նուէր մը կամ յիշատակ մը տալու Տիրոջ, որպէսզի Անոր նկատմամբ քու սէրդ գործնականօրէն արտայայտես: Աստուած ամէն օր, ամէն ժամ եւ նոյնիսկ ամէն երկվայրկեան քեզի նոր նուէր մը եւ յիշատակ մը կ՛ընծայէ. այժմու կարդացած գրութիւնդ անգամ նուէր մըն է, որ քեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ բազում յիշատակները, որոնք քեզի յանձնուած են: Ուրեմն «տակը մի՛ մնար» եւ փորձէ առաւելագոյնս Տիրոջ նուէրներ տալ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը քու կեանքդ ըլլայ:
Անթիլիաս, Լիբանան