ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ շաբաթավերջին ռազմափորձերը սկսած են եւ պիտի աւարտին 20 Մայիսին, կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմէնիա»ն:
«Ռազմափորձերուն կը մասնակցին մինչեւ 15 հազար զինուորներ», կը նշուի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Պիտի օգտագործուին տարբեր ոճի սպառազինութիւն, պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր:
Յիշեցնենք, որ միայն 12 Մայիսին յայտնի դարձաւ, որ Ատրպէյճան ռազմափորձեր պիտի կատարէ:
4 Մայիսին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը անօդաչու թռչող սարքերու փորձեր կատարած էին: