Յարուիթւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ – 134
Վերապատուելի Համբարձում Աշճեան իր ականատեսի վկայութիւնները գրի առած է ու հրատարակած «Ատանայի Եղեռնը Եւ Գոնիայէ Յուշեր (Պատմութեան Համար)» խորագրեալ, «Կոչնակ» տպարան, Նիւ Եորք, 1950, 308 էջնոց հատորին մէջ, որուն առաջին մասը (էջ 13-152) Ատանայի 1909-ի ջարդերուն մասին է, իսկ երկրորդը (էջ 155-304 ) կ’ընդգրկէ իր աքսորի յուշերը Գոնիայի մէջ: Կը ներկայացնենք Ատանայի Եղեռնի բաժինը:
Հեղինակը գիրքին 13-15րդ էջերուն մէջ Ատանայի նահանգին մասին պատմական ու աշխարհագրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ:
1-14 Ապրիլ 1909-ին Ատանայի նահանգին մէջ պատահած դէպքերը մեծ համեմատութեամբ հայու կեանքեր կը խլեն, որովհետեւ հոն կ’ապրէին մօտաւորապէս 100 հազար հայեր: Արդարեւ, ամէն տարի գարնան Թուրքիոյ տարբեր նահանգներէն հազարաւոր մշակներ եւ դաշտի մէջ աշխատող բանուորներ Ատանա կու գային ծառայելու լաւ աշխատավարձքի փոխարէն (էջ 16): Դէպքերուն սկսած օրուան համար վեր. Համբարձում Աշճեան կ’ըսէ. «Ատանայի համար այդ օրը անմոռանալի օր մը եղաւ: Այդ օրը անցեալի տխուր յիշատակներուն մէջ միշտ պիտի յիշուի եւ մարդկութեան ամօթ ու նախատինք պիտի բերէ առ յաւէտ… այդ օրը ատելութեան եւ թշնամանքի, կործանման ու աւերածութեան օր մըն է» (էջ 15): Այդ օրը քաղաքին հայ բնակիչները ըստ սովորութեան, աշխատանքով այգիներն ու ագարակները, ուրիշներ՝ իրենց խանութներն ու վաճառատուները գացած էին: Թուրք, քիւրտ եւ չէրքէզ ամբոխը զէնքերով եւ մահակներով զինուած, փողոցները կը շրջէին: Այս անակնկալ կացութենէն սարսափած քրիստոնեաները իրենց տուները կը վերադառնան: Ատանայի կուսակալ Ճեւատ պէյ փոխանակ այս սարսափազդու եւ զինուած խուժանը ցրելու, քրիստոնեաներուն հոգեւոր պետերը իր մօտ կանչելով կը պնդէ, որ անոնք հրահանգեն քրիստոնեաներուն իրենց խանութները վերաբանալ: Այդ հոգեւոր առաջնորդներէն մէկն ալ սոյն գիրքին հեղինակը՝ վեր. Համբարձում Աշճեանն է, որ կուսակալին կ’ըսէ. «Պէ՛յ էֆենտի, երբ իսլամ ժողովուրդը իրենց ձեռքին զէնքերով եւ բիրերով կը պտըտին, որեւէ քրիստոնեայ կրնա՞յ համարձակաիլ իր խանութը բանալու» (էջ 16): Կուսակալը անտարբեր կը գտնուի այս փաստարկին դիմաց եւ կը պնդէ որ խանութները բացուին: Քրիստոնեայ առաջնորդները յուսահատ դուրս կու գան սրահէն: Հոգեւոր պետերը նկատելով որ կուսակալը համոզելը անօգուտ է, կը կազմեն մարմին մը, որպէսզի շուկայ երթալով կացութիւնը լուծում մը գտնէ:
Թուրք պատասխանատուները ոչ միայն կը շողոքորթէին ու կը ստէին, այլ՝ իսլամ ժողովուրդին ամենէն յետին կառապանը նոյնիսկ՝ քաղաքի շուկային մէջ հայոց դէմ սադրանքներ կը սարքէր: Անոնցմէ մէկը կ’ըսէ թէ հրապարակին հարաւային կողմը հայեր բռնուած են «մարթին»ով լեցուն կառք մը փոխադրած ատեն: Ան կ’աւելցնէ թէ կառքին մէջ կային ուրիշ տեսակի հրացաններ եւ փամփուշտներ (էջ 17), որ անշուշտ ճիշդ չէր:
Դէպքերու վերոյիշեալ ընթացքով, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 1909-ին ընդահանուր ջարդ, կողոպուտ եւ հրդեհներ կը սկսին Ատանայի մէջ: Խժդժութիւնները երեք օր առանց դադարի կը շարունակուին: Թուրքերը հայոց խանութներուն դռներն ու փեղկերը կը կոտրեն՝ դրամ ու ապրանք կողոպտելու համար: Իսլամ խուժանը բաւական ժամանակ կը զբաղի այս կողոպուտով, տուներու վրայ յարձակումը յետաձգելով: Ատանայի քրիստոնեաները քաղաքին կեդրոնը գտնուող եկեղեցիները եւ դպրոցները, ինչպէս նաեւ օտար հաստատութիւնները կ’ապաստանին: Խումբ մը հայ երիտասարդներ, խուժանին հայոց տուներուն վրայ յարձակման ժամանակ ինքնապաշտպանական մարտերով կը դիմադրեն: Այդ տկար եւ անկազմակերպ պաշտպանութիւնը քաղաքին կեդրոնական մասի քրիստոնեաները կը փրկէ: Քրիստոնեաներէն շատեր քաղաքին շրջականերէն փախչելով կեդրոնը կը պատսպարուին: Այդ մասէն դուրս մնացած հայերը, յոյներն ու ասորիները կը կոտորուին: Սպանդն ու աւերածութիւնը մինչեւ այգեստաններու եւ ամառանոց տուներու շրջանները կը տարածուին: Հասարակ պաշըպօզուք իսլամներ զինուորական տարազ հագած, ուրիշներու հետ գործակցելով, պահեստի զինարաններէն զէնք ու ռազմանիւթ կը ստանային (էջ 18):
Եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մէջ ապաստանած քրիստոնեաները, կոտորածներուն երկրորդ օրը, օտար հաստատութիւնները աւելի ապահով նկատելով, այդ վայրերը կը փոխադրուին մեծ դժուարութեամբ: Վեր. Համբարձում Աշճեան իր ընտանիքը եւ համայնքի անդամներէն շատեր Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն Յիսուսեաններու դպրոցը կը փոխադրէ: Ան միսիոնար Չեմպըրզի տունը երթալով, հոն միասին Ատանայի կուսակալին նամակ մը կը գրեն եւ իրենց դրացի Օսման պէյին հետ կը ղրկեն (էջ 19): Այս գրութեամբ անոնք կուսակալէն կը պահանջէին վերջ տալ ջարդերուն:
Ատանայի կառավարչութիւնը, իսլամ ժողովուրդը եւ Տէտէ Աղաճէն եկած թուրք զինուորները՝ գաղտնապէս գործող ձեռքերու կարգադրութեամբ, 1-13 Ապրիլ 1909-ին երկու անգամ հայոց դէմ կոտորածներ կը սարքեն Ատանայի նահանգին մէջ: Ըստ հեղինակին Ատանայի եւ շրջակայքի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ անմեղ զոհերուն թիւը կը հասնի 22.000-ի (ըստ պատմագիտական ընդունուած տեսակէտի 30.000- Յ. Ի.): Բացի ասկէ, հայերը կը կորսնցնեն հարիւր հազարաւոր օսմանեան ոսկի արժող ստացուածք, իսկ միլիոններ արժող տուներ, խանութներ եւ շէնքեր կը հրդեհուին:
Վեր. Համբարձում Աշճեան կ’ըսէ, թէ այս ոճիրին յանցանքը թրքական կառավարութիւնը հայոց վրայ կը բեռցնէ իր ստեղծած քննիչ յանձնախումբին զեղծարարութեամբ: Կառավարութիւնը ողջ մնացած հայերը աչքէ անցընելով, իր ուզած մարդիկը կը ձերբակալէ եւ խիստ հարցաքննութեան կ’ենթարկէ: Եթէ յանցանք մը գտնէին հարցաքննիչները՝ աղէկ, իսկ եթէ չգտնէին՝ պատրաստ էին սուտ վկաները, որոնք Պատերազմական Ատեանին ի նպաստ հայոց դէմ գետին պատրաստելու համար հաւաքագրուած էին: Ատանայի երկու կոտորածներէն ետք, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կրկին ժողով կը գումարեն եւ պաշտօնագիր մը պատրաստելով Պատերազմական Ատեանին կը յանձնեն:
Այդ տխուր օրերուն եւ անկէ ետք, ամէն առիթով վեր. Համբարձում Աշճեան երեւան կը հանէ ճշմարտութիւնը եւ պաշտօնական պատասխանատուներուն իր դպուկ պատասխաններով հայութեան շահերը կը պաշտպանէ: Ատանայի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն՝ կառավարութեան եւ երեսփոխանական ժողովին ուղղուած հեռագրական եւ բանաւոր դիմումներն ու իրաւացի պահանջքները անօգուտ չեն անցնիր: Կառավարութիւնը այսպիսի միաբանուած եւ միակարծիք դիմումներուն դիմաց չի կրնար լուռ մնալ: Արդէն ջարդերէն ետք Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը գիտակցի որ խնդրիը ծանր է եւ այդպէս շարունակելը՝ մեծ սխալ: Ուստի իշխանութիւնը կոտորածին պատճառաւ վնասուած քրիստոնեայ ժողովուրդին ամիսներով սնուցելու եւ հրկիզուած բնակարանները վերաշինելու մեծ գումարներ կը յատկացնէ, որ կը հասնի հարիւր հազար օսմանեան ոսկիի սահմաններուն եւ ըստ յարմարութեան կը բաշխուի կարիքաւորներոն:
Այս ուղղութեանբ, Ատանայի հոգեւոր պետերուն պահանջներէն քանի մը հատը կ’իրագործուին Երեսփոխանական Ժողովին միջոցաւ (էջ 114-117).
Ա. Ատանայի կործանարար դէպքերուն պատճառաւ այրիացած եւ որբացած հազարաւոր խեղճ ու անտիրական թշուառներու սնուցման եւ հոգածութեան համար նիւթական նպաստ կը տրուի եւ գործատեղիներ կը բացուին: Որբերու համար ալ որբանոց մը կը բացուի:
Բ. Ատանայի ցաւալի դէպքերուն իսկական թուրք գրգռիչները՝ 40-50 հոգի, թրքական կառավարութիւնը չի համաձայնիր պատժել, սակայն ջարդերուն մասնակցող իսլամներէն 40-50 ոճրագործներ կախաղան կը բարձրացուին:
Գ. Վնասներ կրած վաճառականներուն եւ երկրագործներուն հարիւր հազար օսմանեան ոսկի կը տրամադրուի եւ ըստ յարմարութեան կը բաշխուի:
Դ. Եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վերաշինութեան յատկացուած երեսուն հազար օսմանեան ոսկիին միայն մէկ մասը կու տայ կառավարութիւնը:
Եւ այսպէս, օսմանեան կառավարութիւնը Ատանայի Աղէտին համար յիսուն իսլամներ մահուամբ կը պատժէ եւ հայոց 230 հազար օսմանեան ոսկիի վնասուց հատուցում կ’ընէ: Մեծ եպարքոս (վարչապետ) Հիւսէյն Հիլմի փաշա պաշտօնապէս կը յայտարարէ թէ հայերը Ատանայի դէպքին մէջ անմեղ են: Այս մէկը պատմական կարեւոր արձանագրութիւն մըն է:
Հեղինակը՝ վեր. Համբարձում Աշճեան գիրքին 145-154-րդ էջերուն մէջ Ատանայի ջարդերուն պատճառները կը ներկայացնէ, որոնցմէ են. Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահռչակման առիթով հայոց չափազանց խանդավառութիւնը թուրք կառավարութեան հաճելի չըլլալը, հայոց կողմէ սակաւաթիւ քանակով զէնք եւ փամփուշտ գնելու պարագան թուրքերու ուշադրութիւնը գրաւելը, հայկական ակումբներու պաշտօնապէս բացումը թուրքերուն անհաճոյ թուիլը, հայոց տնտեսական յառաջդիմութիւնը թուրքերու նախանձը շարժելը, թուրքերու մեծ զանգուածի մը կոյր կրօնամոլութիւնը, նախքան ջարդերու սկսիլը թուրքերու կողմէ սուտ տարաձայնութիւններու տարածումը, թուրքերու բնազդային վայրենութիւնը, եւայլն:
Այս հատորին վերը ներկայացուած առաջին բաժինը Ատանայի 1909-ի ջարդերու ականատեսի վկայութիւններու առընթեր կ’ընդգրկէ հեղինակին՝ վեր. Համբարձում Աշճեանի խորունկ վերլուծական միտքն ու խիզախ անհատականութեան կեցուածքներու իբր արդիւնք՝ անոր մատնանշումներու առարկայականութիւնն ու ճշգրտութիւնը այդ կոտորածներուն վերաբերեալ: