ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ատելութեան դրդումով Պոլսոյ Սամաթիա թաղին մէջ անցեալ ամիս յարձակումի մը զոհը դարձած հայաստանցի զոյգին այցելած՝ Տիգրանակերտը ներկայացնող երեսփոխան Կարօ Փայլան եւս յարձակումին մասին յստակացումներ պահանջեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարէն, քննադատելով կատարուածին գետին պատրաստող ատելութեան մթնոլորտը: Յիշեցնենք, որ նման դիմում մը ներկայացուց նաեւ Փայլանի կուսակից պատգամաւորներէն Հիւտա Քայա։
Փայլան նաեւ շեշտեց, թէ ատելութեան յանցանքները պէտք չէ անպատիժ մնան՝ աւելցնելով. «Այցելեցի Թումանեան ընտանիքին, որ որոշած է հեռանալ Թուրքիայէն։ Չկրցայ ըսել, որ մի՛ երթաք։ Պատասխանատուները չեն ամչնար, բայց ես իմ երկրին կողմէ ամչցայ»։
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղէն իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքին եւս այցելեց յարձակման ենթարկուած ամուսիններուն եւ ստանձնեց անոնց պաշտպանութիւնը: Քեսքին յարձակումը նմանցուց անցեալին նման յարձակումի մը զոհը դարձած Մարիցա Քիւչիւքի հարցին՝ ըսելով, որ բծախնդրութեամբ պիտի հետեւի դէպքի զարգացումներուն: